Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ

September 17, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՓԱՐԻԶԻ ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

ՍԱՐԵԱՆԻ ԶՄԱՅԼԵԼԻ ՆԿԱՐՆԵՐԸ

Ամսոյս 4-էն ի վեր Փարիզի մէջ բացուած է Խորհրդային Միութեան ցուցահանդէսը, որ կը տարածուի 22,000 քառ. մեթրի վրայ:

Ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած են 10 հազարէ աւելի առարկաներ, որոնք կը ցուցադրեն Խ. Միութեան արտադրութիւնները` գիտական, ճարտարարուեստական, արուեստագիտական, հողագործական, մեքենագիտական եւ հիւլէական մարզերուն մէջ: Խ. Միութեան 15 հանրապետութիւններու առօրեայ կեանքը շարժապատկերի պաստառներու վրայ կը ցուցադրուի այցելուներուն:

Երաժշտութեան յատկացուած բաժինին մէջ դրուած է Արամ Խաչատուրեանի մեծադիր նկարը, կողք կողքի խորհրդային երաժիշտ Տիմիթրի Շոսթաքովիչի հետ:

Նկարներու սրահին մէջ բազմաթիւ հին եւ նոր ռուս նկարիչներու գործերու կարգին ցուցադրուած են երկու հոյակապ պաստառներ` Մարտիրոս Սարեանէն: Առաջինը` վարպետին մեծածաւալ իւղաներկ մէկ գործը` «Արագածի պտուղները», նկարուած 1958-ին, իսկ երկրորդը` «Արարատը առաւօտուն», զմայլելի ու գողտրիկ գործ մը, նկարուած 1957-ին:

ՀԱՅ ՔԱՀԱՆԱՆ ԵՒ ԱԼԱՍՔԱՅԻ
ՀՆԴԻԿՆԵՐԸ

Լեւոն Քէշիշեան կը գրէ Նիւ Եորքէն.-

Հայերէնով գրած մեր տպաւորութեանց մէջ, վերջերս Ալասքա մեր այցելութեան առիթով, մոռացութեան տրուած է շատ կարեւոր տեղեկութիւն մը:

Ինչպէս ծանօթ է, Ալասքա ռուսերուն կը պատկանէր, եւ անոնք ծախեցին ամերիկացիներուն 7,200,000 տոլարի:

Հետաքրքրական ու իրաւ: Ալասքայի վերջին ռուսական կառավարիչը հայ մըն էր, իշխան Մաքսուտով: Այս հայ իշխանը իրեն հետ բերած էր նաեւ հայ քահանայ մը` Մակար անունով:

Ռուս ուղղափառ կղերականներ մեծ աշխատանք կը տանէին, որպէսզի Ալասքայի կարմիր հնդիկները ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ անդամ դարձնէին: Ու յաջողեցան. մինչեւ այսօր Ալասքայի բոլոր կարմիր հնդիկները ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյն անդամներ են, որոնք ունին նաեւ ռուս ուղղափառ կարմիր հնդիկ վարդապետներ ու իրենց եկեղեցիները եւ գերեզմանները, որոնց այցելեցի:

Մեր հայ քահանան, օգտուելով իր դիրքէն,  որպէս կառավարիչի հոգեւոր հովիւ, ինք եւս աշխատանք կը տանի, որպէսզի կարմիր հնդիկներ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ անդամ դառնան, եւ այս առիթով կռիւներու մէջ կը մտնէ ռուս ուղղափառ կղերականներու հետ:

Մակար քահանան անշուշտ սխալ քայլի մէջ կը գտնուէր, որովհետեւ Հայ առաքելական եկեղեցին միակ քրիստոնեայ եկեղեցին է, որ միսիոնարութիւն չունի. հայ ծնելու ես, որպէսզի այդ եկեղեցւոյ անդամ ըլլաս:

Իշխան Մաքսուտով կ՛արգիլէ, որ իր քահանան հնդիկները հայոց եկեղեցւոյ անդամ դարձնէ: Այսպիսով կը վերջանայ Մակարի աշխատանքը:

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ ԿՐՏՍԵՐ
ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ

Վերի խորագրով «Հայրենիք» (13 սեպտեմբեր) կը գրէ.-

Երկուշաբթի գիշեր, ժամը 11:00-ին, օդանաւով, Պէյրութէն Պրիւքսելի ճամբով Պոսթըն հասաւ մեծանուն գրագէտ-մանկավարժ ողբացեալ Լեւոն Շանթի թոռը, Սուրէն եւ Զեփիւռ Շանթի զաւակը, եւ դիմաւորուեցաւ Հ. Օ. Միութեան Կեդր. վարչութեան ներկայացուցիչին եւ այլ ծանօթներու կողմէ:

Լեւոն Շանթ ընդունուած ըլլալով ՄԻԹ համալսարանը` եկած է հետեւելու հռչակաւոր  այդ հաստատութեան դասընթացքներուն: Նախկին ճեմարանական մըն է եւ հետեւած է Պէյրութի ֆրանսական համալսարանին գիտական ճիւղին: Ծանօթ է նաեւ անգլերէնի:

Վստահ ենք, որ այս մեծ հաստատութեան մէջ շուտով ուշադրութիւն պիտի գրաւէ իր աշխատասիրութեամբ եւ ուշիմութեամբ:

ՀԱՅՈՒՀԻԻ ՄԸ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Քորիէնթեսի մէջ (Արժանթին) Պէաթրիս Քէօսէեան չորս տարիէն աւարտելէ ետք տեղւոյն պետական երկրորդական առեւտրական վարժարանը, հետագային շարունակած է իր ուսման կատարելագործումը առեւտրական գիտութեանց համալսարանը եւ ստացած է «Քոնթատոր փուպլիք» վկայականը: Ծնած Պուէնոս Այրէս չենկիլերցի ծնողքէ, Պէաթրիս Քէօսէեան ՀՕՄ-ի յիսնամեակին առիթով պատուոյ անդամ արձանագրուեցաւ այս մեծ կազմակերպութեան Լանուսի մասնաճիւղին: Իր եղբայրը` Համբարձում Քէօսէեան, փրոֆեսէօր է արդէն նոյն քաղաքին մէջ (Քորիէնթես), փայլուն կերպով աւարտելէ ետք իր ուսումնական շրջանը:

Նախորդը

Օդերեւոյթ (17 սեպտեմբեր 2011)

Յաջորդը

ԻՍԿ ԵԹԷ ՄՈՑԱՐԹ ԿԻԹԱՌ ՆՈՒԱԳԱԾ ԸԼԼԱ՞Ր…

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.