Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

September 20, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ արագ դրութեամբ համացանցի ծառայութիւնը պիտի սկսի գործել յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Շերիֆ Ֆայեատ շեշտեց, որ Լիբանանը պէտք է լաւ ձեւով կառավարել:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Տար» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Ռայի պատրիարքին կեցուածքները նման են Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագիրին դրոյթներուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ կոչ ուղղեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ անոր հոսանքին` յարգելու երկրին բոլոր օրէնքները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ քաղաքական աղբիւրներ  քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք չեն նախատեսեր, որ կարելի ըլլայ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման հարցին լուծում մը գտնել:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթ. «Կը նախատեսուի, որ ընդդիմութեան կողմէ Լիբանանի կառավարութեան դէմ սկսած արշաւը աւելի եւս սաստկանայ»:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան Բ. փոխնախագահ Սըժաան Քազզի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ տակաւին իրենք յստակ որոշում մը չեն տուած ընտրական օրէնքին մասին, սակայն աւելցուց, որ կուսակցութիւնը տակաւին բաց է այդ մասին բանակցութիւններ կատարելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման թղթածրարին մասին քննարկումը պէտք է ունենայ գիտական բնոյթ` աւելցնելով, որ իրենք եւս կը փափաքին ելեկտրական հոսանք ունենալ Լիբանանի մէջ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Էլիաս Սքաֆ քաթարեան «Ուաթան» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման իր իրաւասութիւններուն ետին կը պահուըտի` աւելցնելով, որ ան երկրին մէջ ոչինչ փոխելու կարողութիւն ունի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ շեշտեց, որ իրենք կրնան համամասնական դրութեան հիման վրայ ընտրական օրէնքը գործադրել` աւելցնելով, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իրաւունք ունի մտահոգուելու այդ դրութենէն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը Լիբանանի պաշտպանութեան կազմակերպութիւններէն մէկն է եւ անոր գործակցութիւնն ու գոյութիւնը ապահովուած եւ ամրապնդուած են:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթա շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը հարաւի մէջ իրենց առաքելութիւնը պիտի շարունակեն նոյն ձեւով` առանց այդ աշխատանքը փոփոխութեան ենթարկելու:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ տիրող քաոսային ու ապակայուն իրավիճակը կը վնասէ Լիբանանի առեւտրական եւ զբօսաշրջական մարզերուն:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ բնական չէ ելեկտրականութեան տագնապին եւ ջուրի հարցերուն լուծման, ինչպէս նաեւ ընկերային ապահովագրութեան ծառայութեան բարելաւման ծրագիրները խոչընդոտել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ Լիբանան տակաւին իսրայէլեան ուժերու բռնարարքներուն թիրախ կը նկատուի:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպանին հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը հակասահմանադրական է: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին զինումը անհրաժեշտ է, ինչ ալ ըլլան զինման աղբիւրները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ լիբանանեան ծովուժը չորեքշաբթի, 21 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին Ժունիէ-Մաամըլթէյն ծովեզերեայ շրջանին մէջ ռազմափորձեր պիտի կատարէ:

Նախորդը

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԹՈՒՐՔ-ԿԻՊՐԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ԱՌՆՉԱԿԻՑ ԿՈՂՄԵՐՈՒՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՉԱՓԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵԼՈՒ

Յաջորդը

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀԱՄԱԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԳՈՐԾԱԴՈՒԼԻՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.