ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Զրոյցի մը ընթացքին խօսքը կեդրոնացած էր սփիւռքի տեւելիութեան խնդրին վրայ, եւ իբրեւ փաստ բերուեցաւ պարսկահայ գաղթօճախը, որ հարիւրաւոր տարիներ տոկացած է եւ ինքզինք ամրացուցած` կազմակերպական կառոյցներով: Պարսկահայ զրուցակից մը շեշտը դրաւ հայ եւ պարսիկ ժողովուրդներու կրօնական տարբերութեան վրայ եւ այդ իրողութիւնը բացատրեց մէկը միւսէն տարբերուած ըլլալու փաստարկներով : Կը նշանակէ, որ պարսկահայութիւնը կառչած է այդ տարբերութեան ու տոկացած:
Ահաւասիկ` հայկական սփիւռքին տեւելու բանալին. տարբերիլ շրջապատէն:
Թրքական տիրապետութեան երկար ժամանակաշրջանին դիմացանք-տոկացինք` շնորհիւ երկու ժողովուրդներու տարբերութեանց, որոնց վրայ կ’աւելնար նաեւ այն, որ տիրապետողը (թուրքը) կը պարտադրէր հայուն տարբերիլ իրմէ նոյնիսկ հագուստ-կապուստով, ինչը օգնեց մեզի որ չձուլուինք (կամ քիչ ձուլուինք) թրքութեան մէջ:
Իրականին մէջ «սփիւռքեան մտորումներ»-ու նախորդ երկու յօդուածներն ալ շեշտը այլապէս կը դնէին շրջապատէն տարբերուելու պայմանին վրայ` սփիւռքի մէջ կարենալ տոկալու եւ իբրեւ հայ ազգային մեր պարտաւորութիւններուն ընդառաջելու համար:
Տարբերիլ` լեզուով, որքան որ հնարաւոր է,
Տարբերիլ` ցեղասպանուած ըլլալու ողբերգութեամբ, միաժամանակ` հերոսական մեր պատմութեան հպարտութեամբ,
Տարբերիլ` հայրենահանուած ըլլալու իրողութեամբ եւ կորուսեալ հայրենիքին տէր դառնալու իրաւունքի գիտակցութեամբ, տարբերիլ` ներկայ Հայաստանին ու անոր ամբողջացման նպատակին կառչածութեամբ եւ վերջապէս տարբերիլ` եկեղեցիով, ծէսերով ու աւանդութիւններով եւ հնարաւոր այլ միջոցներով:
Կասկած չկայ, որ տարբերուելու ազդակները որքան շատ են, այնքան աւելի ամուր է սերունդին տոկունութիւնը:
Սակայն ուշադրութի՛ւն. տարբերիլ` չի նշանակեր գերակայութեան բարդոյթ փայփայել, ոչ ալ կեթոյանալ կը նշանակէ, ինչ որ սեփական պատեանին մէջ կծկուիլ է ու մնալ անհաղորդ` շրջապատին : Թո՛ղ որ, պայմաններուն յարմարելու մարդ-արարածի բնազդային յատկութեան, ինչպէս նաեւ սփիւռքեան մեր ունեցած փորձառութեան շնորհիւ, յարաբերաբար կարճ ժամանակի մէջ գաղթօճախները կրցան թօթափել կեթթոյական կենսաձեւն ու մտայնութիւնը, համարկուեցան նոր միջավայրերու ընկերային, քաղաքական, քաղաքակրթական ու տնտեսական կեանքին, շուկայական յարաբերութեանց մէջ ձեռներեց ոստումներով արդէն իսկ երկրորդ սերունդէն սկսեալ յաջողեցան պատուաբեր դիրքեր գրաւել, միաժամանակ ազգային կազմակերպուածութեամբ ոչ միայն պահեցին իրենց իւրայատկութիւնը, այլ նաեւ վառ պահեցին ջահը Հայ դատի պայքարին` հոն եւս արձանագրելով նշանակալի ձեռքբերումներ:
Նաեւ ինչ խօսք, որ հիմա արդէն համաշխարհայնացումի յորձանուտին դիմաց ո՛չ թապու կը դիմանայ, ո՛չ տոտեմ, ո՛չ ալ կեթոյական կենսաձեւ ու մտայնութիւն:
Դիտելի է, որ «համաշխարհայնացում»-ի յորձանուտը, այսինքն արհեստագիտութեան (թեքնոլոժիի) նախընթացը չունեցող զարգացման թափն ու տարածումը սպառումի եզրին հասցուցած են այն կռուանները (դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, օրաթերթ, միութիւններ), որոնք տարբեր ժամանակներու համար ու մէջ պաշտպանութեան մեր զէնքերն էին, ներազդող միջոցները` սփիւռքահայու ազգային ինքնութինը մշակելու-պահելու համար:
Խոստովանինք, որ մինչեւ հիմա մեր ունեցած այդ հին ու հինցած, ոչ ազդեցիկ կամ անբաւարար զէնքերով կը փորձենք (կը փորձե՞նք արդեօք) դիմադրել համաշխարհայնացումի յորձանուտին եւ հազուադէպօրէն ու պատահական ձեւով միայն կ՛օգտուինք անոր ընձեռած առաւելութիւններէն: Ներկայ ընթացքով մեծ է վտանգը, որ սերունդին համարկուածութիւնը հետզհետէ յանգի շրջապատին հետ ամբողջական նոյնացումին:
Համարկում` չի նշանակեր նոյնացում, այլ կը նշանակէ` այո՛, մշակուիլ այնպէս, որ կարելի դառնայ շրջապատի կեանքին մէջ ներգրաւուիլ, բայց նոյն ատեն` պահել իւրայատկութիւնը, ինքնուրոյնութիւնը, տարբերուելու գիտակցութիւնն ու զգացողութիւնը: Մինչդեռ նոյնացում` կը նշանակէ վերջնական խզում հայութենէն:
Թերեւս աւելորդ ու անտեղի նկատուէին «տարբերուելու» կարեւորութեան անդրադարձող այս տողերը, եթէ շատերու համար ատիկա չհամարուէր կեթոյական մտայնութեան մը յամեցումը, արդի յառաջադէմ ըմբռնումներուն հաղորդակից չըլլալու յետամնացութեան ցուցանիշ մը` սկսած մեր եկեղեցականներէն, որոնք Սուրիա-Լիբանանէն ոտքերնին հազիւ դուրս նետած` իրենց վրայէն կը նետեն նաեւ եկեղեցականի սքեմը եւ կը մտնեն աշխարհականի զգեստներու մէջ` չզատորոշուելու համար սովորական քաղաքացիներէն: Նոյնիսկ այնպիսի երկիրներու մէջ, որոնց կրօնաւորներու զգեստաւորումը մերինէն չի տարբերիր: Այս մատնանշումը կը մէջբերուի` ըսուածը հաստատելու իբրեւ փաստարկ եւ բնաւ թող չկարծուի ստորագնահատումը անոնց ծառայութեան: Երբե՛ք: Այս տողերը ստորագրողը կը հաւատայ, որ մեր եկեղեցականները մեծաւ մասամբ, կրօնի ու ծէսի սպասարկուները ըլլալով մէկտեղ, ցկեանս զինուորագրեալներ են իրենց համայնքին իւրայատկութիններու պահպանութեան կոչուած:
Յամենայն դէպս տարբերուելու առաջարկը կը դրուի իբրեւ պարզ ու հասկնալի եւ ընդհանրական եզր` սփիւռքի հայկական գաղթօճախներուն համար, որոնց դիմագրաւած տագնապները հասարակ յայտարար չունին` բացի հայ եւ ֆրանսացի, հայ եւ ամերիկացի, հայ եւ այլ երկրի մը քաղաքացիութեան պատկանելու իրենց երկուութիւնը յաղթահարելու կամ ներդաշնակելու դժուարութենէն :
Աթէնք, 22 մարտ 2016


