
Երէկ Ս. Փեթերսպուրկի Քոնսթանթինովեան պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի, Վլատիմիր Փութինի եւ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի հանդիպումը: Սակայն նախքան այդ, Փութին անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ:
Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով անդրադառնալով Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումին յայտնեց, որ Ռուսիան պիտի փորձէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին մէջ աշխուժօրէն աջակցիլ կողմերուն: «Մենք արդէն ունեցած ենք, կ՛ըսէի, որոշիչ դեր մարտական գործողութիւններու դադրեցման մէջ», նշեց ան:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին յայտնեց. «Սարգսեանի եւ Ալիեւի հետ Փութինի բանակցութիւնները դիւրին պիտի չըլլան»:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Փութինի հետ իր հանդիպումէն առաջ` պատասխանելով լրագրողի հարցումներուն խօսեցաւ հանդիպումէն իր սպասելիքներուն մասին: «Վերջին քանի մը տարիները ցոյց տուած են, որ բանակցային հոլովոյթը քիչ թէ շատ արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ, եթէ կողմերը կատարեն իրենց պարտաւորութիւնները: Այսինքն, իրենց գործողութիւնները համահունչ են 1994 եւ 1995 թուականներուն կնքուած զինադադարի համաձայնագիրի կէտերուն: Վիեննայի մէջ 16 մայիսին համանախագահներու յայտարարութիւնը եւս այդ մասին կը վկայէ: Կ՛ակնկալեմ, որ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ մենք ի վերջոյ կը համաձայնինք եւ Ազրպէյճան պիտի կատարէ իր պարտաւորութիւնները, սահմաններու վրայ խախտումներ չեն ըլլար, եւ մենք պիտի շարունակենք բանակցային հոլովոյթը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման լաւ նպատակով», ըսաւ ան:
Փութին-Սարգսեան Հանդիպում

Օրուան առաջին հանդիպումը նախագահներ Փութինի եւ Սարգսեանի միջեւ էր: Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ ռազմավարական գործընկեր երկու երկիրներու նախագահները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին վերաբերող հարցեր, այդ ծիրին մէջ անդրադարձած են շրջանային զարգացումներուն եւ անվտանգութեան սպառնացող ներկայ մարտահրաւէրներուն: Անոնք մտքեր փոխանակած են Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումին իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրման ընթացքին շուրջ:
Հանդիպումը կայացած է դէմ առ դէմ, ապա ընդլայնուած ձեւաչափով` մասնակցութեամբ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն: Վերջինիս ընթացքին Փութին ըսած է. «Մենք քիչ առաջ երկուքով` Սերժ Սարգսեանի հետ, որոշ հարցերու շուրջ բաւական հանգամանալից զրոյց ունեցանք: Ընդլայնուած կազմով մեր հանդիպումին սկիզբը պիտի ուզէի նշել, որ մենք կ՛արձանագրենք ապրանքաշրջանառութեան աճ` հակառակ մեր եւ միջազգային տնտեսութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր դժուարութիւններուն:
«Քանի մը անգամ, կարելի է ըսել, աճած է հայկական կողմէն գիւղատնտեսական ապրանքներու մատակարարումը ռուսական շուկայ, ինչ որ մեզի ուրախութիւն կը պատճառէ: Յոյսով եմ, որ ընդհանուր առմամբ, այս միտումը լիովին կ՛ամրապնդուի թէ՛ ապրանքաշրջանառութեան զարգացման, թէ՛ մեզի համար զգայուն ապրանքներու տեսակէտէն: Կարելի է նշել, որ համարկման հոլովոյթներու ծիրին մէջ մեր յարաբերութիւնները կը զարգանան շատ աւելի աշխուժ, քան անոնք նախապէս կը զարգանային երկկողմանի հիմերու վրայ, ինչ որ մեզի շատ կ՛ուրախացնէ: Կարելիութիւն եւ անհրաժեշտութիւն կայ խօսելու այն մասին, թէ ինչպէ՛ս պիտի գործենք հետագային: Այժմ Հայաստանը կը նախագահէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան, եւ աշնան պէտք է կայանայ բարձր մակարդակի հանդիպում: Հոկտեմբերին այդ մասին եւս պիտի խօսինք: Մենք շատ ուրախ ենք ձեզ տեսնելով: Շնորհակալութիւն, որ ընդունեցիք հրաւէրը»:
