Վաղը` հինգշաբթի, 2 յունիսին, Երեւանի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 7:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Սալվատոր – Հայաստան ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումը` Լոս Անճելըսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ):
Այնպէս կը թուէր, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենար դռնփակ, սակայն հայկական համայնքը յաջողած է համաձայնութեան գալ, որ համակիրները կարենան դաշտ մտնել:
Կը նշուի, որ մինչեւ երէկ ծախուած է ընդամէնը 300 տոմս:
Հայաստան – Սալվատոր մրցումին տոմսերը կ՛արժեն 30-էն 200 ամերիկեան տոլար:
Սալվատորի ազգային խումբը ՖԻՖԱ-ի դասաւորման մէջ կը գրաւէ 98-րդ դիրքը, մինչ Հայաստան` 110-րդ դիրքը: Ինչ կը վերաբերի Կուաթեմալայի անիկա 89-րդ է:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի կատարած առաջին մրցումին, որ տեղի ունեցաւ դարձեալ Լոս Անճելըսի մէջ` Կուաթեմալայի դէմ, ներկայ գտնուեցան 8000 համակիրներ:
Հայաստան – Կուաթեմալա մրցումը աւարտեցաւ Հայաստանի յաղթանակով` 7-1 արդիւնքով:
Այս յաղթանակը Հայաստանի համար եղաւ առաջինը` վերջին 15 մրցումներուն մէջ: Ատկէ բացի, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան 4 կոլէ աւելի կը նշանակէ, եւ կ՛արձանագրէ մեծ յաղթանակ մը, մինչ Հենրիխ Մխիթարեան կը հանդիսանայ առաջին ֆութպոլիստը, որ հեթրիք մը կ՛իրագործէ Հայաստանի հետ:
Թէեւ Կուաթեմալա ինք նշանակեց մրցումին առաջին կոլը` մրցումին 7-րդ վայրկեանին, սակայն հայրենի կազմը պատասխանեց եօթը անգամ` հետեւեալ ֆութպոլիստներուն. 39-րդ` Հենրիխ Մխիթարեան, 45-րդ` Էտկար Մանուչարեան, 50-րդ` Գեղամ Ղադիմեան, 59-րդ` Հենրիխ Մխիթարեան, 70-րդ` Հենրիխ Մխիթարեան, 72-րդ` Արթուր Սարգիսով եւ 84-րդ` Զաւէն Բատոյեան:

Մրցումին աւարտին Հայաստան – Կուաթեմալա բարեկամական հանդիպումին կազմակերպիչները յատուկ յուշանուէր – տիտղոս մը յանձնեցին Հայաստանի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեանին` Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 98-րդ տարեդարձին առիթով:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Վարուժան Սուքիասեան:


