Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռոպերթ Քոչարեան. «Պաքուի Մէջ Ռազմական Յաղթանակի Բերկրանքը Բացարձակապէս Անհիմն Է»

June 2, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Kocharian_60116

Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան «Երկրորդ» կայքին տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին հետեւանքներուն, ներկայացուցած է իր պատկերացումները, թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ ռազմական եւ քաղաքական տեսանկիւնէ: Ան յատկապէս շեշտած է, որ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք Պաքուի մէջ ռազմական յաղթանակի բերկրանքը լիովին անհիմն է:

Ռոպերթ Քոչարեան նշած է, որ ապրիլի սկիզբը տեղի ունեցաւ այն, որ ակնկալելի էր. «Պաքուի` քանի մը տարի շարունակուող զինուորական կարողութիւններու բարձրացումը եւ ռազմաշունչ հռետորաբանութիւնը վերածուեցան գործնական գործողութիւններու. հետախուզական աշխուժութիւնը անցում կատարեց դէպի հարցի զինուորական լուծման ճամբայ: Ամէնէն հաւանականը այն է, որ ազրպէյճանցիները թերագնահատեցին Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի մարտունակութիւնը, ինչպէս նաեւ` յարձակումները դիմագրաւելու Արցախի եւ Հայաստանի բնակչութեան պատրաստակամութիւնը: Սկիզբ առած զինուորական գործողութեան գինը, անոր ընդարձակուող ծաւալը, ըստ ամենայնի, անընդունելի կը դառնային Պաքուի համար, եւ պատերազմը կեցաւ: Ես տեղի ունեցածը չէի ուզեր գնահատել իբրեւ  յաղթանակ կամ պարտութիւն: Ազրպէյճանական զօրքերը գրաւեցին մեր դիրքերէն քանի մը հատը, սակայն ռազմավարական ոչ մէկ խնդիր լուծեցին: Զինուորական յաղթանակի բերկրանքը Պաքուի մէջ  բացարձակապէս անհիմն է»:

Ըստ նախկին նախագահին, հայկական կողմը չվերականգնեց կորսուածը, ինչ որ լաւատեսութեան աստիճանը չի բարձրացներ, անկախ կորուստներու չափէն, իսկ զինուորական գործողութիւններու 4 օրուան ընթացքին արձանագրուած մարդկային կորուստները, ըստ Քոչարեանի, «անսովոր եւ անընդունելի մեծ են»:

«Այնպէս որ, բարոյական յաղթանակի մասին ալ չ՛արժեր խօսել: Սակայն, ակնյայտ դարձաւ, որ նոյնիսկ խախտուած զինուորական հաւասարակշռութեան պայմաններուն մէջ տագնապի զինուորական դիւրին լուծում չկայ եւ ասիկա կրնայ իրապէս խթանել սառեցուած բանակցային գործընթացը», ըսած է Քոչարեան:

Ան նաեւ կարծիք յայտնած է այն մասին, որ Ազրպէյճան խորքին մէջ երկարատեւ պատերազմի պատրաստ չէր, այլապէս պատերազմը միայն 4 օր չէր տեւեր: «Կը կարծեմ, որ եթէ Պաքուն ապրիլին պատրաստ ըլլար, ապա պատերազմը 4 օրէն չէր աւարտեր: Այն, որ Ազրպէյճանը սկսած էր գերազանցել մեզ սպառազինութեան որակով` գաղտնիք չէր, սակայն ատիկա գիտնալը բան մըն է, այլ բան` անոր դէմ առ դէմ պատերազմի դաշտին վրայ առերեսուիլը», դիտել տուած է Քոչարեան:

 

 

Նախորդը

Մամետեարով-Մինսքի Խմբակի Համանախագահներ Հանդիպում

Յաջորդը

Գերմանիոյ Խորհրդարանը Այսօր Կը Քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.