Նախագահ Սարգսեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է Փութինին` Ս. Փեթերսպուրկի մէջ այսպիսի հանդիպում կազմակերպելու նախաձեռնութեան համար, ուր բառացիօրէն երէկ աւարտեցաւ տնտեսական խորհրդաժողովը, որ ըստ նախագահ Սարգսեանի, կարեւոր հարթակ դարձած է համաշխարհային տնտեսութեան խնդիրներու քննարկման համար: Հայաստանի նախագահը վստահութիւն յայտնած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան բոլոր երկիրներուն մէջ ուշադիր հետեւած են այդ կարեւոր նախաձեռնութեան:
«Նախագահ Փութին, որովհետեւ այս հանդիպումը հիմնականին մէջ նուիրուած է Ղարաբաղին, ես կանգ պիտի չառնեմ երկկողմանի հարցերու օրակարգին վրայ: Բոլոր ուղղութիւններով կապերը կ՛ամրապնդուին: Իրականութեան մէջ, այստեղ խնդիրներ չկան: Մեր դիրքորոշումը Ղարաբաղի հարցին մէջ յայտնի է բոլորին: Մենք կ՛ուզենք, որ հարցը լուծուի բացառապէս խաղաղ ճամբով: Ես կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու միւս ղեկավարներուն այն ուշադրութեան, ջանքերուն համար, զորս դուք կը յատկացնէք այս հարցին: Սակայն, ցաւօք, մէկ կողմի ցանկութեամբ նման տագնապները ոչ մէկ ձեւով կը լուծուին: Եւ մենք, վստահաբար, շատ ուրախ պիտի ըլլայինք, եթէ այսօր կարենայինք յառաջ շարժիլ Վիեննայի մէջ ձերք բերուած համաձայնութիւններու գործադրման ուղղութեամբ` այսինքն` զինադադարի դրութեան խախտումներու հետաքննութեան մեքանիզմներ ստեղծենք: Ատիկա աշխատանքային տրամադրութիւն պիտի ստեղծէ բանակցութիւններու կատարման համար», ըսած է նախագահ Սարգսեան:
Փութին-Ալիեւ Հանդիպում
ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Փութին յայտնած է. «Այն խնդիրը, որ այսօր պիտի քննարկենք, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապն է: Սակայն, մեր հանդիպումին առիթը օգտագործելով` կ՛ուզեմ խօսիլ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մասին: Դժբախտաբար, ականատես կը դառնանք անծանօթ պատճառներով առեւտուրի շրջանառութեան անկումի»:
Ռուսիոյ նախագահը նշած է, որ ինք եւ Ալիեւ ատոր պատճառը գիտեն. «Առեւտուրի շրջանառութեան անկումին պատճառը ուժանիւթի գիներու անկումն է եւ ազգային դրամանիշերու միջեւ տարբերութիւնը»:
Ալիեւ առարկած է, որ այդ մէկը ժամանակաւոր է: «Մենք կը փնտռենք ձեւեր վերականգնելու եւ յառաջ մղելու առեւտրական շրջանառութիւնը: Կը կարծեմ, որ ատիկա տեղի պիտի ունենայ: Աւելի՛ն, մենք փոխադարձ աշխատանք ունինք ուժանիւթի եւ փոխադրամիջոցներու մարզերուն մէջ, գործակցութեան հեռանկարներ»:
Ալիեւ նաեւ յայտնած է, որ ինք կը փափաքի Փութինը տեսնել Ազրպէյճանի մէջ:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Փութինի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ ղարաբաղեան տագնապին մէջ սթաթիւս քոն պէտք է յաղթահարել, սակայն այդ նպատակով պէտք է հայկական զօրքերը դուրս բերել այդ տարածքէն:
«Տագնապը ձգձգուած է, ինչպէս յայտարարած են Ռուսիան եւ Մինսքի խմբակի միւս համանախագահները, սթասթիւս քոն անընդունելի է: Մենք այդ յայտարարութեան լիովին համաձայն ենք: Սակայն սթաթիւս քոն փոխելու համար անհրաժեշտ է Ազրպէյճանի տարածքներու ապաբռնագրաւում, որ կ՛երկարի աւելի քան 20 տարի», ըսած է ան` աւելցնելով, որ յոյս ունի, որ կառուցողական ընթացք պիտի հաղորդէ բանակցային հոլովոյթին, որ վերջին 2 տարիներուն գործնականին մէջ չկար»:
