Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄՈՀԱՄԵՏ ՌԱԱՏ. «ՊԷՏՔ Է ՄՕՏԷՆ ՀԵՏԵՒԻԼ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ` ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԵՐ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՆ ՈՒ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ»

September 20, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ Հումինի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը ընթացքին շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը քանդելու նպատակով գործող քաղաքական կողմերը, որոնք ներկայ կառավարութեան մաս չեն կազմեր, ամէն ջանք ի գործ կը դնեն խոչընդոտելու համար կառավարութեան աշխատանքները:

«Միւս կողմէ, սակայն, կառավարութիւնը կը ջանայ ինքզինք ամրապնդել եւ քաղաքական ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնները ամուր պահել, որպէսզի կարելի ըլլայ Դիմադրութիւնը հարուածելու ծրագիրին դէմ պատնէշ մը կանգնեցնել», ըսաւ Ռաատ:

Ան դիտել տուաւ, որ պէտք է զիրենք շրջապատող պայմաններն ու իրադարձութիւնները լաւ սերտեն, որպէսզի կարելի ըլլայ գիտնալ, թէ որո՛նք են իրենց բարեկամներն ու թշնամիները` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը մնայուն կերպով կը հետապնդէ Իսրայէլը եւ անոր նպատակները:

Ռաատ յայտնեց նաեւ, որ Դիմադրութիւնն ու անոր համակիրները շրջափակելու փորձերը միշտ կան` նկատել տալով միաժամանակ, որ այդ փորձերուն վերջին օրինակը Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին հիմնումն է:

Անդրադառնալով մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կատարած յայտարարութիւններուն` Ռաատ նկատել տուաւ, որ Ռայի պատրիարքը սկսած է նոր ձեւով մեկնաբանել Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ համայնքին գոյութիւնը, ինչ որ յօգուտ լիբանանցիներուն է եւ առաջքը կ՛առնէ Լիբանանի մէջ համայնքային սադրանքներու հրահրումին:

 

 

 

 

Նախորդը

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀԱՄԱԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԳՈՐԾԱԴՈՒԼԻՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՄԱՆՍՈՒՐ – ՄՈԱԼԼԵՄ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.