Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Աշխատանքներէն

June 13, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մայրերու Օր»-ը Սուրէն Խանամիրեան
Ազգային Քոլեճին Մէջ

khanamirian-(1)_50416

Ուսումնական տարուան մէջ աշակերտութեան համար լաւագոյն ու ամէնէն սպասուած ամիսը մայիս ամիսն է, որովհետեւ մէկ կողմէ ծաղկած բնութիւնը իրենց հանգստութիւն կը պարգեւէ, միւս կողմէ բոլորին  սիրելի ձեռնարկը`  «Մայրերու օր»-ը, հրճուանքով կը պատէ իրենց հոգիները: Ապրիլ ամիսէն ի վեր Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի աշակերտութիւնը ուսուցչական կազմին հետ լծուած էին «Մայրերու օր»-ը մեծ շուքով տօնելու աշխատանքներուն: Վերջապէս սպասուած օրը հասաւ. 4 մայիս 2016, առաւօտեան ժամը 10:30-ին վարժարանի սրահը կը խայտառ սիրով ու ջերմութեամբ: Կը նախագահէր Միրէյ Խանամիրեան:

Օրուան հանդիսավարն էր Սեւան Կարապետեան-Ադամեան: Ան բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ, շնորհաւորեց բոլոր մայրերը իրենց տօնին առիթով ու մաղթեց, որ գարնանային ծաղիկներու բոյրով ու երանգներով յագեցած օրեր ունենան, իրենց օճախերէն անպակաս մնան երջանկութիւնը, խաղաղութիւնն ու պայծառութիւնը:

khanamirian-(2)_50416

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին բոլոր կարգերու աշակերտները: Ա., Բ., Դ., եւ Ե. կարգերը յաջորդաբար բեմականացուցին հայկական, եւրոպական պարեր եւ մեծապէս խանվառեցին մթնոլորտը: Գ., Է., եւ Ը., կարգերու աշակերտները հերթաբար հանդէս եկան` մեկնաբանելով հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն երգեր ու բանաստեղծութիւններ: Զ. կարգի աշակերտները ներկայացուցին «Մայրը» թատրոնը: Մթնոլորտը առաւել ջերմացաւ մանկապարտէզի աշկերտներու ելոյթներով: Մանկապարտէզի երեք կարգերու կայտառ փոքրիկները մանկական դողդոջ ձայներով փունջ մը երգեր ներկայացուցին: Ուշագրաւ էր բոլոր աշակերտներուն ճիգը բեմին վրայ ներկայացնելու լաւագոյնը գոհ եւ ուրախ պահելու զիրենք դիտող մայրերը եւ ներկաները: Ձեռնարկի ջերմ մթնոլորտէն ակներեւ կը դառնար, թէ ոչինչ կը գերազանցէ զաւկի մը համար տեսնել բեմէն մօր դէմքին վրայ ուրուագծուած ժպիտն ու քաջալերանքի ծափահարութիւնը, իսկ մօր մը համար` տեսնել հասակ առնող իր զաւակը հայ կրթօճախին մէջ:

Երկու բաժիններով ներկայացուած գեղարուեստական յայտագիրը ընդմիջուեցաւ դպրոցի տիկնանց յանձնախումբին պատրաստած հիւրասիրութեամբ, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն եւ նուէրներու բաշխում:

Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ դպրոցի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան: Ան շնորհաւորեց բոլորը մայրերու օրուան կապակցութեամբ եւ ըսաւ, որ մայրը ընտանիքին սիւնն է, մայրը սիրով լեցուն այն էակն է, որ անմնացորդ իր կեանքը կը նուիրէ իր զաւակներու կրթութեան եւ առողջ դաստիարակութեան: Ն. Վէքիլեան կարեւոր նկատելով հայ մօր դերը` ըսաւ, որ մեր էութիւնը կը պարտինք մեր մայրերուն: Զոհողութեան, ազգի անվերապահ ծառայութեան, ամբողջական նուիրումի եւ անշահախնդիր սիրոյ ամէնէն վառ օրինակն է հայ մայրը, որուն միջոցով նոր սերունդին կը փոխանցուին ազգի մշակութային եւ հոգեկան ժառանգութեան մեծ մասը: Ան իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Դո՛ւք, սիրելի՛ մայրեր, ձեր զաւակներուն մէջ պիտի սերմանէք այն ուժը, որով պիտի զօրանան ու հայ ազգին ու հասարակութեան օգտակար դառնալով` պատիւ բերող զաւակներ ըլլան: Մեր սէրն ու երախտիքը կը յայտնենք ձեզի եւ կը մաղթենք, որ ձեր երդիքներէն անպակաս ըլլան սէրը, ժպիտն ու խանդը:

Իր խօսքի աւարտին Ն. Վէքիլեան շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցի տիկնանց յանձնախումբին եւ ծաղիկներով պատուեց անդամները, որոնք ժրաջան ու մեծ հոգածութեամբ կ’աշխատին դպրոցի բոլոր առիթներուն, կազմակերպուած բոլոր գործունէութիւններուն:

Վերջապէս, միջնակարգի աշակերտները լեցուցին սրահը եւ իրենց ափերով շալկած ծաղկեթաղարները բաժնեցին բոլոր ներկաներուն:

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի
Է. Եւ Ը. Կարգերու Այցելութիւնը Ազգային
Առաջնորդարան, «Վանայ Ձայն» Եւ «Ազդակ»

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի  ութներորդ եւ եօթերորդ կարգերու աշակերտները 20 մայիս 2016-ին, ընկերակցութեամբ հայերէնի դասատու Վարդինէ Էդոյեանի եւ Սիլվի Աբէլեանի, այցելեցին Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարան, «Վանայ Ձայն» ռատիոկայան եւ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրատուն` աւելի մօտէն ծանօթանալու նպատակով  յիշեալ հաստատութիւններու աշխատանքներուն:

khanamirian-(4)_52016

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ տէր Շահէ եպս. Փանոսեան ջերմ ու հարազատ դիմաւորեց Խանամիրեան դպրոցի աշակերտները եւ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ անոնց: Սրբազան հայրը աշակերտներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ յորդորեց աշակերտները, որ մնան հաւատարիմ ազգային արժէքներուն, ըլլան տիպար հայորդիներ ու տէր կանգնին հայ լեզուին ու պատմութեան: Սրբազան հայրը խօսքի աւարտին պատգամեց աշակերտութեան` քրիստոնեայի վայել սիրով օգնել իրարու սիրել ու յարգել: Իսկ աշակերտութեան անունով խօսք առին եօթներորդ կարգէն Աբգար Աբգարեան եւ Քրիստինա Քէօշկէրեան: Անոնք իրենց խորին շնորհակալութիւնը յայտնեցին սրբազան հօր` զիրենք հիւրընկալելու համար եւ խոստացան տէր ու պաշտպան մնալ հայ դպրոցին, հայ մշակոյթին: Հանդիպումի աւարտին Րաֆֆի Տեմիրճեանի առաջնորդութեամբ աշակերտները ծանօթացան Ազգային Առաջնորդանի բոլոր բաժիններուն եւ սպառիչ տեղեկութիւններով իրազեկ դարձան իւրաքանչիւրի աշխատանաքի ծիրին ու  գործունէութեան:

khanamirian-(3)_52016

Ազգային առաջնորդարանէն ետք աշակերտները ուղղուեցան «Վանայ Ձայն», ուր մեծ սիրով դիմաւորուեցան «Վանայ Ձայն»-ի խօսնակ Հուրի Էմմիեան-Փափազեանի կողմէ: Ան աշակերտներուն ուղեկցելով` ծանօթացուց հաղորդումներու պատրաստութեան կերպին, յայտագիրներու հեռարձակման, ձայնի հաղորդավարին եւ անոր աշխատանքին, ինչպէս նաեւ` լրագրութեան բաժինի պատասխանատուին:

Աշակերտները իրենց այցելութիւնը եզրափակեցին «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրատան մէջ:  Լիբանանեան լուրերու խմբագիր Արշօ Պալեան աշակերտներուն ներկայացուց  խմբագրատան մէջ կատարուող աշխատանքները, ծանօթացուց «Ազդակ»-ի հրատարակութիւններուն: Աշակերտները դիտեցին ու ծանօթացան խմբագրակազմի աշխատանքներուն: Անոնք այցելեցին նաեւ «Ազդակ»-ի տպարանը` ծանօթանալու համար տպարանի աշխատանքներուն:

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի աշակերտները խանդավառ վերադարձան իրենց կրթօճախը` հայ ազգային կառոյցներու շունչով եւ առաքելութեամբ յագեցած:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (13 Յունիս 1966)

Յաջորդը

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճ. Հայրենի Հողին Կարօտով…

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.