ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր մէկ մօտիկ բարեկամին համար կրնաք լաւ օգնական մը ըլլալ: Ձեր տուած խրատներուն պիտի հետեւին:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Անշուշտ դուք աւելի տարբեր էք ուրիշներէն: Մարդիկ խամաճիկներ չեն: Ձեր կարգին ջանացէք ըլլալ ինքնուրոյն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ոեւէ մէկը անպայման որ կը հարստանայ նոր փորձառութեամբ: Կեանքը կը սորվեցնէ ձեր չգիտցածը, հետեւեցէք անոր:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ֆիզիքական քանի մը շարժումներ պիտի գեղեցկացնեն ձեր մարմնին տեսքը, մանաւանդ` ամրան եղանակին:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընտանեկան կեանքին մէջ անդամները իրարու կը հասկնան առանց խօսելու: Այսօր նման տրամադրութիւն մը պիտի ապրիք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Արուեստի գործունէութիւն մը պիտի յայտնաբերէ զգայնութիւն մը, որմէ չէիք կասկածեր: Ինքնաճանաչումը կարեւոր գիտակցութիւն է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր տնտեսական վիճակը աճած է, եւ դուք կրնաք դուք ձեզի արտօնել յաւելեալ ծախսեր կատարել, ինչ որ նախօրօք արգիլուած էր:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի արտայայտէք հիանալի հրապոյր մը, որ անդիմադրելի է: Ձեզի կը մնայ կիրարկել այս պատեհութիւնը` առանց տատամսելու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Զուարճացէք ձեր ընտանիքին համար խոհանոցային աշխատանք կատարելով, որուն կրնան միանալ նաեւ ձեր զաւակները:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեզ պիտի հրաւիրեն աշխատանքէն ետք, եւ ասիկա առիթ պիտի տայ, որ կապեր ստեղծէք նոր ծանօթներու հետ: Հետաքրքրական օր մը պիտի անցընէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պիտի խօսիք այնպիսի անձերու հետ, որոնք լաւ կը ճանչնան ձեր գործունէութիւնը: Զանոնք մտիկ ըրէք եւ հարցումներ ուղղեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կազմակերպեցէք ճամբորդութիւն մը, որ ժամանակ կը պահանջէ: Ասիկա ձեզ պիտի մղէ յառաջդիմելու:
