
Քանի մը օր առաջ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան յայտարարած էր, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը պահանջած է, որ ՀՅԴ-ՀՀԿ միջկուսակցական համագործակցութեան խորհուրդի նախագահողը ըլլայ Սերժ Սարգսեանը:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան այս գծով մանրամասնութիւններ տալով ըսած է, թէ ճիշդ պիտի չըլլայ, որ հանրապետութեան ղեկավարը միայն Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչը ըլլայ` աւելցնելով, որ Սերժ Սարգսեան արդէն համաձայն եղած է ՀՅԴ-ի առաջարկին: «Մենք աւելի նպատակայարմար կը գտնենք, որ ինք ըլլայ «իրաւարար»-ը: Ինք երկու կողմերը լսելէ ետք տեսակէտները կը համակարգէ: Մեր ցանկութիւնն է, որ նախագահը նաեւ իր այդ հանգամանքը պահէ: Մեզի համար կարեւոր է, որ հանրապետութեան նախագահը այս համագործակցութեան ձեւաչափին մէջ հանդէս գայ նախագահի դերակատարութեամբ, եւ ոչ միայն հանրապետութեան նախագահի: Կը կարծեմ, ասիկա առողջ տարբերակ է: Թերեւս մեզի համար ամէնէն դիւրինը կ՛ըլլայ, որ 4-4 բոլորը հաւասարին, բայց կը կարծեմ գործի օգտակարութեան առումով մեր առաջարկած տարբերակը աւելի խելամիտ է», յայտնած է Վարդանեան:
Ան դիտել տուած է, որ ՀՅԴ-ՀՀԿ յաջորդ հանդիպումը պիտի համակարգէ Սերժ Սարգսեանը:


