Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՛նչ Արդիւնք Կրնայ Ունենալ Սարգսեան – Ալիեւ Հանդիպումը

May 14, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Aghvan_51316

ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակը կը ջանայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում մը կայացնել 16 մայիսին, Վիեննայի մէջ:

Այս առնչութեամբ եւ նման հանդիպումէ մը ակնկալուած արդիւնքներուն մասին լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով` Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան ըսած է, որ  պատերազմական վիճակէն եւ Ազրպէյճանի նախայարձակումէն ետք հանդիպումի կարելիութիւնը արդէն կարելի է դրական գնահատել` այն առումով, որ միջազգային հանրութիւնը, Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրները փորձեցին հանդիպման առիթ ստեղծել:

«Եթէ այդ հանդիպումը պիտի ծառայէ այն նպատակներուն, որոնք յայտարարուած են նաեւ միջազգային հանրութեան կողմէ, այսինքն` զինադադարի դրութեան պահպանում, վերահսկման մեքանիզմներու ստեղծում, դրութեան խախտման դէպքերու հասցէական գնահատում, ապա, այո՛, ես դրական ակնկալիքներ ունիմ: Բայց եթէ այս հանդիպումը պիտի վերածուի հերթական հանդիպումի, որուն պիտի հետեւի Ազրպէյճանի նոյն քաղաքականութիւնը` ռազմատենչ ու յարձակողական սպառազինման առումով, եւ մենք պիտի յանգինք նոր պատերազմի, բնականաբար,  ես այդ հանդիպումին կողմնակից չեմ», ըսած է Աղուան Վարդանեան:

Ըստ անոր, Հայաստանի ու Մինսքի խմբակի համանախագահներուն վերջին յայտարարութիւններուն մէջ ակնարկութիւն եւ միտում կար այն մասին, որ պէտք է ստեղծել իրավիճակ մը, ուր կը բացառուի զինուորական ուղիով եւ ուժի սպառնալիքով հարցի լուծումը, որովհետեւ խաղաղ լուծման այլընտրանք չկայ, եւ եթէ այդ բոլորին համար ստեղծուին իրաւական հիմքեր ու գործիքակազմեր, ապա այդ հանդիպումը կարելի է ողջունել:

Լրագրող մը հարցուցած է, թէ հոլովոյթին նախապատմութիւնը ինչի՞ մասին կը վկայէ. Աղուան Վարդանեան պատասխանած է, որ նախապատմութիւնը հակառակը կը վկայէ, բայց պատերազմական պայթիւնավտանգ իրավիճակը, որ ստեղծուած է, կը պարտադրէ միջազգային հանրութիւնն ու երեք համանախագահող երկիրները` գտնել այնպիսի գործիքակազմեր, որոնք կը բացառեն զինուորական ուղիով հարցի լուծումը եւ տագնապին լուծումը կը տեղափոխեն բանակցային դաշտ, եւ եթէ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումը պիտի ծառայէ այդ նպատակին, ուրեմն, ըստ պատգամաւորին, իմաստ ունի, բայց եթէ Ազրպէյճան պիտի մերժէ այդ բոլորը, ուրեմն անիմաստ հանդիպում պիտի ըլլայ:

 

 

Նախորդը

Ընկերային Հանդիպում` ՀՅԴ Հայ Դատի Գրասենեակներու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Յաջորդը

Քուէարկե՛նք ՀՅԴ-ի Թեկնածուներուն.

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.