Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զուիցերիոյ Խորհրդարանը Քուէարկեց Ի Նպաստ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Դիմումի Ջնջման

June 17, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Swiss-parliament_61616

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Զուիցերիան ետ պիտի վերցնէ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու իր խնդրագիրը, որ տրուած էր 1992-ին:

15 յունիսին այդ որոշումը որդեգրած է նահանգներու խորհուրդը` Զուիցերիոյ խորհրդարանի «փոքր պալատը»` պաշտպանելով «Մեծ պալատ»-ի` Ազգային խորհուրդի մարտին որդեգրած որոշումը:

Դիմումը ետ վերցնելու որոշումը որդեգրուած է 27 թեր եւ 13 դէմ քուէներով: Մարտին Ազգային խորհուրդին մէջ նոյն որոշումը որդեգրուած էր 126 թեր, 46 դէմ եւ 18 ձեռնպահ քուէներով:

Անդամակցութեան դիմումը կատարուած էր մայիս 1992-ին: Սակայն գործնական գետնի վրայ կորսնցուցած էր իր այժմէականութիւնը նոյն տարուան դեկտեմբերին տեղի ունեցած հանրաքուէէն ետք, երբ Զուիցերիոյ քաղաքացիները ձայներու աննշան առաւելութեամբ դէմ արտայայտուեցան իրենց երկրին միացումին` եւրոպական տնտեսական տարածքին, որ կը ներառէ Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր երկիրները եւ Ազատ առեւտուրի եւրոպական ընկերակցութեան չորս երկիրներէն երեքը:

«Անվտանգութիւն-2016» տարեկան ընկերային հետազօտութեան` մայիսի վերջաւորութեան հրապարակած արդիւնքներուն համաձայն, Զուիցերիոյ քաղաքացիները բարձր կը գնահատեն իրենց երկրի անկախ տնտեսական քաղաքականութիւնը եւ չեն ուզեր անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան: 2015-ի համեմատ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու կողմնակիցներուն համեմատութիւնը 21 առ հարիւրէն նուազած է 16 առ հարիւրի: Նոյն ատեն շատ բարձր կը մնայ քաղաքացիներուն կողմէ Զուիցերիոյ չէզոք կարգավիճակի աջակցութեան մակարդակը` կազմելով 95 առ հարիւր:

 

Նախորդը

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Իրան Միացեալ Նահանգներու Դէմ Դատ Բացաւ» Կ՛ըսէ Ռուհանի

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.