Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիա Կը Պնդէ Թուրք-Սուրիական Սահմանի Փակումին Վրայ. «Յառաջիկայ Ժամերուն Հալէպի Մէջ Կրնայ Զինադադար Հաստատուիլ» Կ՛ըսէ Լաւրով

May 4, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Lavrov-de-Mistura_50316

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ յառաջիկայ ժամերուն Հալէպի մէջ կրնայ զինադադար հաստատուիլ:

«Այժմ կ՛աւարտի ռուս եւ ամերիկացի զինուորականներու միջեւ Հալէպ քաղաքին մէջ կրակոցի դադրեցման վերաբերեալ յայտարարութեան շուրջ համաձայնութեան գոյացումը: Յոյսով եմ, որ ամէնէն մօտ ժամանակին, նոյնիսկ յառաջիկայ ժամերուն պիտի յայտարարուի այդ որոշումը», ըսած է ան:

«Այս օրերուն երկու երկիրներու զինուորականներու ջանքերուն շնորհիւ քանի մը օրով զինադուլ սահմանուած է Լաթաքիոյ եւ Ղութայի արեւելեան մասին մէջ. մեր բոլորիս` մեր, ամերիկացիներուն եւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն հասարակաց նպատակը այն է, որ երկարաձգենք այդ դրութիւնը եւ զայն դարձնենք անժամկէտ», ընդգծած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Լաւրով յայտնած է, որ Ռուսիա կը պնդէ թուրք-սուրիական սահմանի փակման վրայ, որուն միջոցով սպառազինութիւն եւ զինեալներ կը մատակարարուին ահաբեկիչներուն:

«Մենք նաեւ ընդգծած ենք սպառազինութեան եւ զինեալներու մատակարարման ուղիները փակելու անհրաժեշտութիւնը: Այդ կապակցութեամբ Ռուսիան առաւել հրատապ խնդիր կը նկատէ փակումը թրքական սահմանին, որուն միջոցով այդ տարանցումը աւելի եւ շատ աշխուժօրէն կ՛ընթանայ», ըսած է Լաւրով:

Ըստ անոր, յառաջիկայ օրերուն պէտք է հրապարակուի ահաբեկիչներուն ցուցաբերուող որեւէ օժանդակութեան կասեցման վերաբերեալ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի հերթական զեկուցումը: «Մենք մեծապէս յոյս ունինք, որ ՄԱԿ-ի քարտուղարութեան մէջ գոյութիւն ունեցող այն փաստերը, թէ թուրք-սուրիական սահմանը ինչպէ՛ս կ՛օգտագործուի ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցելու համար, իրենց արտացոլումը պիտի գտնեն զեկուցումին մէջ», ըսած է ան:

Լաւրով նաեւ ընդգծեց, որ Ռուսիան բարձր կը գնահատէ սուրիական տագնապի լուծման նպատակով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի` Սուրիոյ խնդիրով յատուկ բանագնաց Սթեֆան տը Միսթուրայի գործադրած ջանքերը:

«Կ՛ողջունենք ձեր ջանքերը, զանոնք բարձր կը գնահատենք», ըսած է ան` աւելցնելով. «Կը կարծենք, որ ատիկա շատ կարեւոր ներդրում է գործին մէջ շարժելու բոլոր այն ուղղութիւններով, որոնք նշուած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն մէջ»:

Իր կարգին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ պատուիրակը անհրաժեշտ կը նկատէ Սուրիոյ մէջ կրակոցի դադրեցման դրութեան պահպանման աւելի յուսալի գործիքակազմի մշակումը:

«Քանի մը օր առաջ ես ամփոփեցի Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած միջսուրիական բանակցութիւններու հերթական փուլի արդիւնքները: Ես կոչով դիմեցի Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն` իբրեւ Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խումբի նախագահներու եւ մարտական գործողութիւններու դադրեցման դրութեան հոլովոյթի գլխաւոր հովանաւորներու, եւ յորդորեցի կողմերը` կարելի ամէն ինչ ընելու եւ օգնելու այդ հոլովոյթը վերադարձնելու անհրաժեշտ հուն», ըսած է տը Միսթուրա:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

«Չենք Ընդունիր Լուսանցքայնացուիլ, Եւ Մեր Իրաւունքն Է Մասնակցիլ Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութեանց» Յայտարարեց Սեւակ Յակոբեան

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.