Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

September 20, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս իսրայէլացիներուն կոչ ուղղեց` ճանչնալու Պաղեստինի պետութիւնը եւ երկու պետութեանց լուծումին հիմամբ խաղաղութեան առիթը չփախցնելու: Ան նախատեսեց, որ 1967-ի սահմաններով եւ Արեւելեան Երուսաղէմը մայրաքաղաք ունեցող իրենց պետութեան ճանաչումին համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին դիմելէ ետք պաղեստինցի ժողովուրդն ու անոր ղեկավարութիւնը «շատ դժուար» կացութիւններէ անցնի:

ՌՈՒՍԻՈՅ նախագահի Ափրիկէի հարցերով պատուիրակ Միխայիլ Մարկիլով Մարոքի Մոհամետ Զ. թագաւորին յանձնեց նամակ մը, որուն բովանդակութիւնը գաղտնի պահուեցաւ: Մարկիլով ըսաւ, որ «Ռուսիա մեծապէս կ՛ապաւինի միջազգային, արաբական եւ ափրիկեան մակարդակներու վրայ Մարոքի դրական դերակատարութեան վրայ»` աւելցնելով, որ «Ռուսիա մօտէն կը հետեւի Թունուզի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ շրջանի այլ երկիրներու զարգացումներուն»:

ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ ոստիկանութիւնը Պըրմինկհամ քաղաքին մէջ «նախապէս ծրագրուած» գործողութեամբ մը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ 25-էն 35 տարեկանի միջեւ 7 հոգի ձերբակալեց: «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ արեւմտեան Միտլընտզի ոստիկանութիւնը կը կարծէ, որ ձերբակալեալները ահաբեկչական արարք մը կը պատրաստեն, ուստի գործողութիւնը կանխարգիլելու համար արագ շարժած է:

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ելեւմուտքի նախարար Վոլֆկանկ Շոյպլը յունական կառավարութեան կոչ ուղղեց Եւրոպական խորհուրդէն, Եւրոպական կեդրոնական դրամատունէն եւ Դրամական միջազգային ֆոնտէն կազմուած «Թրոյքա»ին կողմէ բացասական զեկուցումի պարագային նիւթական օժանդակութիւնները դադրեցնելու եւրոպական սպառնալիքները լուրջի առնելու: Ան ըսաւ, որ յունական պարտքերու տագնապը կախեալ է յոյներէն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ յոյն պաշտօնատարները պէտք է ներկայացնեն թիւեր, որոնք կը հաստատեն, որ «Թրոյքա»ի ծրագիրին առարկայական կերպով կը հետեւին:

 

Նախորդը

ՊԱՔՈՒ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ՃԱՄԲՈՎ ԴԷՊԻ ԵՒՐՈՊԱ ՔԱՐԻՒՂԻ ԱՌԱՔՄԱՆ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ

Յաջորդը

ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՕԹԱՆ ՄՈՒՏՔԸ ԱՐԳԻԼԵԼ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.