Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պէյրութի Եւ Պեքաայի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Արդիւնքները Հերթաբար Սկսաւ Հրապարակել Իր Կայքին Ընդմէջէն

May 10, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

webpage_50916

Պէյրութի, Պեքաայի եւ Պաալպեք-Հերմելի մէջ կիրակի օր տեղի ունեցած քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն արդիւնքները յայտարարելու հոլովոյթին արձանագրած յապաղումին լոյսին տակ, ներքին գործոց նախարարութեան տեղեկատու գրասենեակը երէկ ուշ գիշերին  յայտարարեց, որ Պէյրութի եւ Պեքաայի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն վերջնական եւ պաշտօնական արդիւնքներուն կարելի է հետեւիլ նախարարութեան պաշտօնական կայքէն. www.interior.gov.lb:

Գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, իբրեւ պատասխան ընտրութիւններուն արդիւնքներուն ուշացումներուն մասին արձանագրուած բողոքներուն, նշուեցաւ հետեւեալը. «Ընտրութիւններուն պարագային ներքին գործոց նախարարութեան դերակատարութիւնը կ՛աւարտի, երբ ան քուէատուփերը կը յանձնէ քուէախոյզ յանձնախումբերուն, որոնց կը նախագահեն դատաւորներ»:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ նախարարութիւնը քուէախոյզ յանձնախումբերուն տրամադրած է գումակային բոլոր դրութիւնները` դիւրացնելու համար քուէահամարն ու արդիւնքներու յայտարարութիւնը:

Սակայն կայքին վրայ զետեղուած էին միայն Ռաշայայի եւ Արեւմտեան Պեքաայի արդիւնքները` նկատի ունենալով, որ «Պիել»-ի մէջ տակաւին կը շարունակուէր քուէահամարը:

Ներքին գործոց նախարարութեան կայքը առաւօտեան ժամը 1:00-ին հրապարակեց Զահլէի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրուած անդամներուն անուանացանկը: Անոնք են. Շարլ Սապա, Ալի Խաթիպ, Ժոզեֆ Ժալխ, Սայիտ Ժըտաուն, Թոնի Սմահա, Ռոպեր Ապտայեմ, Անթուան Աքըր, Ասաատ Զղէյպ, Անթուան Ապու Եունես, Ժորժեթ Զաաթար, Սամի Մաարապունի, Փօլին Պալաա, Ժան Արապի, Միշել Ապու Ապպուտ, Ֆիլիփ Մըլհեմ, Ֆատի Սքաֆ, Մահա Մաալուֆ, Ժորժ Տումար, Ղասսան Մըր, Քամիլ Ամուրի եւ Խալիլ Ֆրայժի:

Միւս կողմէ, երէկ գիշեր «Պէյրութը` քաղաքս» ընտրական ցանկին զօրակիցներ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին ներքին գործոց նախարարութեան մուտքին` բողոքելով ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած օրինազանցութիւններուն դէմ:

Սաատ Հարիրի

saad_hariri_50916

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ շնորհաւորեց լիբանանցիները` անոնց կատարած ժողովրդավարական եւ պատուաբեր ընտրութիւններուն համար, որոնք կայացան Պէյրութի, Պեքաայի եւ յատկապէս Արսալի մէջ:

Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանէն կատարած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Հարիրի իր խօսքը ուղղելով «Պէյրութը` քաղաքս» ընտրացանկին քուէարկողներուն ըսաւ. «Դուք Պէյրութը բաղկացնող հիւսուածքին մաս կը կազմէք եւ ժողովրդավարական աշխատանք իրագործած էք: Դուք մեր երազներուն եւ ձգտումներուն նման էք»:

Հարիրի ողջունեց «Պէյրութցիներու ցանկը»` շեշտելով, որ ինք իր անձը կը զետեղէ բոլորին տրամադրութեան տակ` անոնց ծառայելու նպատակով:

Զօր. Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ ընտրելով կուսակցութիւններու համախոհութեան ընտրացանկը, այսուհետեւ Զահլէ ամբողջ Լիբանանի մէջ տարածուած շրջան մը կը նկատուի:

Միւս կողմէ, զօր. Աուն կոչ ուղղեց կիրակի, 15 մայիսի ընտրութիւններուն Ժունիէի համար ընտրելու Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրացանկը, որուն կը նախագահէ Ճոն Հպէյշ:

Շէյխ Նայիմ Քասեմ

nayim_kasem_50916

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Պաալպեքի եւ Պրիթելի մէջ «Բարգաւաճում եւ հաւատարմութիւն» ընտրացանկերը ամբողջական յաղթանակ արձանագրած են: Ան աւելցուց սակայն, որ կարգ մը գիւղաքաղաքներու պարագային «Բարգաւաճում եւ հաւատարմութիւն» ընտրացանկերուն թեկնածուներուն պարագային արձանագրուած են խախտումներ, որոնք թիւով վեց են:

«Սակայն այս բոլորով հանդերձ, քաղաքապետարանները պիտի գործեն Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի հովանաւորութեամբ, եւ այս իրականութիւնը մեզի համար համազօր է ամբողջական յաղթանակի», ըսաւ Քասեմ:

Ժամալ Այթանի

Պէյրութի քաղաքապետական ընտրութեան համար առաջադրուած եւ յաղթանակ արձանագրած «Պէյրութցիներու ցանկ»-ի նախագահ Ժամալ Այթանի նախանցեալ օր առաւօտեան ժամը 2:00-ին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ յայտարարեց «Պէյրութցիներու ցանկ»-ին յաղթանակը:

Այթանի յայտնեց, որ բոլորը պէտք է միասնաբար գործեն` ի նպաստ Պէյրութի շահերուն, աւելցնելով բոլորին հետ գործելու իր պատրաստակամութիւնը:

Էլի Մարունի

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի իր կարգին շեշտեց, որ հակառակ կաշառքին ու ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած շարք մը հարցերուն, Զահլէի մէջ ազատ կամքը յաղթանակ արձանագրեց: Ան նշեց, որ Ասաատ Զղէյպի նախագահած «Զահլէի բարգաւաճում» ընտրացանկը, որ կազմուած էր քրիստոնեայ քաղաքական ուժերու համախոհութեամբ, յաղթական դուրս եկած է:

Շարպել Նահհաս

Նախկին նախարար Շարպել Նահհաս խստիւ դատապարտեց քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած ընտրակաշառքի դրութիւնը` հաստատելով, որ լիբանանցին կը գտնուի անարդար եւ ձախող իշխանութեան եւ պետական վարչակազմի դիմաց:

Միւս կողմէ, Նահհաս յայտարարեց, որ «Պետութեան մէջ ապրող քաղաքացիներ» ընտրացանկի անդամ Ղատա Ղանեմ Սաղպինի մէջ յաղթանակ արձանագրած է:

 

 

 

Նախորդը

Պըրրի Նախագահեց Ընտրական Օրէնքի Մշակման Խորհրդարանական Միացեալ Յանձնախումբերու Նիստին

Յաջորդը

Թուրքիոյ Ուժանիւթի Նախարարը Հայաստանի Հիւլէական Կայանին Դէմ Բողոքելու Կոչ Կ՛ուղղէ Թուրքերուն

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.