Փութինը, Սարգսեանն Ու Ալիեւը Համաձայնած Են
Շփման Գիծին Մէջ Աւելցնել ԵԱՀԿ-ի Դիտորդներուն Թիւը
Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները պայմանաւորուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման լրացուցիչ ուժականութիւն հաղորդել, անոնք նաեւ հաւատարմութիւն յայտնած են ղարաբաղեան¬ազրպէյճանական շփման գիծին մէջ իրավիճակի բնականոնացման գծով եւ համաձայնած են աւելցնել ԵԱՀԿ-ի դիտորդներուն թիւը:
Այս մասին հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը, որուն համաձայն, նման յայտարարութիւն կատարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը` ամփոփելով Վլատիմիր Փութինի, Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի հանդիպումը:
«Երեք երկիրներու նախագահները հրապարակած են եռակողմանի յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛արտայայտուի հաւատարմութիւն քաղաքական լուծման կայուն յառաջընթացի պայմաններու ստեղծման, շփման գիծին մէջ իրավիճակի բնականոնացման եւ ԵԱՀԿ-ի դիտորդներու թիւի բարձրացման առումով: Մենք նախանշած ենք բանակցային հոլովոյթի աշխուժացման յստակ քայլեր», ըսած է Լաւրով: Անոր համաձայն, վերջին օրերուն զինադադարը կը պահպանուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: «Երկիրներուն ղեկավարները հանդիպում ունեցած են առանց ընկերակիցներու կամ օգնականներու», աւելցուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Սարգսեան – Փութին – Ալիեւ
Միացեալ Յայտարարութիւնը
Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներու եռակողմանի հանդիպումէն ետք նախագահներ Սերժ Սարգսեան, Վլատիմիր Փութին եւ Իլհամ Ալիեւ հանդէս եկած են միացեալ յայտարարութեամբ, որուն մէջ ըսուած է.
«Հայաստանի Հանրապետութեան, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահները 20 յունիս 2016-ին հանդիպեցան Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Ռուսիոյ Նախագահին հրաւէրով եւ քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերող հարցեր: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահները վերահաստատեցին 16 մայիսին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած հայ-ազրպէյճանական վեհաժողովի պայմանաւորուածութիւնները` ուղղուած տագնապի գօտիին մէջ իրավիճակի կայունացման եւ խաղաղ հոլովոյթի յառաջընթացին նպաստող մթնոլորտի ստեղծման: Այդ նպատակով անոնք համաձայնեցան մասնաւորապէս բազմացնել տագնապի գօտիին մէջ միջազգային դիտորդներու թիւը: Անոնք գոհունակութիւն յայտնեցին վերջին շրջանին շփման գիծին մէջ զինադադարի դրութեան պահպանման առնչութեամբ: Կատարուեցաւ տագնապի խաղաղ լուծման առանցքային/բովանդակային հարցերու շուրջ միտքերու հանգամանալից փոխանակում: Պետութիւններու ղեկավարները փաստեցին շարք մը հարցերու առնչութեամբ փոխըմբռնման հասնելու հանգամանքը, որոնց լուծումը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ պայմաններ ստեղծելու յառաջընթաց արձանագրելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին մէջ: Նախագահները նշեցին իրենց կանոնաւոր շփումներու կարեւոր նշանակութիւնը եւ պայմանաւորուեցան շարունակել զանոնք նման ձեւաչափով ի յաւելում ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու աշխատանքին, որոնք հրաւիրուած էին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի աւարտին»:


