Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեան. «Յոյսով Ենք` Այս Անգամ Ազրպէյճանը Չի Խորտակեր Միջազգային Հանրութեան Սպասելիքները»

May 19, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

13240628_1363271320365727_38905105005071375_n

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 18 մայիսին Սոֆիայի մէջ ելոյթ ունենալով Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի 126-րդ նիստին, յայտարարած է, որ Հայաստան կը կիսէ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտի տեսակէտը «Ժողովրդավարական անվտանգութեան» հայեցակարգին վերաբերեալ, ըստ որուն, ժողովրդավար երկիրներու պարագային քիչ հաւանականութիւն կայ, որ պատերազմի սկսին: «Ակնյայտ է, որ մենատիրական վարչակարգերը նման երկընտրանքի առջեւ չեն», ըսած է Նալբանդեան` ընդգծելով. «Նման իրավիճակի ականատեսը դարձանք այս տարուան ապրիլի սկիզբը, երբ Ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սկսաւ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններ, որոնց պատճառով բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ եղան, տեղի ունեցան միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումներ»:

Ան տեղեկացուցած է, որ ապրիլի սկիզբը ստեղծուած լարուած իրավիճակը եւ անկէ դուրս գալու ուղիները երկու օր առաջ Վիեննայի մէջ քննարկուած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, որուն ներկայ եղած են Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարները եւ Ֆրանսայի` եւրոպական հարցերով պաշտօնատարը, որոնք կը ներկայացնէին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրները:

«Իրենց միացեալ յայտարարութեան մէջ համանախագահող երկիրները շեշտեցին 1994-1995-ի զինադադարի մասին համաձայնագիրներու անշեղ իրագործման անհրաժեշտութիւնը: Համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ քայլեր ձեռնարկելու անոնց իրականացման մշտադիտարկման եւ դէպքերու հետաքննութեան մեքանիզմի ներդրման, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խմբակի կարողութիւններու յաւելման վերաբերեալ: Այս ամէնը կրնայ ճամբայ հարթել տագնապի լուծման բանակցային գործընթացը վերսկսելու համար», յայտնած է նախարարը:

Իր խօսքը եզրափակելով` Էդուարդ Նալբանդեան ըսած է. «Մինչեւ այսօր Ազրպէյճանը շարունակաբար խափանած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու նման առաջարկները եւ նոյնիսկ  ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւնները:  Յոյսով ենք, որ այս անգամ Ազրպէյճանը չի խորտակեր համանախագահ երկիրներուն յոյսերը, միջազգային հանրութեան սպասելիքները»:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Ետդարձ Կատարած Է Վիեննայի Մէջ Քասփրչիքի Գրասենեակին Առնչութեամբ Գոյացած Համաձայնութենէն

Յաջորդը

Կիրօ Մանոյեան Մեծ Յոյսեր Չունի Հետաքննական Մեքանիզմներուն Առնչուած

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.