Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարը Լրջօրէն Կը Հետապնդուի

June 16, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

fadlalla_nisd_61516

Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ալեն Պիֆանի, ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ, Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր, եւ առաջին անգամ ըլլալով`  ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս:

Խորհրդարանական յանձնախումբը շարունակեց քննարկել ապօրինի համացանցին թղթածրարը:

Նիստէն ետք Ֆատլալլա յայտնեց, որ ապօրինի համացանցին թղթածրարը փտածութեան թղթածրար մըն է ելեւմտական իմաստով եւ վտանգաւոր է` ապահովական առումով, նկատի ունենալով այդ տեղեկութիւններուն մէջ իսրայէլեան ներթափանցումը:

Ֆատլալլա յայտնեց, որ յանձնախումբը իր աշխատանքը պիտի շարունակէ, մինչեւ որ այդ գայթակղութեան պատասխանատուները դատավարութեան ենթարկուին եւ արդարութիւն հաստատուի:

Ֆատլալլա յայտնեց, որ յանձնախումբը բացայայտած է երկու երեսփոխաններու ինքնութիւնը` նկատի ունենալով անոնց ներկայացուցած տուեալները, մաղթելով, որ դատական իշխանութիւնները իրենց տարեկան արձակուրդին ընթացքին աշխատանքը շարունակեն` այս հարցին հետապնդումը շարունակելու նպատակով:

Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ ապօրինի համացանցին թղթածրարը քաղաքական գայթակղութիւն մըն է եւ հաւանաբար անոր լուծման լաւագոյն ձեւը դատական իրաւասութիւններով խորհրդարանական յանձնախումբի մը կազմութիւնն է:

Իր կարգին, Սամիր Մուքպել շեշտեց, որ այդ թղթածրարը լրջօրէն կը հետապնդուի` աւելցնելով, որ մէկուկէս ամիս ետք կարելի պիտի ըլլայ այդ իմաստով բացուած հետաքննութիւնները աւարտել:

Նախորդը

«Ասորի Եկեղեցւոյ Որոշումով` 15 Յունիսը Նշանակուեցաւ Սէյֆոյի Յիշատակը Նշելու Պաշտօնական Օր» Շեշտեց Հապիպ Աֆրամ

Յաջորդը

Պըրրի. «Համամասնական Դրութեամբ Ընտրական Օրինագիծը Վերածուած Է Քաղաքական Բոլոր Ուժերուն Յարմար Օրէնքին»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.