Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (16 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

September 16, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԶԱԿԱՆ

ՀՅԴ «ԽԱՆԱՍՈՐ» ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՔՐՈՍ-ՔԱՈՒՆԹՐԻԻ ՄՐՑՈՒՄԸ

ՀՅԴ «Խանասոր» պատանեկան միութիւնը շատ գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր կազմակերպելու վազքի միջպատանեկան մրցում մը` մասնակցութեամբ ՀՅԴ «Դանիէլ Վարուժան», «Մուրատ», «Զաւարեան», «Ռոստոմ», «Քրիստափոր» եւ «Ազատամարտ» պատանեկան միութիւններուն:

Մրցումի համար մեկնումի վայր որոշուած էր «Ազիրեան» ակումբը եւ վերջաւորութիւն` Թրատի ակումբը: Վազող պատանիները պիտի կտրէին մօտ 5200 մեթր հեռաւորութիւն մը` հասնելու համար վերջաւորութեան:

10 սեպտեմբեր կիրակի առաւօտ:

Պատանի մարզիկները պատրաստ են մեկնումի նշանին: Ժողովուրդը հաւաքուած է «Ազիրեան» ակումբի շուրջ եւ ուրախութեան ու հպարտութեան արտայայտութիւնը աչքերուն` կը դիտէ հաւաքուած այս 14-15 տարեկան պատանիներու խումբը, որ վճռակամ կեցուածքով կը սպասէ:

Մեկնումի նշանը տրուած է: Խումբը գունդի մը պէս յառաջ կը գլորի: Կ՛երկարի ու առաջին անկիւնադարձին կը կորսուի դիտողներու հետաքրքիր աչքերէն:

Կը վազենք Թրատի ակումբը` ուրիշ շատ շատերու հետ: Նոյն եռուզեռը` հոն եւս: Կը սպասենք անհամբեր: Վայրկեանները կը սահին: Ժողովուրդին աչքերը յառած են դիմացի անկիւնադարձին, ուրկէ պիտի երեւայ առաջին մարզիկը: Քանի մը ինքնաշարժ-հեծանիւներ, եւ ահա՛ առաջինը, ուրախ, իր պատանի կուրծքը հպարտօրէն դուրս ցցած, կու գայ պատռել վերջաւորութեան պարզուած եռագոյն ժապաւէնը: Առաջինին կը յաջորդեն երկրորդը, երրորդը… եւ այսպէս` մինչեւ 15-րդ:

Ժողովուրդը ծափերու եւ ուրախութեան աղաղակներու մէջ ակումբ կ՛առաջնորդէ վազողները:

Քիչ վերջ օրուան դատական կազմը կը կարդայ մրցման արդիւնքները.

Գրիգոր Շահինեան (Խանասոր) 20′ 5”,  Պետրոս Միրզոյեան («Ազատամարտ») 20′ 13”, Մհեր Գոճապապեան («Խանասոր») 20′ 35”, Աւետիս Ազատեան («Դանիէլ Վարուժան»), 20′ 45”, Աւագ Աւագեան («Դ. Վարուժան») 20′ 59”, Աւետիս Յակոբեան (Դ. Վարուժան) 21′ 19”:

Խմբական ընդհանուր դասաւորում

«Դանիէլ Վարուժան» Պատ. միութիւն 63′ 3”, «Զաւարեան» պատ. միութիւն 65′ 29”, «Մուրատ» պատ. միութիւն 66′ 30”:

Շնորհաւորելի է «Խանասոր» պատ. միութիւնը այս գեղեցիկ ու գովելի գաղափարը ունեցած ըլլալուն համար:

Մեր գնահատանքի խօսքը կ՛երթայ նաեւ բոլոր պատանեկան միութիւններուն եւ անոնց մարզիկներուն` իրենց տարած աշխատանքին համար, ի նպաստ այս մրցումի յաջողութեան:

Մասնաւորապէս մեր շնորհաւորութիւնը Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեանին, որ իր ունեցած մարզական մեծ փորձառութեամբ նպաստեց մրցումի յաջողութեան:

ՄԻՍԱՔ

Նախորդը

ԼՈԹՕ ԹԻՒ 918 15/09/2011-Ի ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Յաջորդը

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱԽՏԱՃԱՆԱՉՈՒՄԻ ԳԵՂԵՑԻԿ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.