Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարդարապատէն Թալիշ` Մայիս 28-ի Ուղիով

May 28, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

MHM78449-copy

Մեր նորագոյն պատմութեան պատուանդանը կը կազմէ 28 մայիս 1918-ի անկախութեան նուաճման ու պետականութեան կառուցման կրկնակ աքթը: Այդ պատուանդանը կերտուեցաւ  յեղափոխական խոյանքներով ու ցեղասպանական նահատակութիւններով: Այդ պատուանդանը մնաց ու կը մնայ անխորտակելի` հակառակ մեր հայրենիքին դէմ ցցուող թշնամական կեցուածքներուն, հակառակ մեր ժողովուրդին դիմակալած բազում դժուարութիւններուն, քանի որ այդ պատուանդանը արմատացած է հայրենի հողի ընդերքին ու մեր ժողովուրդի հոգիին մէջ:

Մայիս 28-ն հերկեց ակօսներ եւ բացաւ ուղիներ, որոնք լուսագծեցին մեր ազգային ու հայրենական լինելութեան ճանապարհը: Վեց դարերու հայրենազուրկ եւ պետականազուրկ գոյութենէ ետք, մայիս 28-ով վերանուաճեցինք մեր պետական անօթը եւ գծեցինք առժամեայ սահմանները Հայաստան աշխարհին: Պէտք է շեշտել, այդ անօթն ու սահմանները կերտուեցան իւրաքանչիւր հայու, մանաւանդ իւրաքանչիւր դաշնակցական ֆետայիի արիւնով:

Սարդարապատը, Բաշ Ապարանն ու Ղարաքիլիսան կազմեցին հնոցները մայիս 28-ի ուղիին: Այդ ուղիի նուաճման ճարտարապետը հանդիսացաւ Երեւանի գերագոյն ղեկավարը` Արամ Մանուկեան: Երբ 1918 մայիսի կէսերուն թուրք զօրքերը հասած էին Երեւանի դռներուն` մօտ 40 քիլոմեթր հեռու մեր հնադարեայ մայրաքաղաքէն, անոնք եկած էին ամբողջացնելու Ցեղասպանութիւնը, որ երեք տարի առաջ սկսած էին արեւմտահայութեան դէմ: Արշաւող թուրք բանակայիններուն դէմ պարզ եւ մեկին էր Արամին կոչը` բոլոր հայերուն.- «Երեւանը չենք դատարկի մինչեւ մեր վերջին կաթիլ արիւնը»: Եւ հայ ժողովուրդը չդատարկեց Երեւանը, այլ` Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսայի ռազմաճակատներուն վրայ պարտութեան մատնեց թշնամին:

new-(2)

Տարբեր չէր կացութիւնը անցնող ապրիլ 2-ին, երբ մեծաթիւ զօրքերով ու արդիական զէնքերով զինուած ազերիական ուժերը եռաճակատ յարձակում շղթայազերծեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմաններուն վրայ: Ազրպէյճանի ռազմավարական նպատակը յստակ էր: Ծանր հրետանիի լայնատարած  ռմբակոծումներով, արդիականօրէն սարքաւորուած հրասայլերով եւ յատուկ ուժերով անոնք փորձեցին վերագրաւել ազատագրուած արցախեան հայրենի հողերը:

Կրկին Սարդարապատ էր, այս անգամ` Թալիշի մէջ: Սակայն ազերիները ձախողեցան ճիշդ այնպէս, ինչպէս իրենց զարմիկները` ասկէ 98 տարիներ առաջ, քանի որ Արամին կոչը տակաւին կ՛արձագանգէր. «Թալիշը չենք դատարկի մինչեւ մեր վերջին կաթիլ արիւնը»: Թալիշը չդատարկեցինք: Ընդհակառակը, ազերիական սկզբնական գրոհի ընթացքին կորսնցուցած մեր դիրքերը կրկին ազատագրեցինք: Թալիշի մէջ էր մայիս 28-ի ոգին, հոն կը շարունակէր հնչել Արամին կոչը:

Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել խիզախութիւնը ստեփանակերտցի 20-ամեայ զինուոր Մարատ Պետրոսեանի, որ առանձինը եւ անվարանօրէն կ՛ոչնչացնէր ազերիական հինգ հրասայլ: Ապա ան կը վստահեցնէր, «Հանգիստ մնացէք, ազերի հրասայլ չի անցնելու այստեղից»:

Ինչպէ՞ս բացատրել քաջութիւնը 21-ամեայ գիւմրեցի աւագ սերժանտ Շուլա Յակոբեանի, որ քանդեց երեք ազրպէյճանական T72 տիպի հրասայլեր, իսկ մօտակայ դիրքերու վրայ իր 20-ամեայ ընկերը` կրտսեր սերժանտ Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան խորտակեց յաւելեալ երեք հրասայլ:

Մանաւանդ ինչպէ՞ս բացատրել հերոսութիւնը այն հայ զինուորին, որ իր բոլոր ընկերները կորսնցնելէ ետք, կը քակէ երկու ձեռնառումբեր, կը մտնէ ազերի դիրքէն ներս եւ կը պահանջէ անձնատուր ըլլալ իրեն:

Անբացատրելին կը դառնայ հասկնալի, երբ կը կառչինք մայիս 28-ի ոգիին ու կ՛անսանք Արամի կոչին: Հասկնալին կը պարզէ նոյնիսկ մէկ թիզ հայրենական հողը մահուան գնով պաշտպանելու զոհաբերումը: Սարդարապատէն Թալիշ այդ զոհաբերութեան նուիրումով հայ մարդը կասեցուց թշնամին եւ չձգեց, որ անցնի հայրենի հողէն: Ընդհակառակը, թշնամին փախուստ տուաւ: Ինչպէս սերժանտ Շուլա Յակոբեան կը բացատրէ, հարուածներէ ետք մնացած ազերիները «արագ փախան, շատ արագ: Ինչի՞ փախան, կրակում էինք էլի: Կարճ ժամանակ յետոյ արդէն հրասայլի հետք չկար, որ խփէինք: Սպասում էինք` չկային ու չկային»:

Հայրենի հողին պահպանումը եւ ազատագրուած հայրենի տարածքներու պաշտպանութիւնը կենսական գրաւականներն են մեր հայրենիքի գոյատեւելիութեան: Ասիկա պահանջն է մայիս 28-ի ուղիին: Սարդարապատէն Թալիշ եւ նոյնիսկ անկէ առաջ հայու քրտինքով ու արիւնով նուիրագործուած է այդ ուղին: Մեր պատմութեան դառն օրերուն եկաւ ժամանակ, երբ լեռնաշխարհի հայ մարդը վճռեց իր ազատութիւնը ապահովել յեղափոխական պայքարով: Յարատեւ կռիւի գիտակցութեամբ, ան խիզախեցաւ բռնութեան դէմ: Ապա եկաւ ժամանակը, երբ ան վճռեց ապահովել ազգին գոյութիւնը եւ նուաճել իր անկախ պետականութիւնը: Հիմա ժամանակն է հայրենիքի գոյատեւելիութեան ապահովման: Այդ ապացուցեց Թալիշը:

Լսելի են որոշ խռպոտ ձայներ, որոնք սակարկութեան նիւթի կը վերածեն մեր ազատագրուած հայրենական հողերը: Սակայն Սարդարապատէն Թալիշ մայիս 28-ի խորհուրդը կը պատգամէ հայրենի հողի իւրաքանչիւր շերտին պահպանումը, որպէսզի հասնինք մեր հայրենիքի գոյատեւելիութեան սրբազան նպատակին: Հայաստանէն ու Արցախէն մինչեւ հայկական սփիւռքի ամէնէն հեռաւոր ափերը, հայ մարդը կը գիտակցի այդ նպատակին, կը պահանջէ զայն, կը մաքառի անոր համար:

Ասիկա է հայրենի հողերուն կեդրոնացման առաջադրանքը: Թալիշէն ետք այլոց համար թիզ մը հայրենի հող իսկ չենք կրնար վերադարձնել: Աւելի՛ն. ի խնդիր հայրենիքի արդար ու ապահով գոյութեան` մենք յաւելեալ հայրենի հողեր ազատագրելու պարտաւորութիւնը ունինք: Գծուած սահմանները հայութեան համար չեն կրնար վերջնական ըլլալ: Հայկական յեղափոխութեան կերտիչ Քրիստափոր Միքայէլեան ներշնչման աղբիւրն է գծուած քարտէսները պատռելով հայրենի հողերու կեդրոնացման, քանի որ «ջնջել է հարկաւոր այն աշխարհագրական ներկերը, որոնք մեզ բաժանում են իրարից, եւ որոնք առհասարակ մշտական չեն, իսկ երբեմն շատ կարճատեւ են լինում»:

Մեր լինելութեան ճանապարհը ճշդուած է մայիս 28-ի ուղիով` Սարդարապատէն Թալիշ, եւ` մինչեւ Նախիջեւան, Կարս, Արտահան ու դեռ աւելի անդին:

 

 

 

Նախորդը

Փրկութեան Լաստը

Յաջորդը

«Սերունդներ, Դուք Ձեզ Ճանաչէք…»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.