Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջիկներու Պասքեթպոլի Խումբը` Լիբանանի Ախոյեան

June 6, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

HMEM27-60416

Նախորդ շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը բաւական կարեւոր եւ լիբանանեան մարզաշխարհին մէջ պատմական իրագործում մը արձանագրեց, երբ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացաւ աւարտականի չորրորդ ճակատումին` յաղթելէ ետք Ռիատի Պէյրութի եւ անոր վրայ 3-1 արդիւնքով առաւելութիւն մը ունենալէ ետք:

Այսպիսով, ՀՄԸՄ Անթիլիասը Լիբանանի պասքեթպոլի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի ախոյեան հանդիսացաւ:

Գէորգ Ալթունեան` Լիբանանի Հեծելարշաւի Ախոյեան

Լիբանանի հեծելարշաւի ժամացոյցի դէմ մրցումի ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մաս կազմող Գէորգ Ալթունեան հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան` մեծերու դասակարգին մէջ:

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջիկները
Հանդիսացան Լիբանանի Ախոյեան`
3-1 Արդիւնքով Գերազանցելէ Ետք Ռիատին

HMEM30-60416

Երկար տարիներ Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն Անդրանիկ Պէյրութի եւ Ռիատի Պէյրութի ետին երկրորդ դիրքը գրաւելէ եւ փոխախոյեան հանդիսանալէ ետք, ի վերջոյ ՀՄԸՄ Անթիլիաս շաբաթ, 4 յունիս 2016-ին յաջողեցաւ պատմական իրագործում մը կատարել եւ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսանալ Լիբանանի աղջկանց ախոյեան` 3-1 արդիւնքով գերազանցելէ ետք Ռիատի Պէյրութը աւարտականի չորրորդ ճակատումին, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ներկայութեամբ` դաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն, որոնք ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ քաջալերեցին իրենց հնգեակը:

Պէտք է նշել, որ գագաթի այս ճակատումին ՀՄԸՄ-էն կը բացակայէր խումբին հիմնական մարզիկ Սանտրա Նաժըմ, որ նախորդ շաբաթ ենթարկուեցաւ ոտքի վիրաբուժութեան` Ռիատիի դէմ տեղի ունեցած երրորդ մրցումին վիրաւորուելէ ետք:

Սակայն, անոր խմբակիցները յաջողեցան այդ բացը կարելի եղածին չափ գոցել եւ արգելք հանդիսանալ, որ Ռիատի յաղթանակ մը արձանագրէ:

Շաբաթ օրուան այս մրցումին ՀՄԸՄ արձանագրեց 61-54 արդիւնքով յաղթանակ մը (11-10, 23-18, 40-36 եւ 61-54):

Ռիատի ոչ մէկ առիթով կրցաւ կէտերու տարբերութեամբ գերազանցել արդիւնքը, մինչ ՀՄԸՄ առիթով մը ունեցաւ 10 կէտի առաւելութիւն մը (56-46):

Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռեպեքա Աքըլ` 20 կէտ (ներառեալ 4 թրի փոյնթ` 13 փորձերէ ետք):

Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերուն, անոնք պարզեցին հետեւեալ պատկերը. Ֆէյ Փրենս (2 կէտ, 3 ռիպաունտ), Ճոյս Սալիպա (4 կէտ, 6 ռիպաունտ), Լէյլա Ֆարես (18 կէտ, 9 ռիպաունտ, ներառեալ 3 թրի փոյնթ` 11 փորձերէ ետք), Նաթալի Սվաճեան (12 կէտ, 6 ռիպաունտ), Սարին Օհանեան (9 կէտ, 4 ռիպաունտ, ներառեալ 2 թրի փոյնթ` 3 փորձերէ ետք) եւ Այտա Պախոս (16 կէտ, 6 ռիպաունտ):

Օրուան իրաւարարներն էին` Ժորժ Տըրղամ, Թոնի Խուրի եւ Մանսուր Ռայես:

Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիչն էր Փաթրիք Սապա, իսկ անոր օգնականը` Ճօ Մուժահես: Ռիատիի պարագային, մարզիչ  Էլի Նասըրի օգնականն էր Մարուան Տիապ:

Մրցումին աւարտին տօնական խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար ախոյեանութեան տիտղոսը յանձնեց ՀՄԸՄ-ի խմբապետ Նաթալի Սվաճեանին:

HMEM17-60416

HMEM21-60416

HMEM22-60416

13348693_10154019301310218_151376030_n

HMEM18-60416

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

HMEM23-60416

HMEM25-60416

13344581_1367172913296566_5921701099819143966_n

 

 

Նախորդը

Հեծելարշաւ. Գէորգ Ալթունեան` Լիբանանի Ախոյեան

Յաջորդը

Նշմար. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Պատմութիւն Կերտեց` Հանդիսանալով Լիբանանի Աղջկանց Ախոյեան

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.