Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ԲԱՆԱԼՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՎԱՐ ԱՌՆՈՒԱԾ ԱՆՕԴԱՉՈՒ ՍԱՐՔԻՆ ԾԱԳՈՒՄԻՆ ԳԾՈՎ

September 16, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ ուղղած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ուսումնասիրելու, թէ արդեօք 12 սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունիի շրջանի Վազգէնաշէն գիւղի մերձակայքը ոչնչացուած ազրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքին հետ կապուած տեսանիւթին մէջ գոյութիւն ունեցող ապացոյցը (սարքին բաժինները արտադրուած են քանատական «Նովաթել» ընկերութեան կողմէ, որ գրասենեակներ ունի նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ) բաւարա՞ր է, որ Միացեալ Նահանգներ հետաքննութիւն կատարեն պարզելու համար Միացեալ Նահանգներու արտահանումներու օրէնքներու հաւանական խախտման դէպքերը:

«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ յանձնախումբը համապատասխան խնդրանքով դիմած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին` հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի, թէ վերոնշեալ սարքի բաժինները արտադրուած են քանատական «Նովաթել» ընկերութեան կողմէ, որ գրասենեակներ ունի նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

«Յարգելի՛ արտաքին գործոց նախարար Քլինթըն, ձեզի կը գրեմ պաշտօնապէս խնդրելով, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ուսումնասիրէ, թէ ազրպէյճանական անօդաչու սարքի ոչնչացման տեսանիւթին մէջ գոյութիւն ունեցող ապացոյցը արդեօք բաւարա՞ր է զէնք-զինամթերքի վաճառքը եւ օգտագործումը կարգաւորող օրէնքներու խախտման դէպքերուն առնչութեամբ հետաքննութիւն սկսելու համար…

Ոչնչացուած սարքին մէկ մասին վրայ կ՛երեւի «Նովաթել» ընկերութեան անունը եւ տարբերանշանը: Այդ ընկերութիւնը, որ կը գործէ Քանատայի մէջ, գրասենեակ ունի նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Թեքսաս նահանգի Հիւսթըն քաղաքին մէջ», կը գրէ յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան` աւելցնելով, որ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը մնայուն կերպով կը սպառնայ օգտագործել իր զինամթերանոցը` Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ պատերազմը վերսկսելու համար:

Նամակին մէջ Հայ դատի յանձնախումբը իր անհանգստութիւնը կը յայտնէ այն առնչութեամբ,  որ Ազրպէյճանի զինուորական գործողութիւններուն մագլցումը, սպառնալիքները, փաստացի նախայարձակումը, ուղղակիօրէն կամ անուղղակի կերպով «կրնան սնունդ առնել ամերիկեան պաշտպանական միջոցներէն»:

 

 

Նախորդը

ԱՐՑԱԽ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՓՐԿԱՐԱՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԸՆԴՈՒՆՈՒԱԾ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍՊԱՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Յաջորդը

ԶՈՀՐԱՊ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.