Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաստաբան Սեւակ Թորոսեան Ընդունուած Է Միջազգային Պատժական Ատեանին Մէջ

May 27, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

sevag_52616

19 մայիս 2016-ին ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթը հրապարակած էր յօդուած մը, որուն մէջ նշուած էր, թէ փաստաբան Սեւակ Թորոսեան ընդունուած է Միջազգային պատժական ատեանին մէջ, որ չափազանց մանրակրկիտ զտումէ  ետք շթահամարի նման իր համակարգին մէջ կը ներառէ վաստակաւոր փաստաբանները: 650 անդամներէ կազմուած փաստաբաններու, համալսարանականներու եւ մասնագէտներու շարքին այժմ կ՛աւելնայ ֆրանսահայ Սեւակ Թորոսեան` պայքարելու համար աշխարհի ամէնէն ծանրակշիռ ոճիրներուն` պատերազմական ոճիրի, մարդկութեան դէմ ոճիրի, ցեղասպանութեան դէմ: Անխուսափելի հարցումը կը ներկայանայ. «Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողէ մը սերող փաստաբանի մը Միջազգային պատժական ատեան մուտք գործելը բաւական ծանր իմաստ ունի. զո՞վ պիտի պաշտպանէ ան, ոճրագործնե՞րը, թէ՞ զոհերը»: Թորոսեան կը պատասխանէ. «Բոլորը: Բոլորը կը պաշտպանեմ: Որովհետեւ միշտ մէջս ապրած են զոհերը ե՛ւ դահիճները»:

[Սեւակ Թորոսեան, որ ճանչցուած է իբրեւ հանրային ազատութիւնը պաշտպանող յանձնառու փաստաբան, ներկայիս կ՛օժանդակէ «Իւնիոն Տէ Տեմոքրաթ Էնտեփանտան»-ի (Անկախ ժողովրդավարներու միութեան) երեսփոխան` Ֆրանսուա Ռոշպլուանի, զոր ամբաստանած է Ազրպէյճանը, որովհետեւ Ռոշպլուան յայտարարած է, թէ այս երկիրը «ահաբեկչական պետութեան» մը նման կը վարուի:

6 յուլիսին Թորոսեան պիտի պաշտպանէ լրագրող Ժան-Փոլ Նէյը, որ 7 յունուար 2015-ին քողազերծած է «Շարլի Հեպտօ»-ի ահաբեկիչներուն ինքնութիւնը, մինչ ոստիկանութիւնը զիրենք աշխուժօրէն կը փնտռէր]:

Միջազգային պատժական ատեան թափանցելով` Սեւակ Թորոսեան քայլ մը առջեւ կը տանի Հայոց ցեղասպանութեան դատը, սակայն արդեօք կարելի՞ է անտեսել Թորոսեանի խօսքը եւ համազօր նկատել զոհն ու դահիճը:

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Յետաձգեց Ժաննէի Ջրամբարի Եւ Հաղորդակցութեան Մարզի Թղթածրարներուն Քննարկումը

Յաջորդը

«Կարսի Մէջ Հայերու Որս»-ի Կոչ Ուղղած Թուրք Ազգայնամոլը Կը Դատապարտուի

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց,  Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար  Մեծ Կարեւորութիւն Ունի
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց, Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար Մեծ Կարեւորութիւն Ունի

October 17, 2026
ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն  Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ  Մարտահրաւէրները Կը Յամենան
Հայկական

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ Մարտահրաւէրները Կը Յամենան

October 17, 2026
ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Առաջնորդներու Վեհաժողովը
Հայկական

ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Առաջնորդներու Վեհաժողովը

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.