Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՈՒՔՐԱՆԻԱ ՊԷՏՔ Է ՎԵՐՋ ԴՆԷ ՌՈՒՍԻԱՅԷՆ ԿԱԶԻ ԿԱԽԵԱԼՈՒԹԵԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ՍԱՀԱԿԱՇՎԻԼԻ

September 16, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միխայիլ Սահակաշվիլի

Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի ուքրանական «Սեվոտնիա» օրաթերթին հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Քիեւին խորհուրդ տուած է յոյս դնել միայն ուժանիւթի սեփական հարստութեանց վրայ եւ անոր ներածման այլընտրանքային տարբերակներու վրայ, որովհետեւ «ուժանիւթի հարստութեանց մէկ մատակարարը` մահ է»:

Ան յայտնած է, որ Ուքրանիան ուժանիւթի հարստութեանց հետ կապուած շատ բարդ ժամանակաշրջանի մէջ է, որուն մէջէն Վրաստանը արդէն անցած է, եւ խորհուրդ տուած է ազատիլ այդպիսի կախեալութենէն, որովհետեւ այդ գործօնը դիւրին կերպով շանթաժի համար կ՛օգտագործուի:

«Ներկայիս մենք կազի մէկ մասը կը ստանանք Ռուսիայէն (իբրեւ տարանցման վճար), սակայն նաեւ այլ աղբիւրներ ունինք, ինչպէս նաեւ պահեստի մէջ քանի մը մատակարարներ:  Ռուսիոյ մէջ այդ փորձառութիւնը հաշուի առած են: Հակառակ զինուորական ենթահողին, մեր յարաբերութիւնները աւելի կարգաւորուած ու աշխատանքային են: Ռուսական որոշ ընկերութիւններ կը շահագործեն ուժանիւթային տարրեր, որովհետեւ մենք առանձին այդ մէկը չենք կրնար ընել: Այդ իմաստով Ռուսիայէն կախեալ ենք: Սակայն անիկա նոյնպէս մեզմէ կախեալ է: Նոյնիսկ պատերազմի ժամանակ չենք դադրեցուցած ելեկտրականութեան Ռուսիա արտածումը», ըսած է Սահակաշվիլի:

«Ընդհանրապէս լաւ է, երբ սահմանագիծին կը հասնիս, երբ արդէն կորսնցնելու ոչինչ ունիս: Ստիպուած ես մութ փապուղիէն աւելի արագ դէպի լոյս դուրս գալու», յայտարարած է Վրաստանի նախագահը:

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

Յաջորդը

ԱԼԻԵՒ ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.