Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» Քոլեճի Քամերային Երաժշտութեան Դասարաններու Եւ Մենակատարներու Ունկնդրութիւն

May 12, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG-20160505-WA0049

Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 5 մայիս 2016-ի երեկոյեան Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արմէն Ճենտերեճեանի քամերային երաժշտութեան դասարաններու եւ մենակատարներու ունկնդրութիւն: Ներկայ էին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ, Գեղարուեստական դպրոցներու խնամակալութեան անդամներ, ծնողներ եւ երաժշտասէրներ:

IMG-20160505-WA0041Ձեռնարկին սկիզբը Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Աշոտ Ճենտերեճեան դրուատեց աշակերտները, անոնց պատրաստուածութիւնը եւ կոչ ուղղեց` միշտ արժեւորելու հարազատ ու ազգային աւանդներն ու մշակոյթը, որովհետեւ այդպիսով կարելի է երաշխաւորել անոնց շարունակականութիւնը: Ան հաստատեց, որ քոլեճի աշակերտներուն յառաջդիմութիւնը զգալի է, իսկ ասիկա կարելի է պահել հետեւողականութեամբ եւ ժրաջան աշխատանքով:

Ան յատուկ կերպով խօսեցաւ Արմէն Ճենտերեճեանի ի գործ դրած ջանքին, յատկապէս քամերային դասարաններու գործունէութեան մէջ ունեցած մեծ ներդրումին մասին:

Ապա յաջորդաբար ելոյթ ունեցան եւ տարբեր կտորներ նուագեցին հետեւեալ աշակերտները. Սելլա Սվագճեան` «Ռոնտօ»-ն, Կասիա Գրիգորեան` Հախինեանի «Անընդհատ շարժում»-ը, Միքայէլա Պոյաճեան` Էլլերտոնի «Թարանթելլա»-ն, Արամ Քէօթեքլեան` Տանգլայի «Վարիասիոններ»-ը,  Մարիան Արթինեան` Հայտընի «Մենուէտ»-ը, Արին Թաշճեան` Շուպերթի «Սոնաթ թիւ 1»-ը, իսկ Մարիան Արթինեանին ընկերակցութեամբ` Վիվալտիի «Քոնչերթօ a-moll»-ը:

Երաժշտական ունկնդրութիւնը շարունակուեցաւ Նարօտ Սուրճեանի կողմէ նուագուած Հենտըլի «Սոնաթ թիւ 2»-ով, որմէ ետք Նարէ Աշգարեան նուագեց Թարթինի «Սոնաթ g-moll»-ը, Նարօտ Սուրճեան` Քրայզլըրի «Փրելիւտ եւ ալլեկրօ»-ն, Աւօ Տագէսեան, Նարօտ Խտըրլարեան եւ Նիքոլա Սաքըր ներկայացուցին Վէյտիկի «Թրիօ»-ն, Նարէ Աշգարեան` «Ռումանական ժողովրդական պար»-ը, իսկ երեկոն եզրափակուեցաւ վերջինիս եւ Աւօ Տագէսեանի կողմէ հնչած Պախի «Քոնչերթօ d-moll»-ով:

Վերոյիշեալ աշակերտներուն եւ մենակատարներուն նուագակցեցան Կարօ Գրիգորեան, Ալեքս Սուսանի, Նիքոլա Սաքըր, Սէրուժ Յովսէփեան, Հենրի Իշխանեան, Պետիկ Ալեքսանեան, Արեւիկ Սարգիս եւ Յասմիկ Ճուղուրեան:

 

 

Նախորդը

Կարմրախտ-Շառագոյն Տենդ Scarlet Fever

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.