
Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան անդամ Արմէն Ռուստամեան «Փանորամա»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ վեհաժողովին կողմէ ընդունուած «Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններու գործունէութեան» վերաբերեալ զեկուցումին (տեսնել` էջ 10) նախնական բնագիրն ու վերջնական արդիւնքը շատ տարբեր էին իրարմէ: «Զեկուցումը բաւական խստացուեցաւ, քանի որ, այն բոլոր բաները, որոնք այսօր օրական դրութեամբ տեղի կ՛ունենան Թուրքիոյ մէջ, ուղղակի ոտնձգութիւն են եւրոպական արժեհամակարգին նկատմամբ», դիտել տուած է Ռուստամեան:
Անոր համաձայն, թուրք-ազրպէյճանական լոպիին առկայութիւնն իսկ չօգնեց կասեցնելու այն բոլոր ձեւակերպումները, գնահատականները, որոնք ձեռնտու չեն Թուրքիոյ ներկայ վարչակարգին:
«Յստակ է, որ Թուրքիոյ մէջ հաստատուած է Էրտողանի վարչակարգը, որ ամբողջութեամբ հակաժողովրդավարական է, ամբողջատիրական է: Այժմ, երբ Էրտողան անցաւ երեսփոխաններուն հետ հաշուեյարդար կատարելու, ատիկա դարձաւ վերջին կաթիլը, եւ հոս է, որ զգալի մասին համբերութիւնը հատաւ: Բովանդակային առումով զեկուցումը շատ խիստ է, սակայն չունի տրամաբանական աւարտ. առնուազն պէտք էր վերաբանալ Թուրքիոյ նկատմամբ դիտարկումը: Այն խնդիրները, որոնք կը նշուին զեկուցումին մէջ, նոյնիսկ դիտարկման տակ գտնուող երկիրներուն մէջ չկան: Այստեղ թրքական լոպին յաջողեցաւ, որպէսզի վերջին քաղաքական գնահատականը չտրուի: Ընդունուեցաւ փոխհամաձայնական որոշում` դիտարկման վերականգնման անդրադառնալու 2017-ին: Թուրքիան հասկցաւ, որ յաջորդ տարի կրկին քննարկման առարկայ պիտի ըլլայ: Այնուամենայնիւ, ասիկա դեղին քարտ էր Թուրքիոյ», յայտարարած է Ռուստամեան:
Զեկուցումը նաեւ Թուրքիայէն կը պահանջէր չեղեալ նկատել քրէական օրէնսգիրքի 301 յօդուածը (թուրք ազգի արժանապատուութիւնը նուաստացնել), որով Թուրքիոյ մէջ կ՛արգիլուի Ցեղասպանութեան մասին խօսիլը, ինչպէս նաեւ 299-րդ յօդուածը` նախագահին վիրաւորելուն վերաբերող:
Պատասխանելով «Փանորամա»-ի այն հարցումին, թէ որքանո՞վ հաւանական է, որ Թուրքիան կատարէ զեկուցումին պահանջները` Արմէն Ռուստամեան հաւանական չէ նկատած նման զարգացում եւ ըսած է, որ իրենք այս յօդուածներուն մասին կը խօսէին արդէն տասնեակ տարիներէ ի վեր, սակայն այժմ արդէն հասած է գագաթնակէտը, որ երեսփոխաններն իսկ կրնան դատապարտուիլ այս յօդուածներով:
«Թուրքիոյ համար ասիկա իրաւական գործիք է` պայքարելու այլախոհներուն դէմ, իրենց կարծիքով, իրենց պետութեան անսասանութեան համար: Ասիկա ռազմավարական նշանակութիւն ունի: Կրնայ ըլլալ, որ որոշ փոփոխութիւններ կատարուին, բայց այս յօդուածները պիտի շարունակեն իրենց սեւ գործը», ըսած է Արմէն Ռուստամեան` աւելցնելով, որ յաջորդ տարի արդէն այս բոլորը հաշուի առնելով, արդէն իսկ հասունացած պիտի ըլլայ պահը, երբ Թուրքիան յետդիտարկման հոլովոյթէն վերադարձուի դիտարկման` չբացառելով նոյնիսկ լուրջ պատժամիջոցներու հաւանականութիւնը:


