
Ուրբաթ, 27 մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի նախակրթարանի «Ես մի ծիլն եմ քո արտի» գեղարուեստական հանդէսը:
Քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք քոլէճի Զ. դասարանի աշակերտ Լիակ Մարտիրոսեան կարդաց բացման խօսքը. ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ իր ուսուցիչներուն ու դասընկերներուն կողմէ հանդէսը նուիրեց Արցախի սահմանները պաշտպանող մեր քաջարի զինուորներուն ու հերոսածին մայրերուն:
Յայտագրի Ա. մասը յատկացուած էր երգերու:
Ա. դասարաններու փոքրիկները ներկայացուցին «Երգ գարնան մասին» եւ «Ժառանգներն ենք Արցախի» երգերը, ապա, Բ. դասարանը հանդէս եկաւ ժողովրդական երգերու շարքով մը, որ կը ներառէր` «Հայրենի հող», « Անձրեւ», «Հանիկ, նա՜յ», «Խնոցի», « Ջա՛ն ծաղիկ» եւ «Զմփիկ» երգերը:
Գ. դասարանները գունաւոր երիզներով եւ չափական նուագարաններով ներկայացուցին ժողովրդական երգերու շարք մը ու երգեցին` «Արտուտիկ» եւ «Հայոց քաջեր» երգերը:
Դ. դասարանը մեկնաբանեց «Մեր լեզուն» եւ «Գարուն Երեւան» երգերը, Ե. դասարանը «Հայ ապրի՛նք» եւ «Մեր սիրելի Երեւան», իսկ Զ. դասարանի աշակերտները` երգերու նուիրուած բաժինը ամբողջացուցին «Արծուիկներ» եւ «Պատանիներ» երգերով:
Յայտագրին երկրորդ մասը յատկացուած էր պարերուն:
Ա. դասարաններու աշակերտները յաջորդաբար հանդէս եկան «Վարդավառ» եւ «Արի՛, զօրավար» պարերով, Բ.1 դասարանի տղաքը մոսին հրացաններով միացան իրենց դասընկերուհիներուն եւ մեկնաբանեցին «Գովք ֆիտայիի» պարը, իսկ «Հազար գոյներ»-ու պարով Բ.2 դասարանի տհոլահարները դիմաւորեցին իրենց դասընկերուհիները:
«Հայերին է» պարով Գ.1 դասարանը ներկայացուց հայկական արժէքները, որոնք արդէն իսկ տեղադրուած էին բեմին վրայ, իսկ Գ.2 դասարանի աշակերտ- աշակերտուհիները զինուորական տարազներով եւ մարտական կշռոյթով ներկայացուցին «Զինուոր է» պարը:
«Նուպար» երգը, արդի կատարումով ու եռագոյն թի շըրթներով մեկնաբանուեցաւ Դ.1 դասարանի աշակերտներուն կողմէ, իսկ
«Յառա՛ջ, Հայաստա՛ն» պարը կատարեցին Դ.2 դասարանի աշակերտները:
Ե. դասարանները յաջորդաբար ներկայացուցին «Էրզրում» եւ «Արի եար» պարերը եւ պարերու շարանի եզրափակումը կատարեց Զ. դասարանը` լիբանանեան աշխուժ «տապքէով:
Փակման խօսքը կատարեց նախակրթարանի պատասխանատու Հուրի Քէշիշեան, որ հաստատեց, թէ կրթական ամբողջ տարեշրջանի ընթացքին կատարուած ձեռնարկներն ու ատենամարզանքի պահերը կ՛օգնեն աշակերտին մօտ զարգացնելու հայկական գիտելիքները, գեղարուեստական ճաշակը եւ ստեղծագործական ոգին: Ան նշեց, թէ նուագի ու պարի դասապահերուն ընթացքին կատարուած աշխատանքին արգասիքն է այս հանդէսը, որ ուսուցիչներուն ու աշակերտներուն փափաքով նուիրուած է Հայաստանին ու Արցախին: Հ. Քէշիշեան խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց հանդէսին համար աշխատած ու անոր յաջողութեան նպաստած բոլոր ուսուցչուհիներուն:
Դ., Ե., Զ. դասարաններու աշակերտութենէ կազմուած մեծաթիւ երգչախումբը մեկնաբանեց «Բարի արագիլ», «Երեւան- Էրեբունի» եւ «Սարդարապատ» երգերը, խանդավառելով ներկաները, որմէ ետք հանդիսասրահը թնդաց ազգային պարերու շարանով, որուն միացան, մաս առ մաս, Ա.- Զ. դասարաններու բոլոր աշակերտները, Հայաստանի ու Արցախի դրօշներով ողողելով սրահը եւ ոգեւորումի ու հպարտութեան պահեր առթելով ներկաներուն:
Հանդէսի աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան, որ այս առիթով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց իր ծնողքին, որ մանուկ հասակէն իր քայլերը ուղղած է հայկական վարժարան, ուր ինք եւս հասակ առնելով հայկական մթնոլորտի մէջ` ստացած է հայեցի դաստիարակութիւն. ապա բարձր գնահատեց ներկայ ծնողներուն պատկանելիութեան զգացումն ու գիտակցութիւնը, որուն շնորհիւ հանդէսին մասնակից աշակերտները առիթը ունեցած են թրծուելու հայաբոյր ու հարազատ միջավայրի մէջ, ուր բարձրորակ ուսման կողքին, ստացած են նաեւ հայեցի դաստիարակութիւն: «Այս փոքրիկները իսկապէս հայ ժողովուրդի արտին մէջ հասակ առած ծիլերն են, որոնք վաղը պիտի դառնան մէկական պտղատու ծառ, մէկական գործունեայ անձ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, մէկական սպայ, բժիշկ կամ ուսուցիչ, որոնք իրենց ստացած ուսումով ու գիտութեամբ պիտի հարստացնեն մեր ժողովուրդի ապագան» հաստատեց Զ. Ղազարեան:
Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն ուսուցչուհիներուն, որոնց տքնաջան աշխատանքին արդիւնքը եղած է ձեռնարկը, ապա բեմ հրաւիրեց ու ծաղկեփունջերով պատուեց քոլեճի երգի դասատու Գայեանէ Մարկոսեանը եւ քոլեճի պարուսոյց Անի Կոստանեանը` իրենց տարած գնահատելի աշխատանքին համար:


