Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձերբակալուած Է Ժիրայր Սեֆիլեանը

June 21, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sefilian_62016

Հայաստանի Քննչական կոմիտէի բաժանմունքի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն յայտնած են, որ 20 մայիս 2016-ին Երեւան քաղաքի Ծիծեռնակաբերդի խճուղիին սկիզբը տեղի ունեցած երթեւեկի արկածի վայր հասած ոստիկանութեան ծառայողները ինքնաշարժներէն մէկուն մէջ գտած են ԱԿ-74 տեսակի երկու ինքնաձիգ` 120 փամփուշտներով:

Յիշեալ ինքնաշարժին վարորդն ու ուղեւորը ապօրինի կերպով զէնք եւ ռազմամթերք պահելու եւ փոխադրելու կասկածով բերման ենթարկուած են ոստիկանութեան կողմէ: Դէպքին առիթով յարուցուած է քրէական գործ:

Հայաստանի Քննչական կոմիտէի Յատուկ քննչական ծառայութեան  գլխաւոր վարչութեան կողմէ կատարուած հետաքննութիւններէն ի յայտ եկած են վարորդին եւ ուղեւորին ինքնութիւնը,  նաեւ` ինքնաձիգներուն շրջանառութեան հանգամանքները:

Պարզուած է, որ Ժիրայր Սեֆիլեան խումբ մը անձերու հետ ծրագրած էր զինուած խմբաւորումներու միջոցով, զէնքի գործադրումով, գրաւել շէնքեր, շինութիւններ, հաղորդակցութեան եւ կապի միջոցներ, որոնց կարգին` Երեւանի պատկերասփիւռի աշտարակը: Այդ նպատակով եւ մինչ այդ վերջինս կազմակերպած է խումբ մը անձերու կողմէ  ապօրինի կերպով զէնք եւ ռազմամթերք ձեռք բերելը, փոխադրելը եւ տարբեր վայրերու մէջ զանոնք ապօրինի կերպով պահելը: Ընդ որում, խումբի անդամները ծրագրած են որոշ յանցաւոր գործողութիւններ կատարել ապրիլեան պատերազմին յաջորդող ժամանակաշրջանին:

20 մայիսին տեղի ունեցած արկածին ընթացքին ալ յայտնաբերուած են Ժիրայր Սեֆիլեանի յառաջացուցած խումբին կողմէ ապօրինի կերպով շրջանառուող երկու միաւոր զէնքն ու ռազմամթերքը:

Քրէական գործի նախաքննութեամբ ձեռք բերուած ապացոյցներու հիման վրայ, խումբ մը անձերու կողմէ ապօրինի կերպով զէնք եւ ռազմամթերք ձեռք բերելու, փոխադրելու եւ պահելու համար ութ անձի առաջադրուած է մեղադրանք, անոնցմէ վեցը կալանաւորուած են, մէկուն նկատմամբ կը կատարուի հետախուզութիւն:

Առաջադրուած մեղադրանքները հիմնաւորուած են ինչպէս գործով ձեռք բերուած բազմաթիւ ապացոյցնելով, նոյնպէս ալ` խումբի անդամներուն խոստովանական ցուցմունքներով:

20 յունիս 2016-ին Ժիրայր Սեֆիլեան ձերբակալուած է խումբ մը անձերու կողմէ ապօրինի կերպով զէնք եւ ռազմամթերք ձեռք բերելը, փոխադրելը եւ պահելը կազմակերպելու կասկածով: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

 

Նախորդը

Պըրրի Պիտի Նախագահէ Այսօրուան Երկխօսութեան Նիստին

Յաջորդը

Եակլանտ. «Եւրոպական Խորհուրդը Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութեան Կարգաւորման Լիազօրութիւն Չունի Եւ Չ՛ուզեր Միջամտել Հոլովոյթին»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ`  Տեղական Ինքնակառավարման  Ընտրութիւններու Հետ Կապուած
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ` Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններու Հետ Կապուած

September 17, 2026
Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.