Պատուանշան`
Մ. Սիւքիւթեանի
Հալէպի Հայ ծերանոցի խնամակալութիւնը, արդար գնահատանքով մը, «Շնորհ անխոնջ մշակ Մինաս Սիւքիւթեանի, 1966» մակագրութեամբ ոսկի մետալ պատուանշանով պարգեւատրած է Մինաս Սիւքիւթեանը` Հայ ծերանոցին մէջ անոր ունեցած 12-ամեայ բացառիկ գործունէութեան իբրեւ գնահատանք:
Հալէպի Հայ ծերանոցը, օտարներու իսկ վկայութեամբ, Միջին Արեւելքի եւրոպական հաստատութիւններու հաւասար արժէքով, սփիւռքահայութեան պատուաբեր հաստատութիւններէն մէկն է: Հոն ամէն հոգածութեան ու գուրգուրանքի առարկայ 125 ծերունիներ իրենց կեանքին վերջին օրերը կ՛ապրին հանգիստ ու անդորր:
Մինաս Սիւքիւթեան, հայրը` տոքթ. Զաւէն Լուռեանի, լուռ ու մունջ, ամբողջ 12 տարի անձնուիրութեամբ ծառայած է Հայ ծերանոցին մէջ` ազգասիրական ու աստուածահաճոյ բարձր պարտականութիւն մը նկատելով իր ստանձնած գործը:
Մայրիներու Ազգային Կարգի
Մեծ Սպայի Շքանշանը`
Տոքթ. Համբարձում Քեքլիկեանի

Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, որ ամերիկահայ հռչակաւոր վիրաբուժ տոքթ. Համբարձում Քեքլիկեան շաբաթ օր արժանացած է «Մայրիներու ազգային կարգի մեծ սպայ»-ի շքանշանին:
Շքանշանին տուչութիւնը տեղի ունեցած է «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ, տէր եւ տիկին տոքթ. Խորէն Երէցեաններու հրաւէրով տրուած ճաշկերոյթի մը ընթացքին, որուն ներկայ գտնուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա., ընկերային հարցերու նախարար զօրավար Ժեմիլ Լահուտ, պետական հայ երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Սուրէն Խանամիրեան, ինչպէս նաեւ` այլ անձնաւորութիւններ:
Զօրավար Լահուտ, յանուն լիբանանեան կառավարութեան, շքանշանը կախած է տոքթ. Քեքլիկեանի կուրծքէն:
Հետաքրքրական
«Փէյոթլ» Եւ «Եաժէ» Բոյսերու
Զարմանահրաշ Յատկութիւնները
Մեքսիքայի կիսավայրենի ցեղերուն մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարող ֆրանսացի երկու ականաւոր գիտուններ` տոքթ. Զերտա Պայոն եւ Մ. Ռուհիէ գտած են գիտական աշխարհին անծանօթ երկու բոյսեր, որոնք կախարդներու կողմէ կը գործածուին եւ ունին զարմանահրաշ յատկութիւններ:
Այս բոյսերու բնիկներու լեզուով «փէյոթլ» եւ «եաժէ» կը կոչուին, հաշիշի պէս կը գործածուին եւ ծխողին կը պատճառեն երանութիւն մը, զոր կարելի չէ նկարագրել:
Առաջին բոյսը` «փէյոթլ», կ՛ազդէ մարդու տեսողութեան վրայ: Մարդը աչքերը գոցելուն պէս, կը փոխադրուի աշխարհ մը, ուր կարծես մոգական ձեռք մը հրախաղութիւններ կ՛ընէ:
Ամէնուրեք գունաւոր լոյսեր կը պսպղան, կը փայլփլին, կը կայծկլտան: Պայծառ երկնակամարին վրայ կը պարզուին հրաշալի տեսարաններ, ուր մերկ անձեր փայլով մը կ՛անցնին ու կը պարեն:
Դիտողը անոնց մէջ կը տեսնէ նաեւ ինքզինք: Իր երեւակայութեան ուժովը ուզած ձեւն ու շարժումը կու տայ այդ դիւթական էակներուն, որոնք թափանցիկ են եւ ճառագայթէ մը աւելի ցոլացիկ:
Զարմանալին այն է, որ այդ միջոցին մարդը իր իմացականութեան տէրն է, այսինքն` ուզած ատեն կրնայ աչքերը բանալ, գրել, կարդալ եւ խօսիլ: Աչքերը բանալուն պէս, տեսիլքը կը դադրի: Կրկին գոցելուն պէս, դարձեալ կը սկսի լոյսերու եւ գոյներու գեղեցիկ պարը, զոր անյագաբար կը դիտէ մինչեւ բոյսին ազդեցութեան վախճանը:
Երկրորդ բոյսը` «եաժէ»-ն, բոլորովին տարբեր յատկութիւն ունի: Ծխելով, տեսնելու եւ զգալու կարողութիւնը բիւրապատիկ կը բարձրանայ: Մարդ կը ստանայ գերզգայնութիւն մը, որով կը նախզգայ հեռաւորութեան մէջ դարանակալ թշնամի մը, կամ գետնի տակ գանձ մը:
Իրենց կղզիէն երբեք դուրս չելած բնիկները նկարագրած են մեծ քաղաքներու փողոցներն ու շէնքերը, իբր թէ կը դիտեն հայելիի մը մէջէն:
Տոքթ. Պայոն «եաժէն» ծխելով, Ֆրանսայի մէջ տեսած է իր հայրը, որ մեռած է, իսկ քոյրը անոր սնարին մօտ ծնրադրած կու լայ: Տասնհինգ օր ետք, գոյժը եկած եւ հաստատած է իր տեսածը:
Իսկ Մ. Ռուհիէ «եաժէն» ծխելով, վերյիշած է իր մանկութեան յիշատակները, որոնք բոլորովին սրբուած էին իր յիշողութենէն:
«Եաժէն» ունի սակայն անպատեհութիւն մը: Շատ ծխողը կը խենդեցնէ: Մինչդեռ «փէյոթլ» անվնաս բոյս մըն է:
Տոքթ. Զեբտա Պայոն կը գրէ, թէ «եաժէն» շատ ծխողները ինքզինքնին առիւծ կամ վագր կը կարծեն եւ երբեմն կը փախչին դէպի անտառները:
