Թուրքիոյ եւրոպական հարցերու նախարար Վոլքան Պոզքըր անհաւանական նկատեց առանց այցեգիրի Եւրոպա մուտքի գծով համաձայնութեան գործադրութիւնը Եւրոպական Միութեան հետ: Պոզքըր «անկարելի» նկատեց Եւրոպական Միութեան պահանջած 72 կէտերու բարեփոխման կարելիութիւնը:
Նշեալ բարեփոխումներով Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիայէն կը պահանջէ բարեփոխել ահաբեկչութեան դիմակալման ծիրին մէջ Թուրքիոյ կիրարկած պատժամիջոցները: Արդարեւ, մէկէ աւելի աղբիւրներէ փաստարկուած տեղեկագիրներ հասան ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան պատկան կողմերուն, ըստ որոնց, Թուրքիա խիստ բռնադատութեամբ կը վարուի իր ընդդիմադիրներուն հետ, յատկապէս հարաւարեւելեան եւ Ժիզրէի շրջաններու քրտաբնակ վայրերուն մէջ: Այս ծիրին մէջ, տեղեկագիրներ հասած են, թէ աւելի քան հարիւր մարդիկ ողջ-ողջ հրկիզուած են իբրեւ պատժամիջոց:
ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց հարցերու գերագոյն յանձնակատար Զէյտ Ռաատ Հիւսէյն երէկ կրկին քննադատեց թրքական կառավարութիւնը անոր կիրարկած բռնամիջոցներուն գծով, յատկապէս Ժիզրէի մէջ: Հիւսէյն թրքական իշխանութենէն պահանջեց չխոչընդոտել ՄԱԿ-ի պատկան մարմիններու եւ այլ անաչառ ու անկողմնակալ դէտերու եւ լրագրողներու հսկողութեամբ հետաքննութեան կատարումը նշեալ բռնամիջոցներուն գծով:
Նշենք, որ անցնող մարտ ամսուան ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու Գերմանիոյ վարչապետ Մերքելի հետ համաձայնութիւն մը ստորագրեց, ըստ որուն, թուրքեր առանց այցեգիրի պիտի կարենան «Շենկեն»-ի երկիրներ մուտք գործել, փոխադարձաբար Թուրքիա պիտի գործադրէ Եւրոպական Միութեան առաջադրած նշեալ 72 պայմանները:
Բանավէճը վերջին օրերուն աւելի սուր բնոյթ ստացաւ, յատկապէս վարչապետ Տաւութօղլուի հրաժարման լուրերուն լոյսին տակ: Ըստ դէտերու, Տաւութօղլու կը վարէր «բացուելու» քաղաքականութիւն եւ տրամադիր էր ընդառաջելու Եւրոպական Միութեան պայմաններուն, որոնց կիրարկումը աստիճանաբար պիտի յանգէր 1960-ական թուականներէն ի վեր Թուրքիոյ երազը դարձած` եւրոպական մուտքի ընդունման:
Սակայն նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ վարչապետ Տաւութօղլուի միջեւ վերջերս ծագած տարակարծութիւնը արգելակեց այս համաձայնութեան հեզասահ ընթացքը: Փաստօրէն, նախագահ Էրտողան մէկէ աւելի առիթներով յայտարարած է, թէ ինք կառչած չէ Եւրոպական Միութիւն մուտքին եւ ունի դէպի Արեւելք շրջուելու ընտրանքը: Ըստ Էրտողանի, եւրոպական երկիրներ դիտումնաւոր կերպով կը ձգձգեն ու կ՛արգելակեն այս համաձայնութեան վաւերացումը: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, առանց այցեգիրի եւրոպական երկիրներ թուրքերու մուտքին գծով Թուրքիա 2013-էն ի վեր պաշտօնապէս կատարած է դիմում, որ միշտ կը ձգձգուէր: Այս հարցը կրկին սեղանի վրայ դրուեցաւ սուրիացի գաղթականներու հոսքի կասեցման գծով Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ կատարած դիմումին լոյսին տակ:
Ըստ թուրք պատասխանատու Խէյրէտտին Գարապաճաքլըօղլուի, Էրտողան կարծր կեցուածք կ՛որդեգրէ, սիրաշահելու եւ ներգրաւելու համար թուրք ազգայնական շրջանակները, որոնք կրնան ապահովել Էրտողանի «համակիր» 400 երեսփոխաններ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
Էրտողան, ըստ Խէյրէտտինի եւ այլ մեկնաբաններու, եւրոպական երկիրներն ու Արեւմուտքը կը մեղադրէ «ծայրայեղական խմբակներու ստեղծման, կազմութեան ու զինման» յանցանքով:
Նշենք, որ յառաջիկայ յունիսին նախատեսուող այս պայմանագրութեան վաւերացումը յետաձգուեցաւ հոկտեմբեր ամսուան` Էրտողանի առաջարկով:
Պոզքըր. «Համաձայնագիրը Անել Ճամբու Հասած Է Եւ Պէտք Է Նոր Տարազ Բանաձեւել»

«Թուրքիա անկարելի է որ կիրարկէ Եւրոպական Միութեան առաջարկած 72 կէտերու բարեփոխումը, այս համաձայնագիրը անել ճամբու հասած է, եւ ես լաւատես չեմ մօտալուտ արդիւնքի գծով, պէտք է նոր դասաւորում կամ տարազ բանաձեւել», յայտարարեց Թուրքիոյ եւրոպական հարցերու նախարար Վոլքան Պոզքըր երէկ` ակնարկելով Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ կնքուած համաձայնագիրին, որուն վաւերացման գծով կողմերը տարակարծիք են եւ ցարդ չեն կրցած յանգիլ յարմար լուծման: Ըստ այս համաձայնագիրին, Թուրքիա պիտի կասեցնէ գաղթականներու հոսքը դէպի Եւրոպա` փոխարէնը ստանալով նիւթական օժանդակութիւն, յատուկ առանձնաշնորհումներ եւ զօրակցութիւն: Սակայն Եւրոպական Միութիւնը նաեւ կ՛առաջարկէ Թուրքիոյ բարեփոխել 72 օրէնքներ, յատկապէս` մամլոյ եւ կարծիքի ազատութեան եւ ահաբեկչութեան դիմակալման գծով:
Նշենք, որ Թուրքիա վերջերս յաճախակիօրէն թիրախ դարձաւ քննադատութեանց, յատկապէս երկրին հարաւարեւելեան շրջաններուն քրտաբնակ վայրերուն դէմ իր շղթայազերծած յարձակումներուն պատճառով, որոնք, ըստ կարգ մը փաստարկուած եւ հիմնաւորեալ տեղեկագիրներու, զգալիօրէն կը խախտեն մարդկային իրաւանց օրէնքներու տրամադրութիւնները: Այս ծիրին մէջ դարձեալ խոցելի կը նկատուի այն իրողութիւնը, որ թրքական դատական ատեաններ 1800 դատական հայց յարուցած են մամուլի եւ առնչակից մարզերու անձնաւորութեանց դէմ, 2014-ին, Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախագահ ըլլալէն ի վեր:


