Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիս 28-ի Առիթով Երդման Արարողութիւն

May 30, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

yert_52916

Շաբաթ, 28 մայիսին, Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան առիթով, ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէին կազմակերպութեամբ, Վահան Յովհաննիսեանի շիրիմին շուրջ տեղի ունեցաւ խոստման եւ երդման արարողութիւն: Ձեռնարկին սկիզբը ներկաները յարգանքի տուրք մատուցեցին Արամ Մանուկեանի յիշատակին եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին անոր շիրիմին վրայ:

Երդման արարողութենէն առաջ ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան:

«Կը շնորհաւորեմ բոլորդ Մայիս 28-ին առիթով: Ոեւէ ժողովուրդի համար չկայ աւելի մեծ տօն, քան իր ժողովուրդին անկախութեան տօնը: Ոեւէ ժողովուրդ չի կրնար լիարժէքօրէն դրսեւորուիլ, առանց անկախ պետականութեան: Մայիսի 28-ը կերտած մեր նախնիները հիմը դրին, որ այսօր մենք ունենանք նորանկախ պետութիւն, նոր խնդիրներ, նոր մարտահրաւէրներ: Բայց հպարտ ենք, որ ենք աշխարհի այն ժողովուրդներէն, որոնք կրցած են իրենց ինքնուրոյնութիւնը, իրենց տեսակը, իրենց պետականութիւնը ստեղծել: Կարեւոր է այն, որ մենք այսօր հաւաքուած ենք Վահան Յովհաննիսեանի շիրիմին մօտ, եւ նշանակալի է, որ այստեղ երդման արարողութիւն կը կատարենք: Ամէն դաշնակցականի համար ամէնէն յիշարժան ու կարեւոր օրերէն մէկն է: Ես, որ իմ կեանքիս ընթացքին հազար բանի ականատես եղած եմ ու շատ բան մոռցած, մէկ բան երբեք չեմ մոռցած` իմ դաշնակցական երդման օրը` 26 ապրիլ 1990 թուական», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:

FotorCreated-82

Այնուհետեւ ՀՅԴ համակիրներու 28 հոգինոց խումբ մը համալրեց կուսակցութեան շարքերը` երդուելով կուսակցութեան այն դրօշին վրայ, զոր բանտարկուած ատեն ճաղերուն ետեւէն ծածանած էր Վահան Յովհաննիսեան:

Երդման արարողութենէն ետք հնչեցին շնորհաւորանքներ` ուղղուած նոր անդամագրուած երիտասարդներուն, ինչպէս նաեւ` աւանդական երգեր:

 

 

 

 

Նախորդը

«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

Յաջորդը

Հրանդ Մարգարեան. «Յաջողութիւնը Պէտք Է Վերջնական Յաղթանակի Վերածել»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.