
Հայաստանի 20 տարեկանէն վար հաւաքականը 28 եւ 29 յունիսին Երեւանի մէջ պիտի կատարէ պասքեթպոլի բարեկամական երկու մրցում` Վրաստանի 18 տարեկանէն վար հաւաքականին դէմ, կը յայտնէ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կայքը:
Երկու հաւաքականներն ալ կը նախապատրաստուին 2016-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան:
Նշենք, որ վրացական հաւաքականը կը գլխաւորէ Գէորգի Ղազանչեան, որ անցեալին աշխատած է Հատիս Երեւանի եւ Հայաստանի աղջկանց հաւաքականին հետ:
Նշենք, որ մրցումները տեղի պիտի ունենան Միքայի մարզահամալիրին մէջ:


