Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապու Ֆաուր. «Լիբանան Դարձեալ Պիտի Վկայէ Սուրիացի Գաղթականներու Հոսք Մը` Սուրիոյ Մէջ Արձանագրուող Բռնարարքներուն Ուժգնութեան Պատճառով»

June 13, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Abou_Faour_Aid_61216

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Թիոտոր Փասասի հետ ուղղուեցաւ Արեւմտեան Պեքաա, ուր շրջեցաւ Խըրպեթ Քանաֆարի հիւանդանոցին մէջ,  շնորհակալութիւն յայտնելով յունական կառավարութեան` այդ հիւանդանոցին սարքերը ապահովելու առիթով:

Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ շնորհիւ Յունաստանի ապահոված օժանդակութիւններուն, հիւանդանոցը կարելի եղած է բարեկարգել եւ բարգաւաճեցնել մէկուկէս ամսուան ընթացքին:

Առողջապահութեան նախարարը աւելցուց, որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուող բռնարարքներուն ուժգնութեան պատճառով Լիբանան դարձեալ պիտի վկայէ սուրիացի գաղթականներու հոսք մը: «Այդ կացութիւնը յաւելեալ ճնշում պիտի բանեցնէ լիբանանցիներուն, լիբանանեան պետութեան, տնտեսութեան եւ առողջապահութեան մարզին վրայ», հաստատեց Ապու Ֆաուր:

Ան նշեց, որ Լիբանան կարիքը ունի յաւելեալ հիւանդանոցներու, որպէսզի կարենայ առողջապահական մարզը աշխուժ պահել` դիմագրաւելու համար բոլոր այդ ճնշումները:

Իր կարգին, Փասաս շեշտեց, որ Յունաստան մնայուն կերպով պիտի զօրակցի Լիբանանին եւ անոր առողջապահական մարզի բարգաւաճման հոլովոյթին:

Ան բարձր գնահատեց Ապու Ֆաուրի ջանքերն ու դերակատարութիւնը` առողջապահական մարզը զարգացնելու առումով, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ ինք Լիբանանը եւ լիբանանցիները կը յարգէ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարք. «Շրջանին Մէջ Արձանագրուող Տագնապները Տեղի Կ՛ունենան Չարի Եւ Բարիի Միջեւ»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.