ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Երբեմն լաւ կ՛ըլլայ, որ ձեր զաւակները պտոյտի տանիք, կամ իրենց յարմար ներկայացումի մը: Անոնք շատ պիտի ուրախանան եւ պիտի ուզեն միշտ ձեզի հետ ըլլալ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեզմէ շատ գործ պիտի պահանջուի, դուք ալ պիտի ընդառաջէք առաջարկներուն: Օրը լեցուն է աշխատանքով` տան մէջ թէ գրասենեակին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեզի պիտի օգնեն առանց փոխադարձ բան մը պահանջելու: Ասկէ լաւ դաս մը պիտի առնէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Դրական փոփոխութիւններ պիտի հասնին ձեզի ինքնաբերաբար. միայն պէտք է որ հետեւիք ստեղծուած կացութեան:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի ունենաք օգնութեան հասնողի տրամադրութիւն մը եւ պիտի կարենաք օգտուիլ ձեր մասնագիտութեան պատկանող հանդիպումէ մը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Դուրս պիտի ելլէք հանգիստի ձեր ժամերէն, եւ ասիկա ձեզի պիտի տայ հաճելի կարողութիւն մը: Առանց ընկրկելու` կատարեցէք ձեր պարտականութիւնը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ընկերակից մը գտէք մարզանքի համար, իւրաքանչիւրը պիտի քաջալերէ միւսը` աւելի յառաջդիմելու իր ջանքերով:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Անոնք, որոնք անգործ են, պիտի գտնեն իրենց փնտռածը քիչ ժամանակի փորձառութենէ ետք: Ձեր վաստակը պիտի գնահատուի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Բնութեան տեսարանը ներշնչումի աղբիւր պիտի ըլլայ ձեզի համար: Բարեկամներ, նկարչութիւն` հաճելի պիտի ըլլայ ձեզի անոնց հետ կամ անոնցմով աշխատիլը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նուագելը կամ երաժշտութիւն մտիկ ընելը պիտի ազդէ ձեր վրայ: Օրը պիտի անցընէք հաճելի տրամադրութեամբ, առանց ձանձրոյթի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ոմանք կ՛ուզեն ձեզ հրապուրել. հաճելի է: Ուրեմն ինչո՞ւ չմասնակցիլ այս խաղին: Հետեւեցէք օրուան ընծայած բարիքներուն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Հանդարտեցուցիչ խմիչքները, ինչպէս` թէյ, օշարակ, լաւ պիտի ազդեն ձեր վրայ բարոյականի եւ աշխատանքի տեսակէտէն:
