Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻՆ

September 17, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռայի պատրիարքը կը դիմաւորէ վարչապետ Միքաթին

Երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին:

Տիմանի պատրիարքական ամարանոցին մուտքին Միքաթի դիմաւորուեցաւ Ռայի պատրիարքին, Սամիր Մազլում եպիսկոպոսին, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ եպիսկոպոսներու կողմէ:

Ապա Ռայի պատրիարքը դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետին հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Աւելի ուշ գումարուեցաւ ընդարձակ նիստ մը, որուն միացան մեծ թիւով հոգեւորականներ, որոնց շարքին նաեւ Նասրալլա Սֆէյր նախկին պատրիարքը:

Ռայի պատրիարքը ողջունեց վարչապետ Միքաթին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր կատարած այս այցելութեան համար: Ան նշեց, որ վարչապետին հետ քննարկած է տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ յայտնեց, որ Միքաթին տեղեակ պահած է Ֆրանսա կատարած իր այցելութեան արդիւնքներուն մասին:

Պատրիարքը եւ վարչապետը` դէմ առ դէմ հանդիպման ընթացքին

Իր կարգին, Միքաթի նկատել տուաւ, որ Ռայի պատրիարքին հետ ունեցած իր հանդիպումը եղած է դրական: «Ես ապահով եւ հանգիստ կը զգամ Ռայի պատրիարքին իմաստութեան համար եւ բացառիկ դրական մթնոլորտի մը մէջ անոր հետ քննարկեցի փշոտ եւ սովորական շարք մը հարցեր», ըսաւ Միքաթի:

Անդրադառնալով Ֆրանսայի մէջ Ռայի պատրիարքին կատարած յայտարարութիւններուն` Միքաթի յայտնեց, որ յայտարարուած այդ կեցուածքները մետասաներորդ պահուն արտասանուած խօսքեր չեն, այլ` Ռայի պատրիարքին հետեւողականութեամբ սերտուած իմաստութիւններ:

Վարչապետ Միքաթի դարձաւ Տիմանի ճաշի հիւրը:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը այսօր եւ վաղը հովուապետական այցելութեամբ մը պիտի ուղղուի Պաալպեք եւ Տէյր Ահմար:

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՄԱԿ-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ – ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.