Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԸ ՄՆԱՅ ԻԲՐԵՒ ՆՊԱՏԱԿ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

September 17, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին առիթով նախանցեալ օր ընկերային-տնտեսական մարզի ներկայացուցիչներու համար կազմակերպուած ընդունելութեան ժամանակ յայտարարեց, որ անկախութիւնը իրեն հետ բերաւ նոր տնտեսակարգ` իր նոր հեռանկարներով, ինչպէս նաեւ նոր մարտահրաւէրներով:

Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ հրաւիրած ընդունելութեան ընթացքին, որուն մասնակցեցան երկրին ընկերային եւ տնտեսական մարզին, տարածքային կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչները, նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ նոյնինքն անկախ պետութիւնն էր, որ առաջին իսկ օրուընէ յոյսը դրաւ հայաստանցի աշխատասէր եւ ձեռներէց նկարագիրին վրայ` հռչակելով ազատ շուկայ:

«Ունենալով շատ համեստ բնական աղբիւրներ եւ երկու տասնամեակ ապրելով շրջափակման պայմաններուն մէջ` մենք յաջողեցանք ստեղծել տնտեսութիւն մը, որ կը կերակրէ եւ կը սպառազինէ իր զինուորը, կ՛ապահովէ իր ուսուցիչին արժանապատիւ կենցաղը: Մեր հասարակութեան մէջ ձեւաւորուեցան փոքր, միջին եւ մեծ գործարարներու խաւեր: Աստիճանաբար խոշոր գործարարները եւ ընկերութիւնները կը սորվէին նաեւ այն ճշմարտութիւնը, որ իրենք շարք մը այլ խնդիրներու կողքին, ունին նաեւ ընկերային պատասխանատուութեան հանրութեան առջեւ: Աւելի՛ն. քայլ առ քայլ մեզմով կը վերականգնին նաեւ բարեգործութիւն ընդհատուած աւանդութիւնները», ըսաւ նախագահը:

Ըստ անոր, ընկերային պատասխանատուութեան մակարդակի բարձրացումը կը դառնայ եւ պիտի դառնայ մնայուն հոլովոյթ: Նախագահը շեշտեց, որ պէտք է յիշել եւ երբեք չմոռնալ, որ առանց անկախ Հայաստանի այսօր ո՛չ մեծ ընկերութիւնները եւ ո՛չ ալ մեծահարուստները կ՛ըլլային:

«Յայտնի է, որ մենք սահմանադրօրէն հռչակած ենք ընկերային պետութիւն: Նաեւ գաղտնիք չէ, որ ընկերային պետութիւնը տակաւին նպատակ կը մնայ եւ անքննելի իրականութիւն չէ դարձած: Այս մարզին մէջ թէ՛ պետութիւնը, թէ՛ այլ կազմակերպութիւնները հսկայական գործ կատարած են եւ կը կատարեն: Բայց «հսկայական» բառը մեր պարագային պէտք է հասկնալ մեր կարելիութիւններուն ծիրին մէջ: Մենք պիտի խոստովանինք, որ երկու տասնամեակները մեզի բաւարար չէին այս մարզին բազմաթիւ խնդիրները լուծելու համար: Բայց ասիկա երբեք յուսահատելու առիթ չէ: Ընկերային հարցերը, որոնց շարքին նաեւ սուր բնոյթի հարցեր, կան նոյնիսկ բարեկեցիկ երկիրներուն մէջ, սակայն այդ երկիրները կայացած ընկերային պետութիւններ են, որոնց մենք տակաւին չենք հասած: Հասարակութեան ընկերային պաշտպանուածութիւնը ամէնէն ուղղակի կերպով կապուած է մեր տնտեսական վիճակին հետ: Առաջինին զարգացումը պայմանաւորուած է երկրորդին զարգացումով», յայտնեց նախագահ Սարգսեան:

Ան ընդգծեց, որ բոլոր ներկայ հիմնախնդիրներով հանդերձ Հայաստան կը զարգանայ: Պետութեան եւ հասարակութեան յառաջընթացը համակողմանի է: Ըստ անոր, երբեմն նկատելի է անհամապատասխանութիւն տարբեր մարզերու զարգացման մակարդակներուն միջեւ: «Մենք ընտրած ենք կայուն վերելքի ճամբան եւ բոլոր ուղղութիւններով տարուուղ աշխուժ աշխատանքով է, որ մեր երկիրը պիտի դնենք ներդաշնակ զարգացման անշրջելի ուղիին վրայ», յայտնեց նախագահ Սարգսեան:

Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի առջեւ անցեալին եւ ներկային դրուած մեծագոյն փորձութիւնները շատ յաճախ արտաքին ապակայունացման արդիւնք էին: Ան նշեց ղարաբաղեան տագնապը, Հայաստանի տնտեսական շրջափակումը, ուժանիւթի ճգնաժամը, պատերազմական վիճակը շրջանին մէջ, համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամը եւ այլն: «Այս եւ բազմաթիւ այլ մարտահրաւէրներ նախ եւ առաջ մեր երկրին համար խիստ աննպաստ շրջանային եւ համաշխարհային զարգացումներու արդիւնք էին, որոնք կրնան կրկնուիլ», ըսաւ նախագահը:

«Մեր նորանկախ պետութիւնը իր ստեղծման առաջին օրէն դիմակայած է հիմնականին մէջ  մարտահրաւէրներուն հետեւանքները: Մեր երկրին առջեւ դրուած բազմաթիւ ներքին տնտեսական, քաղաքական, ընկերային եւ հոգեւոր մարտահրաւէրները, անկայունութեան թափանցող ազդեցութեամբ պայմանաւորուած դժուարութիւնները, ըստ էութեան, շրջանային ապակայունացման բացասական ներգործութեան նկատմամբ մեր պետականութեան եւ հասարակութեան խոցելիութեան հետեւանքն էին: Իբրեւ արդիւնք, համաշխարհային եւ շրջանային իւրաքանչիւր ցնցում մեր երկիրը դուրս բերած է հանդարտութեան ընդմիջումներէն` կանգնեցնելով նոր խնդիրներու առջեւ», շեշտեց նախագահ Սերժ Սարգսեան: Ան աւելցուց, որ Հայաստան ներկայ հանգրուանին կը ջանայ վերացնել իր փորձութիւններու աղբիւրը` շրջանային եւ համաշխարհային հաւանական ապակայունացման զգալի բացասական ներգործութիւնը երկրին տնտեսական, քաղաքական եւ հասարակական կեանքին վրայ: «Մենք այլ ճամբայ չունինք: Այլապէս պարբերաբար պիտի շարունակենք պայքարիլ հետեւանքներուն դէմ, մինչդեռ մեր դժուարութիւններու ծագման պատճառները պիտի շարունակեն նորանոր մարտահրաւէրներ ծնիլ եւ դնել մեր ու մեր սերունդներուն առջեւ», նշեց նախագահը:

Նախորդը

ԸՍՏ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ, ԻՆՔ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ ՎԱՐ ԱՌՆՈՒԱԾ ԱՆՕԴԱՉՈՒ ԹՌՉՈՂ ՍԱՐՔԻՆ ՀԵՏ ԿԱՊ ՉՈՒՆԻ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.