Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

June 23, 2016
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Մայրերու Օրուան
Տօնակատարութիւն

Mothers-Day_52316

Կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի «Էրեբունի» մասնաճիւղին, 23 մայիսին Հայ կաթողիկէ Ամինեան սրահէն ներս տեղի  ունեցաւ Մայրերու օրուան տօնակատարութիւն:

Օրուան հանդիսավար Լուսին Արիսեան ողջունեց ներկաները եւ շնորհաւորեց հայ մայրերուն տօնը: Վարչութեան անունով Պերճուհի Տնտըլեան իր ելոյթին մէջ վեր առաւ հայ մօր դերը հայ ժողովուրդի ազգային, ընկերային եւ քաղաքական կեանքին մէջ` վերանորոգելով խաչուհիի ուխտը աներեր հաւատքով շարունակելու իրենց բարեսիրական սրբազան առաքելութիւնը, օգնութեան ձեռք երկարելով կարօտեալին ու կարիքաւորին:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Աննա Տէր Յակոբեան: Օրուան բանախօս  Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Հռիփ Կանանեան ներկայացուց Միջազգային կարմիր խաչի, Հայ կարմիր խաչի եւ Սուրիահայ օգնութեան խաչի պատմութիւնը: Աւարտին վարչութիւնը պարգեւատրեց զայն յուշանուէրով մը, նաեւ տեղի ունեցաւ աւելի քան 50 տարիներ ծառայած 11 խաչուհիներու պարգեւատրումը: Տրուած ըլլալով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը 2016-ը հռչակած է ծառայութեան տարի, առ այդ, երկար տարիներու ծառայութիւն ունեցող չորս ընկերուհիներ` Ալիս Մելքոնեան, Լիզա Ներսէսեան, Մարօ Պաղպուտարեան եւ Անահիտ Էօլմէսէկեան պարգեւատրուեցան «Կանթեղ» շքանշանով:

Տօնակատարութեան եզրափակիչ պատգամը տուաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, որ բարձր գնահատեց հայ մայրերն ու խաչուհիները` անոնց մաղթելով ուժ եւ կորով, շարունակելու իրենց սրբազան առաքելութիւնը հայ ժողովուրդին հանդէպ:

 

Փարիզ

«Շարլ Ազնաւուր» Գրական Մրցանակը
Շնորհուեցաւ Վալերի Թորանեանի

img_0007_-4-88877

23 մայիսին Մարսէյի Պուշ տիւ Ռոնի Նահանգային խորհուրդի սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ «Շարլ Ազնաւուր» գրական մրցանակի յանձնումը: Գիրքի ֆրանսեւհայկական փառատօնի ծիրէն ներս որոշուած էր այս մրցանակը շնորհել հատորի մը, որ նուիրուած ըլլար հայկական նիւթի մը:

Այս տարուան` 2016-ի մրցանակին արժանացաւ Վալերի Թորանեանի «Օտարական» խորագրեալ գործը: Մրցանակը Թորանեանին յանձնեց Նահանգային խորհուրդի նախագահ Մարթին Վասալ` Շարլ Ազնաւուրի շնորհաւորութիւններուն ընկերակցութեամբ:

«Մարզանքը Եւ Հայ Մարմնամարզութիւնը
Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ»
Թեմայով Ցուցահանդէսի Բացումը

France_Vernissage_52616

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Ֆրանսայի մասնաճիւղին եւ աջակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին, 26 մայիսին Փարիզի Լատինական թաղամասի «Ֆրետերիք Մուազան» արուեստի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մարզանքը եւ հայկական մարմնամարզութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ» խորագրեալ ցուցահանդէսին բացումը, որ տեւեց մինչեւ 12 յունիս, եւ կը ծրագրուի զայն ներկայացնել այլ քաղաքներու կամ երկիրներու մէջ եւս:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին լուսանկարներ, բաժակներ, մետալներ, մարզական ձեռնարկներու որմազդներ, թերթեր եւ հայկական մարզական կեանքին առնչուող այլ փաստաթուղթեր` Օսմանեան կայսրութեան շրջանէն:

ՀՄԸՄ-ի Ֆրանսայի մասնաճիւղին սոյն նախաձեռնութիւնը կը միտի Ֆրանսայի հանրութեան ներկայացնել մարմնամարզի այն հարուստ մշակոյթը, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայութիւնը ստեղծած էր 19-րդ դարուն վերջէն սկսեալ մինչեւ 1915:

Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրէն ներս կատարած իր աշխատասիրութեան մէջ համախմբած է այս բոլորը, որոնք ներկայացուած էին յիշեալ ցուցահանդէսին մէջ: Այս առթիւ ՀՄԸՄ-ը Հայկ Դեմոյեանի աշխատասիրած ուսումնասիրութիւնը թարգմանած էր ֆրանսերէնի եւ հրատարակած էր զայն եւ տրամադրելի էր հանրութեան:

 

Միացեալ Նահանգներ

Արցախի Ազգային Ժողովի Անդամ
Լեռնիկ Յովհաննիսեան Այցելեց
Քեփիթըլ Հիլ

lernig_60716

7 յունիսին Ամերիկահայ մշակութային ընկերակցութեան «Արցախ Ֆոնտ»-ի եւ «Հայրենիք»-ի հրաւէրով Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջան այցելող Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ Լեռնիկ Յովհաննիսեան, ընկերակցութեամբ Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Գարագաշեանի եւ Արեւելեան շրջանի Հայ դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ Արմէն Սահակեանի, այցելեց Քեփիթըլ Հիլ, ուր տեսակցութիւն ունեցաւ Տէյվիտ Սիսիլինի (դեմոկրատական, Ռոտ Այլընտ), Աննա Իշուի (դեմոկրատական, Քալիֆորնիա) եւ Ռապըրթ Տոլտի (հանրապետական, Իլինոյ) հետ եւ արծարծեց Արցախի հիմնահարցին գծով վերջին ամիսներու իրադարձութիւնները` շեշտելով, որ ճիգ պէտք չէ խնայել Ազրպէյճանի բանակին զինուորական օժանդակութիւնը դադրեցնելու համար:

Յովհաննիսեան շեշտեց, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանի շփման գիծին վրայ զինադադարի պահպանման մասին քոնկրեսականներ Էտ Ռոյսի եւ Էլիըթ Էնկըլի հետեւողական հսկումի առաջարկները պէտք է որ կիրարկուին: Նշենք, որ անցեալ տարեվերջին Էտ Ռոյս կոչ ըրած էր, որ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ Ազրպէյճանի սաստկացող յարձակումներուն գծով լսումներ կազմակերպուին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի հետ: Ռոյսի եւ Էնկըլի կողմէ Ուորլիքին եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հասցէագրուած առաջարկներուն զօրակցած են աւելի քան 90 քոնկրեսականներ:

Առաջարկներն են` արձակազէններու հեռացումը շփման գիծէն, յարձակումներու պատասխանատուն բացայայտելու նպաստող սարքերու տեղադրում եւ ԵԱՀԿ-ի յաւելեալ դէտերու հաստատում: Հայաստան եւ Արցախ արդէն իսկ համաձայնութիւն յայտնած են այս պայմաններուն, սակայն Ազրպէյճան տակաւին կ՛ընդդիմանայ անոնց:

Յովհաննիսեան նաեւ տեսակցութիւններ ունեցաւ ծերակուտական Մարք Քըրքի (հանրապետական,  Իլինոյ), Ֆրանք Փալոնի (դեմոկրատական, Նիւ Ճըրզի), Ճեքի Սփայըրի (դեմոկրատական,  Քալիֆորնիա), Քրիս Սմիթի (հանրապետական,  Նիւ Ճըրզի), Ատամ Շիֆի (դեմոկրատական,  Քալիֆորնիա) եւ Պրետ Շըրմընի (դեմոկրատական, Քալիֆորնիա) հետ գործող պատասխանատուներու հետ:

Հիմնարկէք «Արարատ Տան»
Նոր Կառոյցին

ararad_60516

Նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, 5 յունիսին «Արարատ տան» Միշըն Հիլզի համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ տարեցներու խնամատար սոյն հաստատութեան յաւելեալ կառոյցին հիմնարկէքի արարողութիւնը:

Արարողութենէն առաջ հաստատութեան մատրան մէջ կազմակերպուեցաւ  հաւաք մը, որուն ընթացքին ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին հաստատութեան պատասխանատուներէն Տէրիք Ղուկասեան, Ռապըրթ Թէյլըր, Ռիթա Նորաւեան եւ հոգաբարձութեան ատենապետ Մայքըլ Սիւրմէեան:

Հիմնարկէքի արարողութենէն ետք հոգեւոր հայրերը յաջողութիւն մաղթեցին հաստատութեան վարիչներուն` գնահատելով երէց սերունդին նկատմամբ անոնց հոգածու վերաբերմունքը:

Յայտնենք, որ բարեսիրական  սոյն հաստատութեան այժմու համալիրը նեղ է պատսպարեալներու եւ նոր դիմողներու համար. առ այդ, հոգաբարձութիւնը կալուածի հողաշերտին վրայ, այժմու շէնքերուն կողքին,  պիտի կառուցէ տարեցներու իբրեւ բնակավայր ծառայող շէնք մը:

 

Պուլկարիա

Հայկական Եկեղեցիներու Նորընտիր
Ծխականները Փլովտիւի Ս. Գէորգ
Եկեղեցւոյ Մէջ Իրենց Ուխտը Կատարեցին

S-Kevork_62316

Վերջերս Պուլկարիոյ հայկական եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան Ծխական խորհուրդներու հաշուետու ժողովներ եւ նոր ընտրութիւններ:

5 յունիսին Փլովտիւի Ս. Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ մէջ Պուլկարիոյ հայոց թեմի եկեղեցիներու նորընտիր ծխականները սուրբ խորանի առջեւ ծնրադիր եւ հանդիսաւորապէս ուխտեցին ստանձնելու իրենց պարտաւորութիւնները եւ գործելու Հայ առաքելական Ս. եկեղեցւոյ համար: Պատարագի աւարտին առաջնորդ հայր սուրբը ծխականներուն նուիրեց խաչեր` մաղթելով պատուաբեր ծառայութիւն եւ միասնութեան ոգի:

Իսահակ Վրդ. Պօղոսեանին Նուիրուած
Մեծարման Երեկոյ

Fr-Boghossian_62316

Նախաձեռնութեամբ Սոֆիայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին եւ համայնքի հովիւ Գուսան քհնյ. Հատաւեանի, վերջերս Ռուսական մշակոյթի տան մէջ տեղի ունեցաւ բանաստեղծական երեկոյ` նուիրուած թեմի առաջնորդ Իսահակ վրդ. Պօղոսեանի:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ փրոֆ. Կարօ Մարտիրոսեան, որմէ ետք Գուսան քհնյ. Հատաւեան եւ Նարինէ Ոսկանեան կարդացին բանաստեղծ հայր սուրբի ստեղծագործութիւններէն փունջ մը: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Եզրափակիչ բաժնով ելոյթ ունեցան համակարգող խորհուրդի ատենապետ Վարդանուշ Զատիկեան եւ Իսահակ վրդ. Պօղոսեան:

Երեխաներու Օրհնութեան Կարգ

varna_60516

5 յունիսին, երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան առիթով, Վառնայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ  Ս. պատարագ, որմէ ետք եկեղեցւոյ հովիւ Բարթողիմէոս քհնյ. Յակոբեան կատարեց երեխաներու օրհնութեան կարգ: Այնուհետեւ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւն: Ներկայացուեցան հայկական երգեր, պարեր, կազմակերպուեցան խաղեր, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, եւ ներկայ բոլոր երեխաներուն բաժնուեցան նուէրներ:

 

Աւստրալիա

Ծխատէր Հովիւներու Տարեկան Եւ
Կալուածոց Անդամական Ու Թեմական
Պատգամաւորական Ժողովներ

* 13 մայիսին, նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեանի, տեղի ունեցաւ թեմի ծխատէր հովիւներու ժողովը, որուն ընթացքին տրուեցան որոշումներ, եւ քննարկուեցան որոշ տօներու կազմակերպման հարցերը:

joghov_51416

* 14 մայիսին, նախագահութեամբ սրբազան հօր, Ս . Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «Պաթմանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թեմի կալուածոց անդամներու տարեկան ընդհանուր ժողովը, որ վաւերացուց կալուածոց յանձնախումբի նիւթաբարոյական տեղեկագիրները եւ ընտրեց նոր յանձնախումբ: Նոր կալուածոց յանձնախումբի անդամներն են` Արմէն Պաղտասարեան, Զաւէն Յակոբեան, Սարգիս Մուրատեան, Ժագ Յօդագործեան, Կարապետ Ալաճաճեան, Սարգիս Տէր Պետրոսեան, Գէորգ Չափրազեան:

Նոյն օրը, կէսօրէ ետք, դարձեալ նախագահութեամբ սրբազան հօր, Ս . Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի պատգամաւորական ժողովը, որ զբաղեցաւ նոր առաջնորդարանի կառուցման ծրագրով, որուն կառուցման աւարտը կը նախատեսուի հոկտեմբեր 2017-ին, նաեւ վաւերացուց խորհուրդի գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրները եւ նախահաշիւը եւ գնահատեց կրօնական, յարաբերական, բարեկեցութեան եւ ազգային մարզերէ ներս տարուած աշխատանքը` կատարելով իր թելադրութիւնները եւ տալով որոշումներ:

Աւարտին ընտրուեցաւ նոր թեմական կազմ բաղկացած հետեւեալ անդամներէն` Աւետիս քհնյ. Համբարձումեան, Լորա Արթինեան, Սարգիս Տէր Պետրոսեան, Ստեփան Գրգեաշարեան, Գէորգ Չափրազեան, Կարապետ Ալաճաճեան, Վարուժան Վարդան Պետրոսեան:

* 15 մայիսին Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն ընթացքին նորընտիր թեմական եւ ծխական խորհուրդներու անդամները սրբազան հօր ներկայութեամբ նորոգեցին իրենց ծառայութեան ուխտը: Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի որոշումով օրուան դրամահաւաքէն գոյացած 3577 ամերիկեան տոլար գումարը յատկացուեցաւ Արցախի:

Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ «Պաթմանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան:

 

Պոլիս

Շաբաթավերջի Ասուլիսները

Bolis_speech_62316

Վերջերս Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցան երկու կարեւոր բանախօսութիւններ: Առաջինը կը կրէր «Ցեղասպանութեան լոյսին տակ մահ եւ կեանք» խորագիրը: Գերմանական «Վի. Էյչ. Էս.» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ կը շարունակուի «Միասին գործել» ծրագիրը, որուն նպատակն է Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն երիտասարդներու միատեղ աշխատութեամբ երկու ժողովուրդներու անցեալը ուսումնասիրել: Բանախօսութիւնը կազմակերպուած էր այս ծիրէն ներս, որուն առաջին նիստը ունէր ֆորումի ոճ եւ սկսաւ Բագրատ Էսդուգեանի բացման խօսքով: Ապա ներկաները, որոնք մեծամասնութեամբ վերապրողներու շառաւիղներ էին, ներկայացուցին իրենց ընտանիքներու պատմութիւնները:

Երկրորդ նիստը «Ցեղասպանութեան հետ ապրիլ» խորագիրով տեղի ունեցաւ 4 յունիսին Թաքսիմի «Հիլլ» պանդոկի սրահին մէջ: Բանախօսն էր անուանի պատմաբան Թանէր Աքչամ: Նոյն օրը նման բանախօսութիւն մը կայացաւ Գարագիւղի յունաց նախկին նախակրթարանի շէնքին մէջ, ուր տեղի կ՛ունենայ գեղանկարիչ Արետ Կըճըրի պաստառներուն ցուցադրութիւնը` «Օրէ օր» խորագրով:

Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս Նորա Թաթարեան, Եդուարդ Թովմասեան, Սեւան Տէյիրմենճեան եւ Ռոպէր Քոփթաշ զրուցեցին ցուցահանդէսի նիւթ դարձող Մեսրոպ Բ. պատրիարքի անբուժելի հիւանդութեան գեղարուեստական մերձեցումով մեկնաբանութեան շուրջ: Նիւթը յաճախ դուրս եկաւ իր արուեստափիլիսոփայական հունէն եւ ծաւալեցաւ դէպի ընկերային ապրումներ:

 

 

Նախորդը

Բժիշկը Եւ Բժշկական Բարոյագիտութիւնը

Յաջորդը

Արա Ազատի «Ժամանում/Ժամանում» Ցուցահանդէսը Պոսթընի Մէջ

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.