Քաջ Նազարը «Կ՛այցելէ»
Կարմիրեան Վարժարան

Հինգշաբթի, 26 մայիսին «Քաջ Նազար»-ը այցելեց ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարան:
Զ. կարգի աշակերտներուն կողմէ ներկայացուած այս թատրերգութիւնը արժանացաւ ներկաներու բարձր գնահատանքին: Թէեւ դերակատարները հմուտ դերասաններ չէին, եւ ասիկա հաւանաբար իրենց առաջին փորձն էր, սակայն անոնք հմտութեամբ ներկայացուցին իրենց դերը: Գնահատելի էր նաեւ Մարալ Քեհեայեանի տքնաջան աշխատանքը:
Վարագոյրը բացուեցաւ, եւ մեր դիմաց պարզուեցաւ դերձակի խանութ մը, ուր Նազարը (Գէորգ Մալեան) նստած` կը կարէ: Խանութ կը մտնէ անուշ ծախող կինը (Մէյլին Ագըլեան), Նազարը մէկ-մէկ անուշները համտեսելէ ետք 2 դգալ անուշ կը խնդրէ կնոջմէ, որ բարկացած` կը քսէ հացին ու կը հեռանայ: Անմիջապէս ճանճեր կու գան ու կը դառնան անուշին շուրջ Նազարը ճանճ մեռցնելիք կ՛առնէ եւ մէկ հարուածով գետին կը փռէ եօթը ճանճ. ապա կտոր մը կ՛առնէ եւ վրան կը գրէ. «Քաջն Նազար, որ մէկ զարկով ջարդէ հազար» ու կտորը կը կապէ մէջքին:
Գիւղին հրապարակը հաւաքուած գիւղացիները կը նկատեն Նազարի գօտիին վրայ գրուածը, անոնք կը զարմանան ու կը վախնան, եւ կը յայտնուին թագաւորը (Հրակ Նագգաշեան) եւ իշխանուհին (Լիա Գալէնտէրեան) անոնք ալ կը կարդան գրութիւնը, եւ թագաւորը կը խնդրէ Նազարէն, որ գիւղացիներուն սպառնացող երկու հսկաները սպաննէ:
Բ. տեսարան. Նազարը անտառին մէջն է, յանկարծ երկու հսկաները (Կարօ Դաւիթեան եւ Սարգիս Մալեան) կ՛երեւան: Նազարը, շնորհիւ իր ճարպիկութեան ու հնարամտութեան, կը յաջողի հսկաները իրարու դէմ հանել, անոնց վրայ քար նետելով անոնք իրարու հետ կը կռուին եւ գետին կ՛իյնան ու կը մեռնին:
Թագաւորը երբ կ՛իմանայ եղելութիւնը, շատ կ՛ուրախանայ եւ ինչպէս խոստացած էր, իր աղջիկը կնութեան կու տայ Նազարին:
Հարսանիք կ՛ըլլայ, եւ բոլորը ուրախ շուրջպար կը բռնեն:
Թատրերգութիւնը համեմուած էր երաժշտական հատուածներով, որոնք ներկայացումը աւելի հաճելի դարձուցին:
Աշակերտները լրջօրէն հետեւեցան ներկայացման եւ ծափերով ողջունեցին դերակատարները:
ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան
Վարժարանի Նախաճաշը

ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի աւանդութիւն դարձած տարեկան նախաճաշ-ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 19 մայիս 2016-ին: Սակայն այս տարուան ձեռնարկը կը տարբերէր նախորդ տարիներէ իր նպատակով. այդ օրը մայրերը մեծարելու օր էր, անոնց երախտագիտութիւն յայտնելու ուրախ առիթ մը:
Վարժարանի տիկնանց յանձնախումբը խորհրդանշական վարդերով ու նուէրներով հիւրերը դիմաւորեցին եւ առաջնորդեցին ուղղեցին իրենց սեղանները:
Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետ Հուրի Գէօհիւլեանը ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք խօսքը ուղղեց հայ մայրերուն. «Ապրինք, դաստիարակենք ու կրթենք մեր զաւակները այնպէս, ինչպէս մենք կ՛ուզենք հայրենիքի պայծառ ուղին ու վերջապէս քրիստոնեայ հայ ընտանիքը»: Ան շեշտեց, որ մօր մը ամէնէն թանկագին նուէրը իր զաւկին կրթութիւնը, քաղաքավար կեցուածքն ու բարոյական սկզբունքներու գիտակցութիւնն է:
Գեղարուեստական ամփոփ յայտագիրով մը իրենց մասնակցութիւնը բերին վարժարանիս նախակրթարանի ու մանկապարտէզի աշակերտները: Անոնց գեղեցիկ երգեցողութեան ընկերակցեցաւ ներկայ մայրերու սրտերու տրոփիւնի ձայները:
Բերկրանքն ու գոհունակութեան զգացումները դարձած էին անոնց գնահատանքն ու վարձատրութիւնը:
Մթնոլորտը ջերմ էր, կատարուեցան նուիրատուութիւններ` նեցուկ կանգնելու վարժարանին:
Օրուան բախտաւոր մայրը ընտրուելէ ետք, վիճակահանութիւնը ա՛լ աւելի խանդավառութիւն ստեղծեց ու մեծ թիւով արժէքաւոր նուէրներ բաժնուեցան ներկաներէն բախտաւորներուն, ապա փոքրիկները իրենց ձեռային աշխատանքները նուիրելով իրենց մայրերուն` սեղմ ողջագուրուեցան անոնց հետ: Ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին վարժարանի տնօրէն Մարալ Պալեօզեանի շնորհակալական խօսքերով ու նորանոր ուրախ առիթներու կրկին հանդիպելու մաղթանքներով հրաժեշտ տուաւ բոլորին:


