Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ՎԵՐՍՏԻՆ Կ՛ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ ԽՈՉԸՆԴՈՏՆԵՐՈՒ

September 16, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան վաւերացուցած ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը երէկ վերստին ենթարկուեցաւ խոչընդոտներու, այս անգամ սակայն խորհրդարանին մէջ:

Խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերու միացեալ նիստին ընթացքին երէկ քննարկուեցաւ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը, որուն մասին Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքի նախագահ Ֆուատ Սինիորա արտասանեց երկար ճառ մը` ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի փոխարէն:

Սինիորա յայտնեց, որ ինք նախապէս արտօնութիւն ստացած է վարչական եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմէն իր տեսակէտը ներկայացնելու` աւելցնելով, որ ինք ստիպուած է մեկնիլ նիստէն, այլ աշխատանքներու բերումով:

Սինիորայի մեկնումէն ետք խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ներկայացնող երեսփոխանները ընդվզում յայտնեցին այդ բեմագրութեան գծով, մինչ խորհրդարանական փոքրամասնութիւնը կազմող ուժերուն երեսփոխանները շարունակեցին ծրագիրին դէմ իրենց մագլցողական յայտարարութիւնները` շեշտելով, որ ան կարեւոր չափանիշներ կ՛անտեսէ եւ ապօրինութիւններով լեցուն է, որովհետեւ անոր գործադրութիւնը կենսոլորտը կ՛ապականէ:

Իր կարգին, Պասիլ յայտնեց, որ կառավարութիւնը բոլոր դիտողութիւնները արձանագրած է:

Ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը ի վերջոյ պիտի վաւերացուի` զարմանք յայտնելով, որ այսօր այդ ծրագիրին դէմ արտայայտուողները նոյն անձերն են, որոնք երէկ կը հաստատէին, որ այդ ծրագիրը իրենց կը պատկանի եւ իրենք մշակած են զայն եւ ոչ թէ նախարար Պասիլը:

Խորհրդարանական յանձնախումբերու փոթորկոտ միացեալ նիստը որոշեց քննարկումը շարունակել յառաջիկայ երկուշաբթի օր, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:

 

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

Յաջորդը

«ԱՌԱՆՑ ՄԵՐ ԶԳԱՍՏՈՒԹԵԱՆ` ԱՄԲՈՂՋ ՇՐՋԱՆԻՆ ԱՊԱԳԱՆ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ Է» ՇԵՇՏԵՑ ՄՈՀԱՄԵՏ ՌԱԱՏ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.