ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր բարեկամները ձեզի վերապահած են անակնկալ մը: Միասնաբար պիտի ունենաք հաճելի ժամանց:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հաշուեկշիռ մը պիտի ընէք, որ բաւական դրական արդիւնք մը պիտի տայ: Օրուան անցուդարձերը նկատառելի են` շնորհիւ ձեր խոհեմութեան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հանգիստ եւ ինքնաքննութիւն թոյլ պիտի տան ձեզի` ըլլալու աւելի գործնական եւ ճշգրիտ: Ուրախ օր մը պիտի ապրիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի զգաք, թէ ձեզի օգնող անձեր կան: Վստահեցէք անոնց: Փոխարէնը ձեր կարգին ցուցաբերեցէք ազնիւ վերաբերմունք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Աշխատանքի պահուն գիտցէք ըլլալ համբերող, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի առեւտուրի: Թոյլ տուէք, որ հարցերը կարգադրուին ինքնաբերաբար: Զբաղեցէք ուրիշներու հարցերով:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեռային աշխատանք մը կամ գնումի համար տունէն ելլել պիտի լեցնէ ձեր օրը: Գոհունակութեամբ պիտի քնանաք, որովհետեւ կատարած էք օգտակար եւ հաճելի գործեր:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ընտանեօք մարզանքի պիտի նուիրուիք: Երիտասարդները յառաջդիմութիւն պիտի ունենան մեծերուն դիմաց: Օրը հաճելի պիտի անցնի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Որպէսզի ընտանիքը միանայ, պէտք է ներկայացնէք ձեր առաջարկները: Միասնականութիւնը հաճելի տրամադրութիւն պիտի ստեղծէ բոլորին համար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընտանեօք պիտի փափաքիք հետեւիլ արուեստի կամ թատրոնի: Առիթը պիտի ունենաք ներկայ ըլլալու ձեր սիրած մէկ ձեռնարկին, որ գոհունակութիւն պիտի պատճառէ ձեզի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Լաւ պիտի ըլլայ, եթէ քննութեան ենթարկէք ձեր աշխատանքը, հետեւաբար, կարգադրեցէք առօրեային պահանջները: Պիտի աշխատիք աշխուժութեամբ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Այսօր պիտի կարենաք մէկ կողմ դնել ձեր զբաղումները. հետեւաբար պիտի կարենաք ունենալ հիանալի ժամանաց մը ձեր բարեկամներով: Օրը պիտի անցնի սքանչելի տրամադրութեամբ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի կարենաք գտնել տեղական այնպիսի ապրանքներ, որոնք անգտանելի են մեծ վաճառատուներու մէջ: Հետաքրքիր եղէք ձեր հարազատներուն նկատմամբ: Գոհ պիտի մնաք:
