
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ Հայաստանի յունահռոմէական ոճի հաւաքականին երեք անդամներ դարձան տիտղոսակիրներ Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի մը ընթացքին:
Աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան, ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր` Արսէն Ջուլֆալակեան (75 քկ), կրկնեց նախորդ տարուան իր իրագործումը եւ դարձեա՛լ հանդիսացաւ ախոյեան:
Իր կարգին, ոսկի մետալին տիրացաւ նաեւ եւրոպական խաղերու արծաթէ մետալակիր Միհրան Յարութիւնեան (71 քկ):
Վերջապէս, Հայաստանի համար երրորդ ոսկի մետալը ապահովեց աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան, ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Արթուր Ալեքսանեան (98 քկ):
Իսկ Մաքսիմ Մանուկեան, 85 քկ դասակարգին մէջ, Հայաստանի ապահովեց արծաթ մետալ մը:


