Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պահրէյնի Մէջ. «Աստուածաշունչը Տարբեր Մշակոյթներու Միջեւ Համակեցութիւն Քաջալերող Գիրքն Է» Ցուցահանդէսը

May 11, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Bahrain_32416

Աւելի քան երեք հարիւր ութսուն հրատարակչատուներ` քսան տարբեր երկիրներէ ժամանած, մաս կազմեցին Պահրէյնի թագաւորութեան 17-րդ Միջազգային գիրքի ցուցահանդէսին: Ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ մարտ 24-3 ապրիլ 2016, Պահրէյնի Ազգային թանգարանի մեծ ցուցահանդէսի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ մշակոյթի նախարարութեան:

Աստուածաշունչի ընկերակցութիւնը, պաշտօնական հրաւէրով Պահրէյնի մշակոյթի նախարարութեան, մաս կազմեց այս միջազգային ցուցահանդէսին: Աստուածաշունչի ընկերակցութիւնը առաջին անգամն էր, որ կը մասնակցէր այս ցուցահանդէսին` ըլլալով միակ քրիստոնէական կազմակերպութիւնը: Աստուածաշունչի ընկերակցութիւնը ցուցադրութեան դրած էր տարբեր լեզուներով աւելի քան երկու հարիւր Աստուածաշունչեր, նաեւ փոքր ցուցահանդէս մը ներկայացնելով` Աստուածաշունչը պատմութեան առանցքին, վեր առնելով անոր մշակութային յատկութիւնները եւ տարբեր թարգմանութիւնները: Անոր մասնակցութիւնը ստեղծեց մեծ հետաքրքրութիւն, տեղական մամուլը անդրադարձաւ այս երեւոյթին: Մեծ էր թիւը այցելուներուն, որոնց հետաքրքրութիւնը եւ հարցումները կը կեդրոնանային Աստուածաշունչի բովանդակութեան եւ անոր աստուածաբանական տուեալներուն վրայ: Հետաքրքրական էր տեղացի չափահաս կնոջ մը ակնարկութիւնը: Երբ նայեցաւ Աստուածաշունչերուն եւ անոր կողքին, այլ հրատարակչատան մը տաղաւարին վրայ ցուցադրութեան դրուած Ղուրաններուն, ըսաւ. «Այս մեծ վկայութիւն մըն է Պահրէյնի եւ բոլոր այցելուներուն համար, որոնք կրնան տեսնել, թէ կարելի է միասին ապրիլ»:

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան` Ընդհանուր քարտուղարը Աստուածաշունչի ընկերակցութեան, ունեցաւ յատուկ հարցազրոյց մը Պահրէյնի հեռատեսիլէն: Ան խօսեցաւ Աստուածաշունչի ընկերակցութեան մասին, ինչպէս նաեւ` Աստուածաշունչ մատեանին: «Աստուածաշունչը միայն քրիստոնէական կրօնին գիրքը չէ: Անիկա նաեւ մշակութային գիրք է, որ համակեցութիւն կը քաջալերէ տարբեր կրօններու եւ ժողովուրդներու միջեւ», ըսաւ ան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Պահրէյնի պետութեան, որ կը քաջալերէ միջկրօնական գոյակեցութիւնը եւ հասկացողութիւնը: «Պահրէյնի թագաւորութիւնը այն երկիրն է, ուր տարբեր ժողովուրդներ, մշակոյթներ եւ կրօններ միասին կ՛ապրին համերաշխօրէն: Ներկայ օրերուն մենք պէտք ունինք այս տեսակի օրինակելի համակեցութիւններու», յայտնեց ան:

Նախորդը

Հայաստան

Յաջորդը

Զաւեշտական Ներկայացում Մը` «Խօսքը Մէջերնիս»

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.