Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ բացումը ըրաւ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցող Սուտանի մէջ ներդրումներ կատարելու համագումարին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Սուտանի նախագահի խորհրդատու Մուսթաֆա Օսման Իսմայէլ:
Համագումարին ընթացքին Վ. Սապունճեան մաղթեց, որ Սուտանի կառավարութիւնը դիւրութիւններ ընծայէ լիբանանցի գործատէրերուն` ներդրումներ կատարելու Սուտանի մէջ, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւն մը ստորագրուի Սուտանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան եւ Լիբանանի փոխադրութեան հարցերու նախարարութեան միջեւ, որպէսզի փոխադարձ թռիչքներ կատարուին:
Նախարար Սապունճեան մաղթեց, որ սուտանցի եւ լիբանանցի պետական պաշտօնատարներուն միջեւ փոխադարձ այցելութիւններ կատարուին, ինչպէս նաեւ կարելի ըլլայ երկու երկիրներուն միջեւ զբօսաշրջութեան մարզը բարելաւել:


