Խմբագրական
Դրօշը Մի՛շտ Բարձր
(Հին Ուխտի Նոր Զինուորագրեալներուն)
Մայիս 28-ին, Պուրճ Համուտի մէջ, աւելի քան հարիւր հայ երիտասարդներ, հանդիսաւոր եւ խորապէս յուզիչ ուխտադրութեամբ, մուտք գործեցին ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը:
Յունիս 5-ին, Այնճարի ծառաստանին մէջ, ի ներկայութեան հարիւրաւոր երէց եւ 550 պատանի ընկերներու, նո՛յնպէս հանդիսաւոր ուխտադրութեամբ, քանի մը տասնեակ պատանիներ ընդունուեցան ՀՅԴ պատանեկան միութեանց մէջ:
Ամէն տարի նո՛յն խռովիչ պատկերը կը պարզուի ամէնուրե՛ք, հինաւուրց Պարսկաստանէն սկսեալ մինչեւ Ֆրանսա եւ մինչեւ հեռաւոր Ամերիկաներ:
Ամէն տարի բազմահարիւր հայ հաւատաւոր ու գաղափարական երիտասարդներ` բանուոր, արհեստաւոր, մտաւորական, կը զինուորագրուին հայրենակերտ եւ հայրենանուէր այս մեծ կազմակերպութեան` անոր գաղափարական աւազանին մէջ դաստիարակուելու եւ կազմակերպօրէն նուիրուելու համար հայ ժողովուրդի եւ Հայ դատի ծառայութեան սրբազան գործին:
Երեւո՛յթ մը ահա, որ բացառիկ նշանակութիւն ունի գաղութահայ մեր պայմաններուն մէջ: Երեւոյթ մը, որ ըստ ամենայնի` նշանակալից է եւ աւելի՛ քան պերճախօս թէ՛ հայ ժողովուրդին եւ թէ՛ մանաւանդ հայ երիտասարդութեան համար` անոնց ապրումներուն, քաղաքական ու ազգային ձգտումներուն, իտէալներուն եւ հոգեբանութեան համար ընդհանրապէս:
Երեւո՛յթ մը, որ աւելի քան յատկանշական է մասնաւորաբար քաղաքական ա՛յն կազմակերպութեան համար, որ 76 տարուան փառահեղ անցեալ մը ունի իր ետին, եւ որ իր կեանքի երեք հինգերորդը կ՛անցնէ ահա տարագրութեան մէջ` ապաւինած բացառաբար իր բարոյական ու գաղափարական դրամագլուխին:
Իտէալ մը տուէք ձեր ժողովուրդին, եւ ան պիտի հետեւի ձեզի: Թեւաւոր այս խօսքը ճիշդ է առանձնապէս երիտասարդութեան պարագային:
Եւ հայ երիտասարդութիւնը մօտ ութ տասնամեակէ ի վեր անվերապահօրէն եւ բոլորանուէր հաւատքով կը հետեւի ՀՅ Դաշնակցութեան, որ ոչ միայն իտէալ մը տուած է իր ժողովուրդին, այլեւ բազմաթիւ սերունդներ, յաճախ` ամէնէ՛ն ընտիրները հայորդիներուն, զոհաբերած եւ մղած է իր ժողովուրդին սպասին, համազգային իր Ուխտի իրականացման նուիրական ճանապարհին:
Իր այս վսեմ Ուխտով, կենարար Իտէալով ՀՅ Դաշնակցութիւնը դադրած է այլեւս քաղաքական սոսկական կուսակցութիւն մը ըլլալէ եւ դարձած է, իր էութեամբ ու ծաւալով, համազգայինի կազմակերպութիւն:
Համազգային կազմակերպութիւն է մասնաւորաբար իր գաղափարաբանութեամբ, կազմակերպական կառոյցով, նկարագրով, ոգիով:
Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ ճակատագիրը գաղափարական ու քաղաքական կազմակերպութեան մը, որ իր արիւնոտ, այլ փառապանծ դրօշին վրայ, հայոց պատմութեան հրեղէն պատգամագիրը իբրեւ, արձանագրած է. Միացեալ եւ անկախ հայրենիք` միացեալ ու ամբողջական հայութեամբ:
Զարմանալի չէ նոյնպէս, որ այս աստիճան վեհ ու համապարփակ իտէալ մը սպասարկու կազմակերպութիւնը, մագնիսական բեւեռացումի մը պատկերով, իր դրօշին տակ կը համախմբէ հայութեան, բայց մանաւանդ հայ երիտասարդութեան բոլոր խաւերը` առանց դաւանանքի, սեռի ու տարիքի խտրութեան:
Զինուորագրուելով ՀՅ Դաշնակութեան Գաղափարականին` հայ երիտասարդութիւնը, նովին բանիւ, դրօշակիրը կը դառնայ.
Ա.- Հայ ժողովուրդի միութեան ու միասնականութեան կենսական գաղափարին,
Բ.- Հայ հոգիի եւ հայ մշակոյթի միութեան եւ անկախութեան հանգանակին,
Գ.- Հայրենիքի անկախութեան եւ ամբողջական Հայաստանի կենսանորոգ ու անմեռ ուխտին:
Դ.- Ազգերու եւ հայրենիքներու յաւերժութեան, իրաւահաւասարութեան, ինքնիշխանութեան եւ խաղաղ ու ներդաշնակ գործակցութեան համամարդկային տեսլականին,
Ե.- Անկախութեան գաղափարի եւ գաղափարի անկախութեան հիմնական տեսութեանց,
Զ.- Ազատ ու արդար կարգերու եւ անհատական ու ազգային ազատութեանց վարիչ սկզբունքներուն:
Կը դառնայ տակաւին անդեդեւ դրօշակիրը հայ ժողովուրդի տոհմիկ առաքինութեանց, հայրենական վսեմական արժէքներուն, մեր ցեղային դիմագիծի անաղարտ պահպանման եւ գերազանցօրէն մարտունակ ու ստեղծագործ հայութեան փառակերտումին:
Այս բոլորին գումարն է ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ, իբրեւ այդպիսին, նուաճումէ նուաճում կ՛ընթանայ Երկրի թէ արտերկրի մէջ հաւասարապէս, յատկապէս գաղափարական ճակատի վրայ եւ առանձնապէս` հայ երիտասարդութեան լայն շրջանակներուն մէջ:
Որովհետեւ դաշնակցականութիւնը, իբրեւ ոգի, շատ աւելի հզօր ու անպարտելի է, քան` Դաշնակցութիւնը, իբրեւ կազմակերպութիւն, որ անհամեմատօրէն տկար է:
Ուրիշ խօսքով, Դաշնակցութեան ուժին, հմայքին ու կենսունակութեան աղբիւրը առաւելաբար իր բարոյական, գաղափարական, ոգեկան հզօրանքին մէջ է: Եւ այս հզօրանքն է, որ մագնիսի պէս իրեն կը քաշէ հայ հաւատաւոր, գաղափարապաշտ, պայքարունակ ու նուիրեալ երիտասարդութիւնը:
Գերազանցօրէն այդ հզօրանքին շնորհիւ է, որ գաղափարական նուիրեալներու այս կազմակերպութիւնը, հակառակ դառն ու դաժան բազմապիսի փորձութեանց եւ փորձանքներու առաջ կ՛ընթանայ մի՛շտ, փոքրիկ, այլ արի, կարգապահ եւ բոլորանուէր բանակի մը պէս, որ կոչուած է իր ժողովուրդին ճակատագիրը կրելու եւ կռանելու արժանաւորութեամբ, պատասխանատուութեան խոր զգացումով, հայեցի արիութեամբ եւ խորագոյն գիտակցութեամբը իր պատմական առաքելութեան:
Գաղափարակիրներու այս բանակին շարքերուն մէջ շատեր իրենց կեանքը տուին, ուրիշներ իրենց մտքին ու հոգիին լոյսը նուիրաբերեցին աւելի ուրիշներ իրենց բազուկն ու քրտինքը ի սպաս դրին վասն հայրենեաց ու ազատութեան:
Ճիշդ է, եղան նաեւ, հազուադէ՛պ պարագաներու անշուշտ, որ երբեմն դեդեւեցան, ընկրկեցան, վիրաւոր ինկան կամ պարզապէս դասալիք եղան: Հոգեպէս տկարներն էին անոնք, թոյլ կամքով եւ կարճ շունչով, որոնց հոգին անընդունակ եղաւ սնանելու հայութեան անմեռ Երազի կենարար լոյսերով, պարպուած ըլլալով յեղափոխական արիութեան, պարկեշտութեան, հաւատաւորութեան, նուիրուածութեան ու հայեցի մարտունակութեան յաւերժական ոգիէն:
Սակայն գաղափարակիրներու այդ բանակին մէջ, ինչպէս ռազմի նետուած ամէ՛ն բանակի, ինկողներուն ու դասալիքներուն տեղ նորեր եկան, մէկի տեղ` տասը, տասնի տեղ` հարիւր, հարիւրի փոխարէն` հազարներ:
Եւ փոքրիկ բանակը, հայոց պատմութեան այս հողմածեծ այրուձին նորատիպ, կը շարունակէ իր ճամբան` աւելի՛ առոյգ, աւելի՛ հաւատաւոր, աւելի՛ վճռական, աւելի՛ արի եւ յարաճուն շարքերով, քան ե՛րբեւէ:
Վկա՛յ հայ ժողովուրդը, հայրենի երկրի թէ արտասահմանի մէջ: Վկա՛յ հայ երիտասարդութիւնը, որ հարիւրներով ու հազարներով կու գայ խտացնելու աննահանջ ուխտեալներու փոքր, այլ ամրապինդ բանակին շարքերը:
Կու գայ մի՛շտ բարձր բռնելու Հայ յեղափոխութեան արիւնոտ, այլ փառահեղ դրօշը:
Դրօ՛շը այն դիւցազնատիպ հերոսներուն, որոնք ինկան հայրենիքի ազատագրութեան փրկարար ճանապարհին վրայ, որպէսզի անմեռ մնայ ազգը:
Դրօշը հերոսական այն սերունդներուն, որոնք վերակերտեցին հայութիւնը, անձեւ քաոսէն հայրենիք եւ պետութիւն ստեղծեցին եւ լայնածիր ուղիներ հարթեցին համազգային մեր Երազի եւ համահայկական մեր Ուխտի վերջնական ու ամբողջական կենսագործման համար:
Այս ճանապարհին վրայ եւ այս Իտէալի բոլորանուէր ծառայութեան մէջ հայ երիտասարդութիւնը երբե՛ք ընկրկում պիտի չճանչնայ, այլ, վճռական ու արիասիրտ, պիտի շարունակէ պայքարը, կուրծք պիտի տայ բոլոր դժուարութիւններուն եւ պիտի տոկայ բոլոր փորձութեանց:
Որպէսզի իր լիակատար պսակումին հասնի նախորդ յեղափոխական սերունդներու կիսաւարտ գործը եւ հայ ժողովուրդի դարաւոր, այլ անաւարտ Երազը:
Որպէսզի մի՛շտ աւելի բարձր եւ աւելի հպարտօրէն ծածանի Հայ յեղափոխական դրօշը հայրենի երկնակամարներու վրայ եւ հայ հոգիներո՛ւն մէջ:
Որպէսզի ամուր մնայ հայ ժողովուրդի ողնայարը, ամուր ու անխորտակելի մէկ ամբողջութիւն դառնայ ու մնայ հայութիւնը նե՛րսը թէ դո՛ւրսը, ամրափակ բռունցքի մը պատկերով` վերածուի հաւաքական անդիմադրելի ու նպատակասլաց ուժի:
Որպէսզի, վերջապէս, Սասունցի Դաւիթը միշտ արթուն հսկէ հայ հոգիներուն մէջ, Թուր Կէծակին ի ձեռին եւ Քուռկիկ Ճալալիի հրաշազան ուժականութիւնը ոտքերուն տակ:
