ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն հրապարակուած միացեալ նպատակներու յայտարարութեան Ա. տարեդարձին առիթով շնորհաւորեց քրիստոնեաները` անոնց մաղթելով յաւելեալ միասնականութիւն, իսկ պատմութիւնը կերտողներուն` յաւելեալ նուաճումներ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան յայտնեց, որ ռամատանը պիտի սկսի կիրակի, 5 յունիս 2016-ի մայրամուտին:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի գործակատար Ռիչըրտ Ճոնզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ անկէ պահանջեց օժանդակել Լիբանանին` մերժելու համար սուրիացի գաղթականներուն բնակեցումը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ եթէ խառն ընտրական օրէնքին եւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան մշակած ընտրական օրէնքին միջեւ ընտրելու ըլլան, ապա իրենք կ՛ընտրեն Միքաթիի կառավարութեան ընտրական օրէնքը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերուն գործունէութեան ընթացքին ուղղութիւնը կը կեդրոնանայ ընտրական խառն օրէնքի վաւերացումին վրայ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէ շեշտեց, որ Պաթրունի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահի ընտրութիւնն է, որ պիտի փաստէ, թէ Պաթրունի մէջ ի՛նչ են քաղաքապետական ընտրութիւններուն արդիւնքները:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու կամ զանոնք բնակեցնելու որոշումը միայն լիբանանեան պետութեան իրաւասութիւնն է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ ընդգծեց հաւատադրժողական եւ իսրայէլեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Սայէղ հաստատեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները փաստեցին, որ քաղաքական ոչ մէկ ուժ կրնայ իր խօսքը պարտադրել:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնք մը վաւերացնելու խիստ կարիքը կայ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Օսէյրան նշեց, որ կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապի կողմէ պետական քննութիւններու կայացման առումով որդեգրուած նոր քաղաքականութիւնը յուսադրիչ կը թուի ըլլալ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ եթէ Թրիփոլիի մէջ հանրաքուէ մը կատարուի, ապա Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ առաջին դիրքի վրայ կրնայ գտնուիլ: Ան աւելցուց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը չի փափաքիր երկիրը առաջնորդել դէպի յաւելեալ բախումներ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ Հաշեմ Սաֆիէտտինի համաձայն, քաղաքապետական ընտրութիւնները փաստած են, որ Դիմադրութեան զօրակցող ընկերութիւնը ամէնէն արթուն եւ գիտակից ընկերութիւններէն է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի հաստատեց, որ Թրիփոլիի մէջ քաղաքապետական ընտրութիւններուն արդիւնքները 6 տարուան համայնքային լարուածութեան հետեւանքներն են:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի կը վարուի այնպիսի ձեւով մը, կարծես արմատական յեղաշրջում մը կատարած ըլլայ: Նոյն օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ կուսակցութեան ղեկավարութիւնը Ժըպրան Պասիլին յանձնելը շուտով ծերացուցած է Ազգային ազատ հոսանքը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին չէ առաջարկած Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը երկու տարուան համար նախագահ ընտրել:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ նահանգապետ Զիատ Շպիպ յայտնեց, որ յաջորդ հանգրուանը պիտի կրէ Պէյրութի քաղաքապետարանին հետ հեզասահ գործակցութեան խորագիրը:
ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ անկարելի է երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնել ներկայ օրէնքով` աւելցնելով, որ լաւագոյն լուծումը համամասնական դրութեամբ գործելն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին շեշտեց, որ Սուրիոյ նկատմամբ Ռուսիոյ կեցուածքը Սուրիոյ տագնապին առաջին իսկ օրէն չէ փոխուած:


