Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանավէճ` Թուրքիոյ Եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ

May 12, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս օրերուն լուռ բանավէճ մը ծայր առած է Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ` ահաբեկչութեան եւ սուրիացի գաղթականներու հարցերուն առնչութեամբ:

Արդարեւ, անցնող օրերուն Եւրոպական Միութիւնը իր անդամ երկիրներուն թելադրած էր սկզբունքով արտօնել թուրքերու առանց այցեգիրի Եւրոպա մուտքը` փոխադարձաբար Թուրքիայէն պահանջելով ընդառաջել բարեկարգումի կարօտ 72 կէտերու սրբագրութիւնը, որոնց կարգին` ահաբեկչութեան դիմակալման գծով Թուրքիոյ որդեգրած բիրտ քաղաքականութիւնը:

Եւրոպական Միութիւնը նախանցեալ օր առկախեց այս գծով Թուրքիոյ հետ նախատեսուող հանդիպում մը, սպասելով Թուրքիոյ պատասխանին:

Թուրք վարիչներ սակայն բուռն կերպով կը մերժեն նման առաջարկ: Արդարեւ, Թուրքիոյ խորհրդարանի տեղեկատուական սպասարկութեան պատասխանատուներէն` Ամրուլլահ Ասրա երէկ «Պի.Պի.Սի.» կայանին կատարած իր յայտարարութեամբ Թուրքիոյ այս կեցուածքը «հիմնաւորեց» երեք պատճառներով` նշելով, որ «Թուրքիա ներկայիս թիրախ դարձած է ահաբեկչական Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ), ՏԱՀԵՇ-ի եւ երկրի ձախակողմեան կազմակերպութեանց կողմէ»: Ան նոյնպէս արդարացուց իր երկրին կեցուածքը խորհրդարանի կարգ մը երեսփոխաններու անձեռնմխելիութեան կարգավիճակի վերացման գծով: Ամրուլլահ  Ասրա ի  նպաստ  ՔԱԿ-ի կողմնորոշուող որակեց ՄԱԿ-ի պատկան պատասխանատուն:

Նման կեցուածքով ելոյթ ունեցած էր նաեւ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերու նախարար Վոլքան Պուզկըր` «անկարելի» նկատելով Թուրքիոյ կողմէ նշեալ 72 կէտերու բաեփոխման քայլ մը: Ան շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դիմակալման գծով  իր երկրին որդեգրած ու կիրարկած քաղաքականութիւնը «լաւագոյնս կը համընկնի» Եւրոպական Միութեան առնչակից չափանիշներուն:

Նշենք, որ վերջին ամիսներուն զինեալ սաստիկ բախումներ տեղի կ՛ունենան Թուրքիոյ զանազան շրջաններուն մէջ , թրքական ապահովական ուժերուն եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալներուն, ինչպէս նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ: Թուրքիա բազմաթիւ քննադատութեանց կ՛ենթարկուի ահաբեկչութեան դիմակալման պատճառաբանութեամբ իր կիրարկած բիրտ ու անմարդկային պատժամիջոցներուն համար: Այս գծով ՄԱԿ-ի պատկան պատասխանատուն իրեն հասած տեղեկութիւններուն հիման վրայ Թուրքիայէն պահանջած էր արտօնել ՄԱԿ-ի պատկան քննիչներուն հետաքննութիւն բանալու այս գծով:

 

Նախորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Իրաքեան Եւ Սուրիական Արուեստի Իւրայատուկ Ցուցահանդէս

Յաջորդը

Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարին Գծով. Էրտողան. «Ոչ Մէկ Պետութիւն Թուրքիոյ Չափ Ճիգ Թափեց»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.