Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (13 Յունիս 1966)

June 13, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. Փ. Ճեմարանի Նախակրթարանի
Նկարչական Ցուցահանդէսը

Համազգայինի Ն. Փ. ճեմարանի մանկապարտէզի այնքա՜ն տպաւորիչ ցուցահանդէսը հազիւ վերջացած` «Վասպուրական» սրահի նոյն յարկին տակ բացուեցաւ նախակրթարանի նկարչական ցուցահանդէսը:

Երբ ներս մտնեմ սրահէն, հոն կը գտնեմ գոյներու եւ գիծերու աւելի ժուժկալ եւ կարգաւոր ցուցադրութիւն մը: Վերջ գտած է մանկապարտէզի կախարդական աշխարհը` իր սանձարձակ թռիչքով: Կը զգաս, որ նախակրթարանը աւելի մօտ է կեանքին եւ իրականութեան: Հաճոյքով կը սկսիմ դիտել հարիւրեակ մը գունագեղ նկարներ, բոլորն ալ` շրջանակուած եւ դասարաններու կարգով դասաւորուած: Անոնցմէ ամէն մէկը իր առանձին հրապոյրը եւ գեղեցկութիւնը ունի, որ պահ մը իր վրայ կը գամէ աչքերդ եւ քեզի կը խօսի մանուկ հոգիի մը խռովքէն ու կարօտէն: Բոլորն ալ ջրաներկ են, գործ 7-11 տարեկան աշակերտներու, մինչեւ չորրորդ դասարան:

Կը մօտենամ Ճեմարանի նկարչութեան ուսուցիչ եւ յայտնի նկարիչ Ժ. Կիւին, որ սիրալիր ժպիտով մը կը դիմաւորէ զիս եւ լուսաբանութիւններ կու տայ իր կիրարկած մեթոտի մասին:

– Դասաւանդութեանս ընթացքին,- կ՛ըսէ ան,- իմ հետապնդած հիմնական նպատակս է աշակերտներու երեւակայութիւնը զարգացնել եւ անհատականութեան ինքնուրոյն գիծերը երեւան բերել: Նկարչութեան դաս մը անիմաստ պիտի ըլլար պարզ ընդօրինակութեան վերածել, որովհետեւ ատիկա զուրկ է կեանքէ եւ զգացումէ: Պէտք է այնպէս ընել, որ աշակերտի հոգին մասնակցի իր գծածին: Այսպէս, կեդրոնական նիւթ մը կու տամ միշտ, օրինակ` գրետախտակին վրայ թիթեռնիկ մը կը գծեմ եւ կը յանձնարարեմ զայն ընդօրինակել, բայց այդ թիթեռնիկին շուրջ իրենք պարտաւոր են ստեղծել մնացած նիւթը. փոքրիկ մը` որ թիթեռնիկեր կ՛որսայ, պարտէզ մը, ուր ծառեր եւ ծաղիկներ կան, երբեմն` գեղջկական տնակ մը, ցանկապատ մը, նստարաններ, երբեմն` երկինքին մէջ թռչուն մը կամ օդանաւ մը: Տուած նիւթս ընդարձակուելու շատ կարելիութիւններ կը ներկայացնէ: Եւ այս մասն է, որ երեւակայութիւնը կը զարգացնէ: Միեւնոյն ատեն ասիկա մանուկներուն համար հաճելի խաղ մըն է: Երբ իրենք կը ստեղծագործեն, չեն զգար ժամանակին անցնիլը եւ կը սկսին սիրել գոյներն ու գիծերը: Փոքրիկը ներքնապէս ուրախ է եւ հպարտ, որ ինք իր կողմէ բան մը ստեղծելու վրայ է: Ահա թէ ինչո՛ւ նկարչութեան դասերը ոչ միայն հաճոյքի աղբիւր են աշակերտներուն համար, այլ նաեւ անոնց միտքը կը հանդարտեցնեն, շատ աւելի` քան մէկ ժամ տեւող զբօսանք մը:

– Անշուշտ,- կը շարունակէ Ժ. Կիւ,- աշակերտները բոլորովին առանձին ձգուած չեն: Միշտ կը միջամտեմ, ուղղութիւն կու տամ առարկաներու դիրքին եւ գոյներու ներդաշնակութեան մասին, որպէսզի իրենց ճաշակը զարգանայ եւ իրենց միտքը կարգ ու կանոնի վարժուի, բայց չեմ կաշկանդեր, անոնց ինքնուրոյն խառնուածքը: Երրորդ եւ չորրորդ դասարաններու մէջ աւելի խստապահանջ կ՛ըլլամ, աւելի յստակ գիծեր եւ գոյներ կը պահանջեմ: Եւ ասիկա շատ ալ դիւրին չէ ձեռք բերել, երբ մանաւանդ ջրաներկով կ՛աշխատին: Այսպիսով, քանի մը տարիէն տղաքը այնքան կը վարժուին դիտելու եւ դատելու, որ ի վիճակի կը դառնան գնահատելու մինչեւ իսկ մեծ նկարիչի մը գործերը:

Երբ ցաւ կը յայտնեմ Ժ. Կիւին, որ նկարչութեան դասը չի շարունակուիր բարձր դասարաններու մէջ, իսկոյն կը բաժնէ իմ տեսակէտս եւ կ՛աւելցնէ.

– Դժբախտաբար մեր դպրոցներու դասացուցակներուն խճողումը արգելք է արուեստներու զարգացման: Կրնամ սակայն ձեզի յայտնել, թէ Ճեմարանի տնօրէնութիւնը յառաջիկայ տարի պիտի ջանայ ստեղծել նկարչութեան սթիւտիօ մը, որպէսզի շնորհք ունեցողները բարձր դասարաններու մէջ կարենան զարգացնել իրենց տաղանդը:

Սրահէն բաժնուած պահուս հպարտութեամբ կը խորհիմ հայ հոգիի բազմաշնորհ կարողութեանց մասին, որ կը ծաղկի այսպէս երկրէ երկիր, ի սփիւռս աշխարհի:

Ս. Վ.

 

Ս. Յակոբայ Ազգային «Եփրեմեան»
Միջնակարգ Վարժարանի
Տարեկան Քերմեսը

Մայիս 28-ին եւ 29-ին, ազգային «Եփրեմեան» միջնակարգ վարժարանի բակը ստացած էր տօնական օրերու զուարթութիւն: Յատկապէս երկրորդ օրը խուռներամ բազմութեան մը ընտանեկան ժամադրավայրն էր դարձեր:

Աւելի քան 120 հոգինոց կազմակերպիչ յանձնախումբ մը արդար ուրախութեամբ, իր գերյոգնութիւնը մոռցաւ ձեռնարկի յաջողութեամբ պսակուելուն պատճառով:

Օգտուելով որոշ դադարէ մը` վարժարանի տնօրէնը հաստատութեան շնորհակալութեան խօսքը բանաձեւեց այս առիթով բոլոր անոնց, որ նուիրատուութեամբ, ներկայութեամբ, աշխատանքով իրենց մասնակցութիւնը բերին այս օգտաշատ աշխատանքին:

Շնորհակալութեան խօսք ընդգծուեցաւ օրուան հովանաւոր տոքթ. Կիւրեղեանին, Թաղական խորհուրդի, Էշրեֆիէի ԼՕԽ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի խառն պարախումբին, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Եկեղեցասէր տիկնանց միութեան, որ ստանձնած էր խոհանոցի ծանր պատասխանատուութիւնը, վարժարանի բոլոր ծնողներուն, ուսուցչական կազմին եւ թաղի երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն, ինչպէս նաեւ` «Ազատամարտ» ակումբի անդամներուն ու Համազգայինին:

Ձեռնարկի միակ թերին աթոռ-սեղանի պակասն էր: Յատկապէս երկրորդ օրը աննախատեսելի ազգայիններու թիւ մը եկած էր քաջալերելու եւ վայելելու քերմեսը:

Ս. Յակոբայ ազգ. «Եփրեմեան» միջնակարգ վարժարանը տակաւ կը դառնայ շրջանի գլխաւոր հոգածութեան առարկան:

Քերմեսը նիւթական շահի առընթեր, բարոյական շահ մը եղաւ նաեւ հաստատութեան համար:

Աշակերտներու ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէսը, որ կրկնուեցաւ քերմեսին, ուշադրութիւնը գրաւեց եւ գնահատուեցաւ այցելուներէն:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Աշխատանքներէն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.