Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀԱԿԱՌԱԿ ՄԵՐ ԴԷՄ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒՈՂ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐՈՒՆ, ՊԱՂԵՍՏԻՆ 23 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ ՄԱԿ ՊԻՏԻ ԵՐԹԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ԱՊՊԱՍ

September 16, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մահմուտ Ապպաս

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս յայտնեց, որ «հակառակ մեր դէմ գործադրուող ճնշումներուն, Պաղեստին 23 սեպտեմբերին ՄԱԿ պիտի երթայ` պահանջելու համար Պաղեստինի` ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամակցութիւնը»:

Ապպաս նշեց, որ «ՄԱԿ-ին դիմելը կը փաստէ, որ 1967-ին գրաւուած հողը պետութեան մը կը պատկանի եւ Իսրայէլի հաւաստածին նման վիճելի չէ»` աւելցնելով, որ անդամ երկիր մը կը մասնակցի միջազգային բոլոր կառոյցներուն, ներառեալ` միջազգային դատարանին եւ Միջազգային քրէական դատարանին, «բան մը, որ Իսրայէլ ու Միացեալ Նահանգներ չեն ուզեր»: Ան բացատրեց, որ իր ներկայացնելիք դիմումին մէկ օրինակը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը պիտի ստանայ, մինչ երկրորդ օրինակը Ապահովութեան խորհուրդին պիտի ուղարկուի:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահը բացատրեց, որ պաղեստինեան իշխանութիւնը ՄԱԿ-ին կը դիմէ մեկնելով երեք պատճառներէ. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա անցեալ տարի ՄԱԿ-ին մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ 2011-ի սեպտեմբերին կ՛ուզեմ Պաղեստինը իբրեւ պետութիւն տեսնել. պաղեստինեւիսրայէլեան հարցով քառեակը յայտնեց, որ բանակցութիւնները սեպտեմբեր 2011-ին պէտք է աւարտին, եւ վերջապէս` մենք մեզ յանձնառու դարձուցինք պետական կառոյցները հաստատելու եւ այս ամսուան վերջաւորութեան զանոնք պատրաստ դարձնելու»:

Խօսելով բանակցութեանց վերսկսման համար անհրաժեշտ պայմաններուն մասին` Ապպաս ըսաւ, որ «մենք կ՛ըսենք, մեզի տուէք 67-ի սահմանները, բնակեցման դադրեցումն ու բանակցութեանց յստակ ժամկէտ մը եւ կ՛ընդունինք բանակցութեանց վերադառնալ, եւ ասիկա մեր պատմական կեցուածքն է… անոնք նախապայման կը կոչեն, ո՞ւր են նախապայմանները: Կնքուած համաձայնութիւններու համաձայն ոչ ոք կրնայ դիմել միակողմանի քայլերու, որոնք վերջնական լուծումին կ՛ազդեն, եւ ես (պաղեստինեան կողմը) 1995-էն ի վեր եւ մինչեւ հիմա յարգեցի, իսկ ան (իսրայէլեան կողմը) չյարգեց: Ինչ կը վերաբերի 1967-ի սահմաններու եւ բնակեցման դադրեցումի մեր պահանջներուն, անոնք նախապայմաններ չեն»:

Ապպաս ըսաւ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման կը յայտնէ, որ Օսլոյի համաձայնագիրը չեղեալ պիտի նկատէ, «այդ համաձայնագիրը երկկողմանի է եւ կրնայ չեղեալ նկատել, եւ լսեցի անոր խօսքը, թէ դրամական յատկացումները Պաղեստինեան իշխանութեան չփոխանցել կը սպառնայ, ան այդ ալ կրնայ ընել, սակայն այս հարցին մէջ իրաւունք չունի»` աւելցնելով, որ «1967-ի հողին վրայ կառուցուած իւրաքանչիւր կառոյց ապօրինի է»:

Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Տանի Այալոն երէկ Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին զգուշացուց, որ պաղեստինցիներուն կողմէ ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամակցութեան դիմումը պատճառ պիտի դառնայ երկկողմանի համաձայնութեան չեղեալ նկատուելուն:

Այալոն յայտնեց, որ «եթէ պաղեստինցիները այդպիսի միակողմանի որոշում մը տան, այդ մէկը պատճառ պիտի դառնայ կնքուած համաձայնութիւնները չեղեալ նկատելու եւ Իսրայէլը ազատելու իր բոլոր յանձնառութիւններէն, իսկ պաղեստինցիները անոր ամբողջական պատասխանատուութիւնը պիտի կրեն»: Ան մերժեց Իսրայէլի կողմէ առնուելիք հաւանական պատասխան քայլերուն մասին մանրամասնութիւններ փոխանցել:

Միւս կողմէ, Համաս շարժումի ղեկավարներէն Սամի Ապու Զահրի յայտնեց, որ Պաղեստինեան իշխանութեան ՄԱԿ-ին դիմելու քայլերը ձեւական են եւ պաղեստինցի ժողովուրդին ատկէ ձեռք բերելիք շահը միայն ՄԱԿ-ի մէջ ծածանող դրօշ մըն է` նշելով, որ այդ քայլը Իսրայէլին մէկ թիզ հողէ իսկ հեռանալ պիտի չստիպէ:

Զահրի յայտնեց, որ ՄԱԿ-ին դիմելու քայլը Ֆաթհի կողմէ միակողմանի քայլ է եւ այդ հարցով Համասի հետ խորհրդակցութիւն չէ կատարուած: Ան զգուշացուց ձեռք տալէ պաղեստինեան դատի հիմնական սկզբունքներուն, որոնց գլխաւորը տունդարձի իրաւունքն է:

 

 

Նախորդը

ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՃԱԿԱՏԸ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆՆ ՈՒ ԴԱՏՈՒԻԼԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

Յաջորդը

ԻՍՐԱՅԷԼ ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԻՐ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԸ ՏՈՒՆ ԿԸ ԿԱՆՉԷ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.