
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Այ.Սի.Էմ.» ընկերային ծառայութեան «Կարտիըն» օրաթերթի պատուէրով կատարած հարցախոյզին արդիւնքները, որոնք հրապարակուած են 13 յունիսի երեկոյեան, ցոյց կու տան, որ Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն` «Պրեքզիթ»-ի կողմնակիցները իրենց մրցակիցները կը գերազանցեն 6 տոկոսային կէտերով: Հարցախոյզին մասնակիցներուն 53 առ հարիւրը կը զօրակցի Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն, իսկ 47 առ հարիւրը` անդամակցութեան շարունակութեան:
10-էն 13 յունիսի միջեւ տեղի ունեցած հարցախոյզին մասնակիցներուն թիւը 2000 է: «Այ.Սի.Էմ.»-ի նախկին հարցախոյզին արդիւնքները, որոնք հրապարակուած էին երկու շաբաթ առաջ, ցոյց կու տային, որ «Պրեքզիթ»-ի կողմնակիցներուն համեմատութիւնը 52 առ հարիւր էր, իսկ անդամակցութեան կողմնակիցներունը` 48 առ հարիւր:
Կլասքոյի Սթրաթքլայտի համալսարանի դասախօս Ճոն Քիորթիսի կարծիքով` միութենէն դուրս գալու կողմնակիցները տակաւին երբեք այսչափ վստահ դիրք չեն ունեցած, որքան այժմ: «Արդէն յստակ է, որ այս ընտրարշաւը շատ աւելի դժուար է, քան ցանկալի պիտի ըլլար Տէյվիտ Քամերոնին, որ կը գլխաւորէ երկրի` Եւրոպական Միութեան հետագայ անդամակցութեան կողմնակիցներու ճամբարը, եւ ան այժմ պէտք է անհանգստութիւն զգայ այն միտքէն, որ հանրաքուէին արդիւնքը կրնայ հարցականի տակ առնուիլ», յայտարարած է ան:
Յիշեցնենք, որ Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ 23 յունիսին:


