
10 մայիսին ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» գրասենեակին մէջ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ կայացաւ հանդիպում ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու կարգ մը ներկայացուցիչներու հետ:
ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան խօսեցաւ Հայ դատի գրասենեակներու գործունէութեան մասին` նշելով այն առաջնահերթ խնդիրները, որոնց շուրջ այսօր գործունէութիւն կը տանին Հայ դատի աշխարհասփիւռ կառոյցները:
Ուղղուեցան հարցումներ` Հայ դատի գործունէութեան, Ցեղասպանութեան ճանաչման, սփիւռքի հայութեան հայապահպանութեան խնդիրներուն, Նախիջեւանի ու Արցախի հիմնահարցերուն եւ շարք մը այլ հարցերու մասին:


