
Նախանցեալ օր երեկոյեան ժամը 6:15-ին, Նապի Շիթի մէջ Հըզպալլայի կողմէ կազմակերպուեցաւ հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան եւ Դիմադրութեան տօնին նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցան հարիւր հազարաւոր լիբանանցիներ:
Այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ ողջունեց վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ Դիմադրութեան եւ հարաւի ազատագրութեան տօնին առիթով ճշդուած պետական արձակուրդի որոշումը` բարձր գնահատելով նաեւ վարչապետին թելադրանքը, որ 26 մայիսին Լիբանանի տարածքին գործող դպրոցներուն մէջ առաջին դասապահերը յատկացուին հարաւային Լիբանանի ազատագրման շուրջ տրուելիք զեկուցումներու:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ շրջանին մէջ տիրող այս տագնապալի իրավիճակին ընթացքին Դիմադրութեան առանցքը պիտի չձախողի, այլ յաղթական դուրս պիտի գայ, իսկ Պաղեստինի դրօշը դարձեալ պիտի ծածանի` նկատի ունենալով, որ պաղեստինեան հարցը պիտի ըլլայ շրջանը յուզող միակ թղթածրարը:
Անդրադառնալով քաղաքապետական ընտրութիւններուն` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ հարաւի բնակիչներուն ոչ ոք կրօնական պարտականութիւն տուած էր` աւելցնելով, որ իրենց իրաւունքն էր իբրեւ Լիբանանի մէջ գործող քաղաքական ուժ կոչ ուղղել իրենց հետեւորդներուն, որ քուէարկութեան ընթացքին յանձնառու մնան Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին միջեւ գոյացած ընտրացանկերուն:
Ընտրական օրէնքին մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ. «Չենք զօրակցիր 1960-ի ընտրական օրէնքին եւ կը պահանջենք զայն փոխարինել կատարեալ համամասնականութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքով մը»:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենք լաւ գիտեն, որ համամասնական դրութեամբ շիի համայնքին մէջ կրնայ յառաջանալ երրորդ կողմ մը, զոր պատրաստ են ընդունելու, որովհետեւ կը հաւատան, որ համամասնական դրութիւնը լաւագոյն ձեւն է արդար ներկայացուցչութեան: Ան նշեց, որ իրենք ամէն իմաստով կը զօրակցին երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու գաղափարին` մերժելով խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը դարձեալ երկարաձգելու տրամաբանութիւնը:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ իրենք պատրաստ են նաեւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու` առանց հարց ունենալու, թէ ո՛ր ընտրութիւնները առաջ կը կատարուին` նախագահակա՞նը, թէ՞ երեսփոխանականը, «որովհետեւ երկու ընտրութիւններն ալ պէտք է կատարել», աւելցուց ան:
Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց Պեքաայի բնակիչներուն վերջ տալու կիրքերուն եւ վրէժ լուծելու գործողութիւններուն, որովհետեւ անոնք կրնան բարդ հետեւանքներ ունենալ ամբողջ Պեքաայի վրայ: «Պէտք չէ Պեքաայի անդորրը խանգարել, իսկ Արսալի շրջակայ գիւղերը Արսալի մէջ կատարուած քաղաքապետական ընտրութիւններուն արդիւնքները պէտք է դրական կերպով ընկալեն: Ճիշդ է, որ վէրքեր կան, սակայն անհրաժեշտ է զանոնք բուժել», շեշտեց Նասրալլա:
Անդրադառնալով հաւատադրժողական ահաբեկչութեան` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի վախճանը մօտալուտ է` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը նորանոր յաղթանակներ պիտի արձանագրէ եւ շրջանը զերծ պիտի պահէ սիոնական ծրագիրներէ եւ հաւատադրժողական սադրանքներէ:


